Գլխաւոր լուրեր

Արարատ Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա  Ներկայացուցիչներու Երկրորդ Հանդիպման  Քննարկումները Եղան Աւելի Յստակ»

Արարատ Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Ներկայացուցիչներու Երկրորդ Հանդիպման Քննարկումները Եղան Աւելի Յստակ»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դրական գնահատեց Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Թուրքիա յատուկ ներկայացուցիչներու երկրորդ հանդիպումը: «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու երկրորդ հանդիպումը կը գնահատեմ դրական: Կրնաք ամէն ինչ կարդալ նաեւ ներկայացուցիչներու կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ: Կողմերը վերահաստատած են, որ հոլովոյթը տեղի կ՛ունենայ առանց նախապայմաններու եւ որ հոլովոյթին վերջնարդիւնքը յարաբերութիւններու կարգաւորումն է եւ, վստահաբար, մեզի համար, Հայաստան-Թուրքիա սահմաններու բացումը», նշեց...

«Արեան Գնով Ձեռք Բերուած Մեր Յաղթանակը Ոչնչացնելու Այս Ընթացքը Պէտք Է Կասեցուի»  Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Արեան Գնով Ձեռք Բերուած Մեր Յաղթանակը Ոչնչացնելու Այս Ընթացքը Պէտք Է Կասեցուի» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի արտասանած խօսքը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, 28 փետրուար 2022-ին: Մի քանի շաբաթներ առաջ, փետրուար 5-ին, Երեւանի մէջ նշուող ՀՅԴ օրուան առթիւ մեր խօսքին ընդմէջէն մեր ժողովուրդին ներկայացուցինք 2021 տարուան մեր հաշուետուութիւնը եւ պարզեցինք Դաշնակցութեան դիրքորոշումները այսօրուան հիմնախնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն առնչութեամբ: Դաշնակցութիւնը, քաղաքական ուժ...

Պաապտայի Մէջ.   «Լիբանան Համահունչ Կը Մնայ Ռուսիա-Ուքրանիա  Տագնապին Մասին Անցեալ  Հինգշաբթի Օրուան Իր Կեցուածքին»  Շեշտեց Պու Հապիպ

Պաապտայի Մէջ. «Լիբանան Համահունչ Կը Մնայ Ռուսիա-Ուքրանիա Տագնապին Մասին Անցեալ Հինգշաբթի Օրուան Իր Կեցուածքին» Շեշտեց Պու Հապիպ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը կարելի չէ վարկաբեկումի թիրախ դարձնել: Ան ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը պատասխանատուներ եւ լրագրողներ կ՛անտեսեն սահմանադրութիւնը եւ ազգային մակարդակի վրայ ցաւ պատճառող յայտարարութիւններ կը կատարեն: «Հանրապետութեան նախագահն է, որ կը կատարէ բանակցութիւնը` միջազգային համաձայնագիրներու հիման վրայ, ապա ան այդ մանրամասնութիւնները կը բաժնէ վարչապետին հետ, ապա կառավարութեան եւ...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան.  «Դաշնակցութիւնը Ուժեղ Է Իր Աջակիցներով»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Դաշնակցութիւնը Ուժեղ Է Իր Աջակիցներով»

Ամերիկահայ բարերար, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աջակից դոկտ. Մայք Սարեանը Պրիւքսելի մէջ Հայ դատի յանձնախումբին համար գրասենեակ գնելու նպատակով տուած է 300 հազար ամերիկեան տոլար նուիրելու խոստում: «Դոկտ. Մայք Սարեան Քալիֆորնիոյ գաղութի այն բարերարներէն է, որ իր լուման կը բերէ մեր ազգի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան հետապնդման ճամբուն վրայ` Հայ դատին կատարած Մայք Սարեանի այս ներդրումը իր դրական անդրադարձը...

«Քաղաքացիական Պայմանագիր»  Խմբակցութիւնը  Կրկին Մերժեց Դատապարտել  Հակահայ «Շուշիի Հռչակագիրը»

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» Խմբակցութիւնը Կրկին Մերժեց Դատապարտել Հակահայ «Շուշիի Հռչակագիրը»

Երէկ` երեքշաբթի, 1 մարտ 2022-ին, տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի նիստը: Նիստին` «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցած` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններուն վաւերացուցած «Շուշիի հռչակագիր»-ին վերաբերող յայտարարութեան նախագիծը չընդգրկուեցաւ Ազգային ժողովի լիագումար նիստերու օրակարգին վրայ: Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան յիշեցուց, որ յայտարարութեան նախագիծը յանձնախումբին մէջ մերժուած է քաղաքական մեծամասնութեան` «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ին կողմէ: «Ազգային ժողովի լռութիւնը այս նիւթով կը դառնայ համաձայնութեան նշան` թուրք-ազրպէյճանական...

Արցախի Անվտանգութեան  Խորհուրդի Նիստ

Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ

Երէկ` երեքշաբթի, 1 մարտ 2022-ին, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի հրաւիրեց: Արցախի նախագահի աշխատակազմէն տեղեկացուցին, որ նիստին քննարկուեցան Արցախի դիմաց ծառացած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները, միջազգային եւ շրջանային մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր: Ճշդուեցան նաեւ յառաջիկայ ընելիքներն ու ծրագիրները:  

ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնակատարը  Կարեւոր Նկատած Է Ցեղասպանութիւններու  Կանխարգիլման Գործին Մէջ  Հայաստանի Առաջնորդութիւնը

ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնակատարը Կարեւոր Նկատած Է Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Գործին Մէջ Հայաստանի Առաջնորդութիւնը

Ժընեւի մէջ 1 մարտին տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 49-րդ նստաշրջանի շրջագիծին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու Գլխաւոր յանձնակատար Միշել Փաչելեթին հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ կողմերը բարձր գնահատած են Հայաստանի սերտ համագործակցութիւնը ՄԱԿ-ի եւ մասնաւորապէս ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գրասենեանին հետ: Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ տարին խորհրդանշական է`...

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ 34-րդ  Ընդհանուր Ժողովի Պաշտօնական Բացումը

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի Պաշտօնական Բացումը

Երէկ` երկուշաբթի, 28 փետրուար 2022-ին, «Անի փլազա հոթել» պանդոկի «Անի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին աշխարհի շուրջ 28 երկիրներէ աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ: Բացումը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ ՀՅԴ քայլերգներով: Տէրունական աղօթք կարդաց Նաթան արք. Յովհաննիսեանը եւ փոխանցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ողջոյններն ու...

Նախագահ Աուն. «Կը Փափաքինք Իրանի Հետ  Հեզասահ Յարաբերութիւնները Պահել»

Նախագահ Աուն. «Կը Փափաքինք Իրանի Հետ Հեզասահ Յարաբերութիւնները Պահել»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ստորագրեց 2022-ի ու անոր կցուած ամավարկերը եւ զանոնք ուղարկեց խորհրդարան: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրանի մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մեհտի Իսմայիլին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիայի: Նախագահ Աուն հանդիպումին ընթացքին շեշտեց ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան կարեւորութիւնը` մաղթելով, որ Վիեննայի բանակցութիւնները յաջողին: Նախագահ...

ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի Պատգամաւորները  Այցելեցին Եռաբլուր Պանթէոն

ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի Պատգամաւորները Այցելեցին Եռաբլուր Պանթէոն

28 փետրուարին Երեւանի մէջ սկիզբ կ՛առնէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովը: Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ընկերներուն առաջնորդութեամբ, ժողովի բացման նախօրեակին այցելեցին Եռաբլուր պանթէոն եւ ծաղիկներ խոնարհեցին հայոց ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն: Սօսէ մայրիկի գերեզմանին մօտ Սամուէլ Երանեան երգեց Սօսէի երգը: Անոր ձայնակցեցան ՀՅԴ-ի անդամները: Ընդհանուր ժողովը, որ ՀՅԴ համազգային կառոյցի բարձրագոյն ժողովն է, կը...

«Ընդհանուր Ժողովին Գլխաւոր Օրակարգն Է  ՀՅԴ-ի Քաղաքական Ընդհանուր  Ռազմավարութիւնը Ճշդելը»  Կ՛ըսէ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Ընդհանուր Ժողովին Գլխաւոր Օրակարգն Է ՀՅԴ-ի Քաղաքական Ընդհանուր Ռազմավարութիւնը Ճշդելը» Կ՛ըսէ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Ով ալ ընտրուի ՀՅԴ Բիւրոյի նոր ներկայացուցիչ` հիմակուընէ ես յաջողութիւն կը մաղթեմ եւ կ՛ըսեմ, որ մենք պիտի ըլլանք զինուոր այս կազմակերպութեան», «Երկիր»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ  ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` անդրադառնալով 28 փետրուարին մեկնարկող ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովին Բիւրոյի նոր կազմ ընտրելու հարցին: «ՀՅԴ-ի գործը, ընդհանրապէս, չ՛աւարտիր: Բնականաբար, շատ բաներ կիսատ են, բոլորս ալ տրամադրուած ենք այս...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը` Սումկայիթի Ջարդերու Տարելիցին Առիթով

Սումկայիթի ջարդերուն 34-ամեակին առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Ի պատասխան Հայաստանի եւ Արցախի վերամիաւորման համար Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզում սկիզբ առած խաղաղ եւ օրինական ժողովրդական ցոյցերի, 1988 թուականի փետրուարի 27-ին Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքում սկսուեցին տեղի հայ բնակչութեան ջարդերը: Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմից հրահրուած ազրպէյճանական հրոսակները տանջամահ արեցին տասնեակ հայերի, հազարաւոր հայ ընտանիքներ, իրենց ետեւում թողնելով տարիների վաստակը, տունն...

Խոստման Արարողութիւն` Եռաբլուրի Մէջ.  «Սուգը Պէտք Է Վերածենք Պայքարի»  Կ՛ըսէ Յովսէփ Տէր Գէորգեան

Խոստման Արարողութիւն` Եռաբլուրի Մէջ. «Սուգը Պէտք Է Վերածենք Պայքարի» Կ՛ըսէ Յովսէփ Տէր Գէորգեան

Երէկ` կիրակի, 27 փետրուարին, Եռաբլուրի մէջ խոստում տուած եւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան շարքերուն միացած են Կապան, Վետի եւ Աբովեան քաղաքներէն 25 երիտասարդներ: Անդամագրուած ընկերները խոստում տուած են 44-օրեայ պատերազմի հերոս Քրիստափոր Արթինի շիրիմին: «Մենք հաւաքուած ենք Քրիստափոր Արթինի շիրիմին շուրջ: Այստեղ սուգի մթնոլորտ է, բայց մեր բոլոր նահատակները մեզմէ կը պահանջեն, որ դուրս գանք այդ մթնոլորտէն: Մենք վախի մէջ...

Լիբանան Կ՛որոշէ Ուքրանիոյ Մէջ Գտնուող  Լիբանանցի Քաղաքացիները  Համախմբել Վարշաւայի Մէջ

Լիբանան Կ՛որոշէ Ուքրանիոյ Մէջ Գտնուող Լիբանանցի Քաղաքացիները Համախմբել Վարշաւայի Մէջ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց Ուքրանիոյ մէջ գտնուող լիբանանցիներուն իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ եւ Միքաթիի քաղաքական հարցերու խորհրդական Պութրոս Ասաքեր: Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ յայտնեց, որ որոշուեցաւ Ուքրանիոյ մէջ գտնուող լիբանանցիներուն տունդարձը ապահովել եւ այդ...

Խմբագրական.    Սումկայիթ- Պուտափեշտ-Թալիշ-Շուշի.   Համալրե՛Լ Ազրպէյճանի Ռազմական  Յանցագործութիւններու Թղթածրարը

Խմբագրական. Սումկայիթ- Պուտափեշտ-Թալիշ-Շուշի. Համալրե՛Լ Ազրպէյճանի Ռազմական Յանցագործութիւններու Թղթածրարը

Սումկայիթէն Կիրովապատ, անցնելով Պաքուի ջարդեր ու տակաւին Պուտափեշտի կացինահարում, թալիշցի տարեցներու սպանութիւն եւ անդամահատում, մինչեւ Հերհերի դպրոցականներու ռմբակոծում եւ արցախահայութեան դէմ ֆոսֆորային զէնքի օգտագործում` Ազրպէյճան համալրած է պատերազմական ոճրագործութիւններու թղթածրարը: Միջազգային ատեաններուն բազմաթիւ դիմումներ կատարուած են` դատապարտելու համար Ազրպէյճանի կիրարկած ցեղային զտումի բազմաբնոյթ գործողութիւնները: Անհամարժէք արձագանգները տեղի տուած են, որ շարունակուին ռազմական յանցագործութիւններու շղթայական գործողութիւնները: Սումկայիթը ցեղային զտումի  ամէնէն վառ...

Պապիկեան Եւ Շոյկու Անդրադարձան  Հայաստանի Բանակի Արդիականացման  Եւ Բարեփոխումներուն

Պապիկեան Եւ Շոյկու Անդրադարձան Հայաստանի Բանակի Արդիականացման Եւ Բարեփոխումներուն

Երէկ` ուրբաթ, 25 փետրուար 2022-ին, Ռուսիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկուի հետ: Հանդիպումին ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ: Քննարկուեցան հայ-ռուսական երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափով ռազմական համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: Կողմերը բարձր գնահատեցին հայ-ռուսական դաշնակցային համագործակցութեան եւ քաղաքական երկխօսութեան կշռոյթը, Ռուսիոյ դերն...

Բողոքի Ցոյց` Հայաստանի Մէջ  ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Առջեւ

Բողոքի Ցոյց` Հայաստանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Առջեւ

Երէկ` ուրբաթ, 25 փետրուարին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամները Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ բողոքի ցոյց կատարեցին` Արցախի հայկական մշակութային յուշարձաններու ինքնութիւնը պահպանելու պահանջով: Անոնք բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Դադրեցուցէ՛ք սպիտակ ցեղասպանութիւնը», «Դադրեցուցէ՛ք մշակութային յուշարձաններու ոչնչացումը»: Անգամ մը եւս մենք ականատես կ՛ըլլանք ազրպէյճանական-թրքական հերթական ցեղասպանական քաղաքականութեան, ըսաւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Տարօն Ղազարեան:...

Երեսփոխան Բագրատունի Նախագահ Աունի Հետ  Քննարկեց Լիբանանեան  Քաղաքական Բեմը Յուզող Հարցերը

Երեսփոխան Բագրատունի Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական Բեմը Յուզող Հարցերը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հինգշաբթի, 24 փետրուար 2022-ին, այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Նախագահական պալատէն մեկնումի ընթացքին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը սերտէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող տուեալներն ու մանրամասնութիւնները` ճշդել կարենալու համար իր կեցուածքներն ու ընտրանքները:  

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Սումկայիթի Ջարդերուն 34-Ամեակին Եւ Պաքուի Ջարդերուն 32-Ամեակին Առիթով Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն Յղեց Հաղորդագրութիւն Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Սումկայիթի ջարդերուն 34-ամեակին եւ Պաքուի ջարդերուն 32-ամեակին առիթով լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «27-29 փետրուար 1988-ին տեղի ունեցան Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքի հայ բնակչութեան` ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ պետական մակարդակով կազմակերպուած ջարդերն ու զանգուածային տեղահանութիւնը: Հակառակ այն իրողութեան, որ Սումկայիթը կը գտնուէր Պաքուէն 20-25 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, բայց եւ այնպէս 3 օր` 27, 28 եւ 29 փետրուար...

Page 317 of 797 1 … 316 317 318 … 797

Արխիւներ