«Պելճիքայի հայերու կոմիտէ»-ն կը տեղեկացնէ, թէ Պրիւքսելի «Հանրի Միշօ» հրապարակին վրայ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած խաչքար-յուշարձանը պղծուեցաւ: Անոր վրայ ներկուեցան թրքական երեք կարմիր մահիկներ:
Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ պղծումը, որ կատարուած է Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման օրուան յաջորդ օրը:
«Այս արարքը կրնայ մեկնաբանուիլ միայն իբրեւ թշնամանքի արտայայտութիւն եւ փորձ` վախցնելու ծագումով հայ պելճիքացիները, որոնց մեծ մասը կը սերի Ցեղասպանութեան զոհ դարձած ընտանիքներուն հատուկենտ փրկուածներէն: Ակնյայտօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը Թուրքիոյ Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ անոր առնչուող տեղական ու միջազգային կազմակերպութիւններու, այլ երկիրներու տեղական կառավարման մարմիններուն մէջ ընտրուած ծագումով թուրք պետական պաշտօնեաներու խիստ հակահայկական նախապաշարումի ամէնէն տարածուած դրսեւորումն է` ինչպէս Պելճիքայի մէջ, այդպէս ալ այլուր: Պղծուած յուշարձանի վրայ ընթեռնելի է նաեւ թրքական խորհրդարանի ծագումով հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանին ուղղուած հայհոյախառն անգլերէն արտայայտութիւնը` F..k Palyan: Պէտք է նշել, որ Կարօ Փայլան պարբերաբար թիրախ կը դառնայ թուրք ազգայնականներու կողմէ», կը նշուի կոմիտէին հրապարակած յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կոչ կ՛ուղղուի հասարակական եւ պետական գործիչներուն ու կառավարման մարմիններուն եւ թրքական համայնքային կազմակերպութիւններուն, որ դատապարտեն այս արարքը:


