Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոչ Կառավարական «Եուհանիթըր» Եւ «Նապըը» Կազմակերպութիւններու Երախտիքը` Պուրճ Համուտի Քաղաքապետին

Մարտ 24, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք միջազգային եւ տեղական ոչ կառավարական բարեսիրական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ իրենց օգնութեան ձեռքը երկարեցին Լիբանանի տագնապահար ժողովուրդին: Անոնցմէ շատերը առ այսօր իրենց ներդրումը կը բերեն ժողովուրդին կեանքը բարեկարգելու աշխատանքներուն:  Մեծաթիւ կազմակերպութիւններ համագործակցաբար կատարեցին իրենց աշխատանքը շրջաններու պատասխանատու մարմիններուն հետ, որոնք իրենց կարգին դիւրութիւններ տուին` մարդկային անոնց առաքելութեան հեզասահ ընթացք տալու եւ անոնց օգնութիւնները թիրախաւորելու համար:

Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ միջնորդի այդ դերը ստանձնած էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը, որ` համակարգելով այդ կազմակերպութիւններուն գործերը, ուղղութիւն ճշդեց եւ համագործակցաբար ծրագիրներ մշակեց:

Առ այդ, երեքշաբթի, 22 մարտ 2022-ին «Քարամնա» ճաշարանին մէջ մտերմիկ հանդիպման մը ընթացքին գերմանական ոչ կառավարական «Եուհանիթըր» եւ լիբանանեան «Նապըը» կազմակերպութիւնները յուշանուէրներով պարգեւատրեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը:

Անդրադառնալով երեք տարուան կեանք ունեցող իրենց համագործակցութեան` «Եուհանիթըր» կազմակերպութեան Լիբանանի ներկայացուցիչ Ռոյ Ապի Ժաուտէ ըսաւ. «Հաւաքուած ենք շնորհակալութիւն յայտնելու Պուրճ Համուտի քաղաքապետին, որ, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք միշտ սատարած է Պուրճ Համուտի մէջ ծաւալած մեր աշխատանքին, մանաւանդ այնպիսի ժամանակ, երբ աշխատանք տանիլը դիւրին չէր, եւ կարելի չէր գործունէութիւն իրականացնել ու ժողովուրդին հասնիլ` առանց իր օժանդակութեան: Այդ համագործակցութեան շնորհիւ է, որ այսօր մենք մեր գրասենեակը ունինք շրջանին մէջ եւ ցայսօր կը գործենք հոն»:

Ապա խօսք առաւ «Նապըը» կազմակերպութեան տնօրէն Եասէր Տաւուտ եւ ըսաւ, թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետը իր աշխատանքով ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս յաջող համագործակցութիւն մը կարելի է ձեւաւորել: Ըստ անոր, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի կարեւորագոյն դերերէն մէկը եղաւ կազմակերպութիւններն ու ժողովուրդը աշխատանքին շուրջ  համախմբելը, որովհետեւ` ճշդելով թիրախը, հոն հասնելու ուղին եւ այդ նպատակով կատարուելիք աշխատանքը, ամէն ինչ աւելի դիւրին եւ յստակ կը դառնայ, իւրաքանչիւր կողմ կը գործէ ըստ իր մասնագիտութեան, այսպիսով գործը հեզասահ եւ արդիւնաւէտ կը դառնայ թէ՛ գործողին, եւ թէ անկէ օգտուողին համար: Ան յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետ Պօղոսեանին` անոր համբերութեան եւ համագործակցութեան ոգիին համար:

Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ «Եուհանիթըր» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Սիւզանա Ուէյսմըն, որ հաստատեց, թէ աշխատանքը կը շարունակուի, եւ իրենք տակաւին լուծումներ ու ձեւեր պէտք է որոնեն այս տարածաշրջանին մէջ իրենց բոլոր ծրագիրները իրականացնելու համար: Ան դիտել տուաւ, թէ տակաւին նոր նշանակուած ըլլալով այս շրջանին մէջ` յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի ճշդեն իրենց նոր ռազմավարութիւնը` համոզում յայտնելով, որ Լիբանանի մէջ իրենց աշխատանքին ընթացքին լաւապէս պիտի համագործակցին քաղաքապետութեան հետ:

Անկէ ետք զոյգ կազմակերպութիւններուն կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին, որ իր շնորհակալական խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ այս յուշանուէրները եւ գնահատանքը խորքին մէջ հասցէագրուած են քաղաքապետարանի մէջ գործողներուն եւ աշխատանքի յաջողութեան համար ջանք չխնայողներուն: «Մենք պարզապէս մեր պարտականութիւնը կը կատարէինք, ինչպէս յայտնած եմ տարբեր առիթներու եւ «Եուհանիթըր»-ի, «Նապըը»-ի ու ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներու ընթացքին:

«Նապըը» եւ «Եուհանիթըր» կազմակերպութիւնները եղան առաջիններէն, որոնք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք շտապեցին երկրի ու ժողովուրդի օգնութեան: Անոնք ձեռնարկեցին նիւթական եւ ընկերային օժանդակութեան, որուն համար շնորհակալ ենք: Լիայոյս եմ, որ մեր համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի ապագային», դիտել տուաւ Մ. Պօղոսեան:

Նշենք, որ երեկոյին ներկայ էին վերոյիշեալ կազմակերպութիւններէն անդամներ, ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան «Մափս» կազմակերպութիւնը:

Նախորդը

«Անհնար Է Ոչնչացնել Շուշիի Հայկական Ոգին, Այն Վերածնուել Է 1992 Թուականի Մայիսին Եւ Կը Վերածնուի Կրկին». Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?