Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ալիեւի Յայտարարութեան Վերաբերեալ Նամակ Մը Յղեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահող Երկիրներու Եւ ԵԱՀԿ-ի Նախագահող Երկրի Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նամակ մը յղեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի եւ ԵԱՀԿ-ի նախագահող երկրի` Լեհաստանի դեսպաններուն` անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութեան, որուն մէջ ան մասնաւորաբար նշած էր, որ համանախագահները «պէտք է գիտնան, որ իրենք այլեւս պիտի չզբաղին Ղարաբաղի հարցով, որովհետեւ մենք ատիկա պիտի չարտօնենք»: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը...

Հաղորդագրութիւն.  Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 107-Ամեակի Ոգեկոչման Մարմինի Հանդիպումը Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 107-Ամեակի Ոգեկոչման Մարմինի Հանդիպումը Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Շաբաթ, 22 յունուար 2022-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման մարմինը այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հանդիպման ընթացքին մարմինը վեհափառ հայրապետին ներկայացուց 2022-ի ապրիլեան ձեռնարկներու ծրագիր-նախագիծը` խնդրելով վեհափառ հօր հովանաւորութիւնը: Հաւատարիմ մնալով Համազգայինի տասնամեակներու տեսլականին եւ առաքելութեան` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը այս տարի կը ձգտի Հայոց ցեղասպանութեան անդրադառնալ քննական-վերլուծական բնոյթ կրող ձեռնարկով մը: Ձեռնարկ-սեմինարին նիւթն է` «Յետցեղասպանութեան ստեղծարարութիւնը`...

«Սփիւռքի Վերակազմակերպումը Անյետաձգելի Հրամայական Է»  Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Սփիւռքի Վերակազմակերպումը Անյետաձգելի Հրամայական Է» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սփիւռքի մասին խօսիլը այսօր տարօրինակ երեւոյթ մը չէ, այլ` բնական, որովհետեւ սփիւռքը տագնապի մէջ է: Ինչո՞ւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2022-ը «Սփիւռքի տարի» հռչակեց: Նման հռչակում կատարելու համար վստահաբար եւ բնականաբար վեհափառը լուրջ պատճառներ ունէր: Կաթողիկոսին բնորոշումով, սփիւռքը սկսած է ծաւալիլ ու տարածուիլ: Հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը սփիւռքի մէջ է: Սփիւռքը սկսած է մաշիլ ու գունաթափիլ: Սփիւռքը սկսած է անտարբեր ըլլալ...

Արմէն Սարգսեան. «Արցախեան Պատերազմին  Եւ Անոր Փառապսակը Հանդիսացող Շուշիի Ազատագրման  Ժամանակ Յաղթեց Հայաստանի, Արցախի  Եւ Սփիւռքի Մեր Միասնական Ուժը»

Արմէն Սարգսեանը Որոշեց Հրաժարական Տալ Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնէն

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը երէկ յայտնեց, որ որոշած է հրաժարական տալ իր պաշտօնէն: Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն: Նախագահ Արմէն Սարգսեանի յայտարարութեան մէջ նշուած է. «1990-ականների սկզբին աշխարհաքաղաքական մեծ փոփոխութիւնների հետեւանքով մեր ժողովրդին մեծագոյն հնարաւորութիւն ընձեռուեց ստեղծել իր անկախ պետութիւնը: Մեր առաքելութիւնը ոչ թէ մի դրօշը մէկ ուրիշով փոխարինելն էր, այլ` կառուցել երկիր, որը դարեր անց վերստին...

Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային  Զօրակցութիւնը Կը Շարունակուի

Այսօր` Կառավարութեան Նիստ, Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Առցանց Բանակցութիւններ Եւ Հարիրիի Պաշտօնական Կեցուածք

Իր աշխատանքներուն եռամսեայ արգելակումէն ետք կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին առաջին անգամ ըլլալով նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 2022-ի պետական ամավարկը, ինչպէս նաեւ 56 այլ կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Նախարարաց խորհուրդի նիստը գումարելու նախօրեակին, այլ խօսքով` շաբաթավերջին հնչեցին մեծ թիւով կեցուածքներ, որոնք կը վերաբերէին պետական ամավարկին: Այդ կեցուածքները ամբողջութեամբ կը քննադատէին ամավարկը, որ ըստ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Առցանց Հանդիպում Ունեցաւ Թեմակալ Առաջնորդներուն Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Առցանց Հանդիպում Ունեցաւ Թեմակալ Առաջնորդներուն Հետ

Ուրբաթ, 21 յունուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շուրջ երկու ժամ առցանց հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն հետ: Վեհափառ հայրապետը թեմակալ առաջնորդները տեղեակ պահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անոր թեմերուն առնչուած ընդհանրական ծրագիրներուն ու կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Ան յատկապէս շեշտեց «Սփիւռքի տարուան» առիթով գործնական նախաձեռնութիւններու դիմելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ 1 յուլիսին Միւռոնօրհնէքին եւ...

Ակնարկ.   Միջանցքներ, Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցուած Թղթածրարներ

Ակնարկ. Միջանցքներ, Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցուած Թղթածրարներ

9 նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեան 3-րդ եւ 9-րդ կէտերու վերընթերցումը զուգահեռային գիծեր կը ներառէ եւ կ՛առնչուի այսօր ընթացող Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացին: 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 3-րդ կէտը կ՛արձանագրէ. «Լեռնային Ղարաբաղում շփման գծի երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով տեղակայւում է Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբ, այդ թւում` հրաձգային զէնքով զինուած 1960 զինծառայող, 90 զրահամեքենայ, 380 միաւոր աւտոմոպիլային եւ յատուկ տեխնիքա»: Իսկ 9-րդը` «Տարածաշրջանում բոլոր...

Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Երեւան Քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը

Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Երեւան Քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը

Երէկ` ուրբաթ, 21 յունուար 2022-ին, Երեւան այցելեց Եւրոպական Միութեան խորհուրդին մէջ ֆրանսական նախագահութեան ներկայացուցիչ Իզապել Տիւմոնի եւ Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի գլխաւորած առաքելութիւնը: Անոնք հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան հայ-ազրպէյճանական սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի շուտափոյթ մեկնարկն...

Քոփիրքին. «Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Ջանքեր Գործադրել Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ուղղութեամբ»

Քոփիրքին. «Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Ջանքեր Գործադրել Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ուղղութեամբ»

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան գործընթացին Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան 21 յունուարին ընդունած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը: «Կողմերը բարձր գնահատած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւնները եւ կարեւոր նկատած անոնց շարունակական զարգացումը: Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Իբրեւ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան գործընթացին մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ` Ռուբէն Ռուբինեանը երախտագիտութիւն յայտնած է...

Արմէն Ռուստամեան. «Այսօր Մեր Աչքին Առջեւ Կ՛իրականացուի Համաթուրանական Ծրագիրը»

Արմէն Ռուստամեան. «Այսօր Մեր Աչքին Առջեւ Կ՛իրականացուի Համաթուրանական Ծրագիրը»

«Ակնյայտ է, որ Հայաստանը յայտնուած է աշխարհաքաղաքական վերադասաւորումներու յորձանուտի մը մէջ, եւ մեր մտահոգութիւնները աւելի առարկայական կը դառնան այն իմաստով, որ եթէ չունիս յստակ հայեցակարգ, չկան «կարմիր գիծեր» թէ՛ հայ-թրքական եւ թէ՛ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու մէջ, շատ վտանգաւոր է մտնել գործընթացի մը մէջ, ուր Հայաստանը մինակ է երկու կողմի` թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին հետ», «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի...

Կիրօ Մանոյեան. «Թուրքիոյ Համար Այս Պահուն Կարեւորը Ոչ Թէ Բանակցութեան Արդիւնքն Է, Այլ Բանակցութիւնը` Իբրեւ Գործընթաց»

Կիրօ Մանոյեան. «Թուրքիոյ Համար Այս Պահուն Կարեւորը Ոչ Թէ Բանակցութեան Արդիւնքն Է, Այլ Բանակցութիւնը` Իբրեւ Գործընթաց»

Երէկ` հինգշաբթի, 20 յունուարին, «Հրապարակ Թի.Վի.» առցանց կայանի հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Քննարկուած են վերջին օրերուն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ` ներկայացուցիչներուն մակարդակով բանակցութիւններու շարժառիթներու, գործընկեր երկիրներու մէջ անոնց արձագանգի եւ հաւանական զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: Կիրօ Մանոյեանի կարծիքով` այս փուլին Թուրքիոյ համար աւելի կարեւոր է ոչ թէ բանակցութեան արդիւնքը, այլ...

ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  «Ազրպէյճանը Կ՛աջակցի Հայաստանի Հետ Սահմանազատման Հոլովոյթի Առանց Որեւէ Նախապայմանի Մեկնարկին» Կ՛ըսէ Պայրամով

ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Ազրպէյճանը Կ՛աջակցի Հայաստանի Հետ Սահմանազատման Հոլովոյթի Առանց Որեւէ Նախապայմանի Մեկնարկին» Կ՛ըսէ Պայրամով

Ազրպէյճան կ՛աջակցի Հայաստանի հետ սահմանազատման հոլովոյթի առանց որեւէ նախապայմանի մեկնարկին: Կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Այս մասին, ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան, ըսած է երկրի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով` Վիեննա կատարած այցելութեան ընթացքին ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտթի հետ հանդիպումի ժամանակ:  

Նախագահ Աուն. «Երկխօսութեան Կառչած Կը Մնանք, Իսկ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Պիտի Կատարուին»

Նախագահ Աուն. «Երկխօսութեան Կառչած Կը Մնանք, Իսկ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Պիտի Կատարուին»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմը`  գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերիի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ տնտեսական եւ ելեւմտական ծանր տագնապի տակ գտնուող Լիբանանը, որ կը տառապի երկրին մէջ որդեգրուած ելեւմտական եւ տնտեսական ձախող գործելաոճին պատճառով, ենթակայ դարձած է աւելի սուր տագնապի մը` «Քորոնա» համաճարակին եւ...

«Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ Արդարութեան Համար». Պոլսոյ Մէջ Ոգեկոչած Են Հրանդ Տինքի Սպանութեան 15-րդ Տարելիցը

«Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ Արդարութեան Համար». Պոլսոյ Մէջ Ոգեկոչած Են Հրանդ Տինքի Սպանութեան 15-րդ Տարելիցը

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթի նախկին խմբագրութեան մօտ` ճիշդ այնտեղ, ուր 15 տարի առաջ սպաննուեցաւ պոլսահայ մտաւորական, պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքը, 19 յունուար 2022-ին յիշատակի ձեռնարկ կազմակերպուած է: Այս տարի եւս ելոյթով հանդէս եկած է մտաւորականին կինը` Ռաքել Տինքը, որ նշած է. «15 տարի եղաւ, որ թիկունքէդ արձակուած կրակոցները քեզ հեռացուցին մեզմէ: Ձայնդ դեռ ականջիս մէջ է:...

Միրզոյեան. «Նախատեսուած Է Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Շրջանային Այցելութիւն»

Միրզոյեան. «Նախատեսուած Է Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Շրջանային Այցելութիւն»

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում յստակ ամիսով եւ վայրով այս պահուն նախատեսուած չէ, նախատեսուած է համանախագահներու շրջանային այցելութիւն: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան` Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան անդամներուն հետ հարցուպատասխանին` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք յառաջիկային օրակարգի վրայ կա՞յ համանախագահութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց...

Ազրպէյճան «Նեղացած Է» Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարի Խօսքերէն

Ազրպէյճան «Նեղացած Է» Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարի Խօսքերէն

Ազրպէյճան Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի` Ալիեւի վերաբերեալ յայտարարութիւնը կը նկատէ «դիւանագէտին ոչ յարիր»: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Ֆրանսայի եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական վիճաբանութիւնը կը շարունակուի: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս արձագանգած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի այն խօսքին, թէ Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու Վալերի Փեքրեսի վերաբերեալ Ազրպէյճանի նախագահին օգտագործած բառերը «անընդունելի են»: Ազրպէյճան...

Երկուշաբթի Օրուան Կառավարութեան Նիստին Ընդառաջ.  Կացութեան Բարելաւման Ճիգերը Խոստմնալից Քայլերով Կ՛աշխուժանան

Երկուշաբթի Օրուան Կառավարութեան Նիստին Ընդառաջ. Կացութեան Բարելաւման Ճիգերը Խոստմնալից Քայլերով Կ՛աշխուժանան

Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին եռամսեայ «դադարէ» ետք կառավարութիւնը վերսկսի իր ընթացիկ ժողովներուն` փորձելով իր բնականոն հունին վերադարձնել երկրի պետական թէ վարչամեքենայի գրասենեակներու գործունէութիւնը: Կառավարութեան գործունէութեան վերաշխուժացման այս քայլը անմիջական արդիւնքն էր Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի միացեալ հաղորդագրութեան, ուր անոնք կը յայտարարէին, թէ որոշած են, որ զիրենք ներկայացնող նախարարները կը վերադառնան նախարարաց խորհուրդի նիստերուն` միաժամանակ հիմնաւորելով այս քայլին պատճառները: Այս...

Միութիւններու Եւ Քաղաքապետութիւններու Մէջ Արհեստագիտական Գրասենեակներու Հաստատութենականացման Միջոցները

Միութիւններու Եւ Քաղաքապետութիւններու Մէջ Արհեստագիտական Գրասենեակներու Հաստատութենականացման Միջոցները

Երեքշաբթի, 18 յունուար 2022-ի առաւօտուն,  Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան»-Եռագոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գործունէութեան մասին քննարկում մը «Միութիւններու եւ քաղաքապետութիւններու մէջ արհեստագիտական գրասենեակներու հաստատութենականացման միջոցները» խորագիրով` ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ ՄԱԿ-ի պատկան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն: Ձեռնարկի կազմակերպման կոչ ուղղած էին Եւրոպական Միութեան եւ ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարներու միաւորը (Եու. Էն. Հապիթաթ): Նաեւ ներկայ էին Սուրի եւ...

Երեսփոխան Բագրատունի «Էմ. Թի. Վի.»-ին Կը Բացայայտէ ՀՅԴ-ի Ընտրական Ուղղուածութիւնը

Երեսփոխան Բագրատունի «Էմ. Թի. Վի.»-ին Կը Բացայայտէ ՀՅԴ-ի Ընտրական Ուղղուածութիւնը

ԿԱՊՐԻԷԼ ՄԸՐԱՏ ՀՅԴ-ն ի՞նչ աշխատանքի մէջ է: Հարցում մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին` մեկնելով իր դաշինքներէն, որոնք ցուցանիշներ կը նկատուին անոր մասնակցած ընտրաշրջաններուն մէջ արձանագրուելիք արդիւնքներուն: Սակայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս շրջանին լուռ է, նոյնիսկ եթէ անոր մեքենաները կը գործեն ծառայողական եւ քաղաքական մակարդակներով: 1890-ին հիմնուած կուսակցութիւնը կը նկատուի լիբանանահայութեան մեծագոյն ներկայացուցիչը, սակայն ժողովրդային եւ քաղաքական այս ծանրութիւնը...

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Անընդունելի Նկատեց Ազրպէյճանի Կողմէ Վալերի Փեքրեսի Նկատմամբ Վերաբերումը

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Անընդունելի Նկատեց Ազրպէյճանի Կողմէ Վալերի Փեքրեսի Նկատմամբ Վերաբերումը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան անընդունելի նկատեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կեցուածքը` Ֆրանսայի Իլ տը Ֆրանս կեդրոնական շրջանի ղեկավար, Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածու Վալերի Փեքրեսի հասցէին: Ըստ «Նուվել Տ՛արմենի»-ին, այս մասին նախարարը խօսած է խորհրդարանին մէջ` երեսփոխաններուն հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին: Ժան Իվ Լը Տրիան հաստատեց, որ Ալիեւի յայտարարութիւնները ձեւով եւ բովանդակութեամբ անընդունելի...

Page 324 of 797 1 … 323 324 325 … 797

Արխիւներ