Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Հաւատամ Լիբանանի Յարութեան, Սակայն Կան Տեղեկագիրներ, Որոնք Կ՛ակնարկեն Երկրին Կացութիւնը Վատթարացնելու Նպատակով Գործող Կողմերու» Շեշտեց Նախագահ Աուն

April 28, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի երէկուան բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկումի հիմնական առարկայ դարձան տնտեսական իրադարձութիւնները եւ ելեւմտական կացութիւնը բարելաւելու բանակցութիւնները:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք կը հաւատայ Լիբանանի յարութեան եւ կ՛աշխատի այդ ուղղութեամբ:

Ան գործակցութեան կոչ ուղղեց բոլորին` հասնելու համար այն նպատակին, որ կը ծառայէ երկրին ու քաղաքացիներուն շահերուն:

Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը գործէ այնպիսի քարտէսի մը հիման վրայ, որ ըլլայ յստակ եւ արտայայտիչ:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ նաեւ, որ միւս կողմէ կան ուժեր, որոնք ելեւմտական հարցեր կը ստեղծեն, ինչպէս նաեւ տոլարի փոխարժէքի սակով կը խաղան: «Այս բոլորը իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենան քաղաքացիներուն վրայ: Կան նաեւ  տեղական եւ միջազգային տեղեկագիրներ, որոնք կ՛ակնարկեն երկրին կացութիւնը վատթարացնելու նպատակով գործող կողմերու: Այդ կողմերուն մէջ կը գտնուին նաեւ երկրին իշխանութեան մաս կազմող ուժեր, երեւոյթ մը, որմէ լրջօրէն կը տառապինք», ըսաւ նախագահ Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը Պաապտայի մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարար Իսամ Շարաֆէտտինը, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Շարաֆէտտին յայտնեց, որ նախագահ Աուն կ՛առաջարկէ գործնական ծրագիր մը, որուն նպատակն է ՄԱԿ-էն պահանջել, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տրուին Սուրիոյ մէջ գտնուող իրենց հողերը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Տնտեսական ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ, որ յայտնեց, թէ խորհուրդը նախագահ Աունի եւ բոլոր պատասխանատուներուն տրամադրութեան տակ կը գտնուի` տնտեսական եւ կենսոլորտային բնոյթ ունեցող հարցերուն մասին կարծիք տալու իմաստով:

Նախորդը

Կեանքէն Հեռացաւ Նախկին Երեսփոխան Մեթր Վարդգէս Շամլեան

Յաջորդը

«Երկիրը Աղէտի Մէջ Է. Կա՛մ Մեր Խիղճին Կը Վերադառնանք, Կա՛մ Կը Յանձնուինք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.