Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Ձեռնադրութեան Արարողութիւնը

Մարտ 24, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ

Միաբան դառնալ կ՛ենթադրէ անվերապահօրէն ծառայել միաբանութեան յառաջընթացին, եկեղեցւոյ պանծացումին, ազգային գերագոյն շահերուն ու ազգի բարգաւաճման:

Տրուած ըլլալով, որ Սահակ սարկաւագ Քէշիշեան նախանձախնդութեամբ ու համակ նուիրումով կը մօտենայ եւ բծախնդրութեամբ կը վերաբերի վերոյիշեալ նուիրական սրբութիւններու նկատմամբ, նաեւ սոյն բնագաւառներուն մէջ աւարտած է ուսման ընթացքը, Զմմառու պատրիարքական Կղերի միաբանութեան վանքի վարչութեան եւ հոգեւոր տիրոջ հաւանութեամբ` շաբաթ, 19 մարտ 2022-ին` երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ ան արժանացաւ քահանայական ձեռնադրութեան:

Սահակ սրկ. Քէշիշեան ձեռնադրուեցաւ ձեռամբ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին, առընթերակայութեամբ Նարեկ Ծ. վրդ. Նամոյեանի եւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի, խարտաւիլակութեամբ Զմմառու պատրիարքական Կղերի միաբանութեան` Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վ. Մուրատեանի:

Նախօրէին` ուրբաթ, 18 մարտի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զմմառու վանական համալիրի փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութեան կոչման կարգը:

Ձեռնադրութեան օրը խուռներամ բազմութեան շարքերը համալրած էին հայ եւ օտար եկեղեցականեր, ազգային, մշակութային, բարեսիրական եւ կրթական մշակներ, ձեռնադրեալին ծնողքը, հարազատները, ընկերները, բարեկամներն ու հոծ բազմութիւն մը, որոնք եկած էին վկան դառնալու սոյն արարողութեան, որուն արարողապետն էր Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ Գրիգոր վրդ.Պատիշահս, իսկ Անուշաբոյր միւռոնը խորան բերաւ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան:

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, արարողութեան տուաւ յաւելեալ խորհրդաւորութիւն:

Հոգեւոր տէրը իր քարոզին մէջ շեշտը դրաւ մեր կեանքին մէջ քահանային անհրաժեշտութեան եւ անոր ստանձնած պարտականութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն վրայ` հոգալու  հօտին հոգեւոր կարիքները` աստուածանուէր առաքելութեամբ եւ ծառայութեամբ:

Այնուհետեւ անդրադարձաւ նորօծ` Սահակ վրդ. Քէշիշեանին ուսերուն դրուած խնդիրներուն եւ պարտականութիւններուն, զորս պարտի դիմագրաւել մեծ սիրով, նուիրումով եւ պայծառ դէմքով:

Հոգեւոր տէրը ձեռնադրեալը, միաբանութիւնն ու Սահակ վրդ. Քէշիշեանի ծնողքը շնորհաւորելով եզրափակեց խօսքը:

Աւարտին ընդունուեցան շնորհաւորութիւններ: Ապա քահանայից դասն ու Սահակ վրդ. Քէշիշեանի ծնողքը մասնակցեցան Սուրբ Եղիա-Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած ընթրիքին, որուն ընթացքին դրուատանքի, յորդորի, բարեմաղթանքի եւ շնորհաւորանքի խօսքեր արտասանեց հոգեւոր տէրը, Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, որ նախ շնորհաւորեց, ապա հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց ձեռնադրեալին  յատկանիշերը: Պետրոս վրդ. Մարաշլեան ցուցադրեց իր պատրաստած տեսերիզը, որ կը բովանդակէր նորօծ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի կեանքի ուղին:

Յաջորդ օրը` կիրակին, 20 մարտ 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, նորօծ  Սահակ վրդ. Քէշիշեան իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Անոր քարոզը աւելի շատ գոհութիւն եւ փառաբանութիւն էր Տիրոջ, որ զինք արժանի ըրաւ Սուրբ խորանին ծառայելու եւ խորհուրդները մատակարարելու առաքելութեան: Ան խոստացաւ ամբողջովին նուիրուիլ իրեն վստահուած հօտին եւ անոր կարիքները հոգալ` ինչպէս կ՛ընէր Յիսուս Քրիստոս:

Յաւարտ Սուրբ պատարագի, եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ նորօծ վարդապետը ընդունեց ներկաներուն շնորհաւորանքները:

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Մարդասիրական Օգնութիւնը Ուքրանահայ Գաղթականներուն

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?