Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները Կը Դատապարտեն Արցախի Կազամատակարարման Հերթական Խափանումը

March 23, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր` երկուշաբթի, 21 մարտ 2022-ին, երկրորդ անգամ ըլլալով (առաջինը 8 մարտին էր), Ազրպէյճանի իշխանութիւնները խափանած են Արցախի կազամատակարարումը` խիստ ցուրտ եղանակային պայմաններու մէջ Արցախի բնակչութիւնը զրկելով ջեռուցման կարեւոր միջոցէ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անթոյլատրելի նկատեց արցախահայութեան նկատմամբ հետեւողական բռնութեան այս աղաղակող քաղաքականութիւնը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բացի Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան նկատմամբ հոգեբանական ճնշում գործադրելու միտող իր միւս շարունակական գործողութիւններէն եւ  Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային մարդասիրական կառոյցներու մուտքը խոչընդոտելէ, «Ազրպէյճանը միտումնաւոր կերպով կը խաթարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքներու բնականոն աշխատանքը, ինչ որ ակնյայտօրէն կը յանգեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդկային ճգնաժամի ստեղծման: Անթոյլատրելի կը նկատենք արցախահայութեան նկատմամբ հետեւողական բռնութեան այս աղաղակող քաղաքականութիւնը»:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նաեւ դատապարտեց ազրպէյճանական արարքը` նշելով, որ Ազրպէյճանի պահուածքը մարդկային ահաբեկչութիւն է: Անիկա կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային մարդկային եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներն ու սկզբունքները:

 

 

Նախորդը

Հռոմի Մէջ. Նախագահներ Աունի Եւ Մաթարելլայի Միջեւ Վեհաժողովը Կ՛ընդգծէ Լիբանանի Բարգաւաճման Եւ Կայունութեան Պահպանման Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Խմբակցութիւններու Միացեալ Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.