Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարդարապատէն Սկսաւ «Դիմադրութեան» Շարժման Քայլերթներուն 4-րդ Ուղղութիւնը

Ապրիլ 29, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Դիմադրութեան» շարժման քայլերթի չորրորդ ուղղութիւնը սկսաւ Սարդարապատէն: Քայլերթի մեկնարկին ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան ելոյթով դիմեց ժողովուրդին:

Ելոյթին ընթացքին Գեղամ Մանուկեան ըսաւ. «Արդէն չորրորդ օրն է Հայաստանի տարբեր անկիւններէն մեր զինակիցները, անոնց միացած մեր հայրենակիցները քայլերթով կը շարժին դէպի քաղաքամայր Երեւան:

«Պատահական չեն ընտրուած այն մեկնարկի կէտերը, ուր սկիզբ առած են այդ քայլերթները յանուն Հայաստանի, Արցախի փրկութեան, մեր արժանապատուութեան վերականգնման, այդ նպատակով ալ պարտութեան խորհրդանիշ իշխանութեան հեռացման համար:

«Տաւուշ, Իջեւան, ազրպէյճանական սահմանագիծ: Քանի որ այս ապաշնորհ իշխանաւորները նոյնիսկ չեն վախնար, չեն ամչնար, կը խուսափին տարածքային փոխանակումներու մասին խօսիլ: Հայրենի Տաւուշը, հերոսական Տաւուշը, իր արժանապատուութիւնը դեռ 90-ականներէն պաշտպանած Տաւուշը բզիկ-բզիկ ընել: Այս մեկնակէտէն քալող մեր զինակիցներուն միացած են հարիւրաւոր հայրենակիցներ, որոնք անհանգիստ են Տաւուշի համար, որոնք կը գիտակցին, որ վտանգուած է Գեղարքունիքը, որոնք համոզուած են, որ եթէ այս ապաշնորհ ու հայրենադաւ իշխանաւորները չըլլային, որ սահմանը արագ կահաւորուէր, ամրանար, այսօր թուրքը պիտի չնստէր Վարդենիսի գիւղերու գլխուն:

«Մեր զինակիցները ճամբայ ելան Նախիջեւանի սահմանագլուխէն: Այն վայրերէն, ուր երբ Նիկոլը իր խաբեբայ խոստումներով, մարդոց մոլորեցնելով կու գար իշխանութեան ու արդէն եկաւ իշխանութեան, այդ օրերուն արդէն սահմանին վրայ թշնամին նոր դիրքեր կը զբաղեցնէր, կը յառաջանար, նշանառութեան տակ կ՛առնէր Արենին ու Զանգակատունը:

«Մեր զինակիցները, հայրենակիցները արդէն սկսած են քայլերթը Ապարանէն, հերոսական Բաշ Ապարանէն: Վայրէ մը, ուր 1918-ի մայիսին հայութիւնը ապացուցեց, որ վտանգի պահուն միասնականութեամբ, համախմբուածութեամբ կարելի է լեռներ տապալել: Կը քալեն անոնք յամառութեամբ, հաստատակամութեամբ, այն բնակավայրերէն, ուր բնակիչները միշտ եղած են հաստատակամ, հայրենասէր ու նուիրուած:

«1918-ին այստեղ ամէնէն խիզախները արցախցիներն էին` Բէկ-Փիրումեանները, Ղարաբաղի 5-րդ (մահապարտներու) գունդը: Այսօր ալ մեր հերթն է` Սարդարապատէն` յանուն Արցախի:

«Սարդարապատի այս սրբավայրէն կը դիմենք մեր հայրենակիցներուն` ոտքի՛, յանուն հայրենիքի, յանուն փրկութեան, յանուն արժանապատուութեան: Այս զանգերը, որոնք կախուած են Սարդարապատի մէջ, խորհուրդ ունին: Անոնք, ինչպէս 1918-ին, Արարատեան դաշտավայրի բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը, վտանգի պահուն կոչնակ կը դառնան:

«Մենք երթով կը քայլենք դէպի Երեւան, ճամբուն վրայ կը հրաւիրենք մեր հայրենակիցները հանդիպումներու, զրոյցի ու միասնութեան:

«Մենք քայլերթով պիտի անցնինք հայութեան հոգեւոր կեդրոնէն` Սուրբ Էջմիածինէն: Այն Էջմիածինէն, որուն դէմ պայքարած են օսմանցին ու սելճուքը, պոլշեւիկն ու նաեւ, որքան ալ ահաւոր ըլլայ, անհաւատալի ըլլայ` այս իշխանութիւնը», ըսաւ Գեղամ Մանուկեան:

Նշենք, որ Հայաստանի խորհրդանշական 4 կողմերէն` Իջեւանէն, Տիգրանաշէնէն, Սարդապատէն ու Բաշ Ապարանէն արժանապատիւ քաղաքացիները քայլերթներով կ՛ուղղուին Երեւան, որպէսզի 1 մայիսին միանան համազգային հանրահաւաքին: Զուգահեռ Երեւանի մէջ  տեղի կ՛ունենան ամէնօրեայ ապակեդրոն իրազեկման ցոյցեր եւ հաւաքներ:

Նախորդը

«Պայտընի Կողմէ Ցեղասպանութեան Եզրի Օգտագործումը Հիմնուած Է Պատմական Տուեալներու Վրայ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Յաջորդը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Այցելեց Արագած

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ  Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին

Մայիս 25, 2022
Հակառակ Յորդառատ Անձրեւին.  «Դիմադրութեան» Շարժումի  Բազմամարդ Հանրահաւաք Եւ Երթ
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Յորդառատ Անձրեւին. «Դիմադրութեան» Շարժումի Բազմամարդ Հանրահաւաք Եւ Երթ

Մայիս 25, 2022
Արցախի Ազգային Ժողովի Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի  Յայտարարութիւնը` Պաքուի Հայ Բնակչութեան  Զանգուածային Ջարդերու 29-րդ Տարելիցին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը. «Ոչ Ոք Չի Կարող Խուսափել Սերունդների Առաջ Պատասխանատուութիւն Կրելուց»

Մայիս 25, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In