Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Յորդառատ Անձրեւին. «Դիմադրութեան» Շարժումի Բազմամարդ Հանրահաւաք Եւ Երթ

May 25, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Դիմադրութեան» շարժման մասնակիցները 24 մայիսի կանուխ առաւօտէն երթեր կատարեցին մայրաքաղաքին մէջ եւ հասան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնք, ուր ոստիկանները պատ կազմած էին:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ նախարարութիւնը չ՛առաջնորդուիր Հայաստանի ժողովուրդի շահերով, ուստի պէտք է շրջափակել շէնքի մուտքերը: Մասնակիցները` ճեղքելով ոստիկանական պատը, մօտեցան շէնքի մուտքին եւ շրջափակեցին զայն:

Ցոյցին մասնակիցները Արցախի դրօշներ փակցուցին շրջափակուած շէնքին վրայ: Որոշ ժամանակ ետք լարուածութիւն ստեղծուեցաւ, հրմշտուք եղաւ, ոստիկանները բռնի ուժ սկսան կիրարկել: Պատգամաւորներուն կոչով ցուցարարները քիչ մը ետեւ գացին, իրավիճակը հանդարտեցաւ:

Քիչ անց, հակառակ ոստիկաններուն փորձին` Ազգային ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորներուն մուտքը խոչընդոտելու, ժողովուրդի ճնշման տակ անոնք յաջողեցան մտնել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնք` փոխանցելու շարժման ուղերձը: Անոնք ընդունուեցան փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանի կողմէ: Անկէ ետք ցուցարարները բացին շէնքին մուտքերը եւ ուղղուեցան Ֆրանսայի հրապարակ:

Երեկոյեան, հակառակ յորդառատ անձրեւին, Սասունցի Դաւիթի արձանի յարակից հրապարակէն ընթացք առաւ «Դիմադրութեան» շարժման բազմամարդ երթը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Փաշինեանի Պրիւքսել կատարած այցելութեան, նշեց, որ այս իշխանութիւններէն վաղուց ոչ մէկ դրական ակնկալութիւն կայ` հաստատելով, որ կացութեան լուծումը անոնց հեռացումն է:

Ան կոչ ուղղեց ուժային կառոյցներուն եւ պետական բոլոր պաշտօնեաներուն` չսատարելու Նիկոլ Փաշինեանին ու այս օրերուն, երբ ան կը պատրաստուի նոր զիջումներու, չդառնալ անոր պատասխանատուութիւնը կիսող ու կրող կողմ:

Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ «Դիմադրութիւն»-ը աննահանջ է իր պայքարին մէջ, եւ անհնազանդութեան շարժումները պիտի շարունակուին` կոչ ուղղելով բոլորին զգաստանալու եւ միանալու իրենց:

Նշենք, որ աւելի վաղ, նախքան երթը Իշխան Սաղաթէլեան տեղեկացուց, որ ոստիկանութիւնը խուզարկութիւններ կը կատարէ Տաւուշի, Կոտայքի, Գեղարքունիքի մարզերու` ՀՅԴ-ի անդամներէն շատերու բնակարաններուն մէջ:

Նախորդը

Արցախի Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը. «Ոչ Ոք Չի Կարող Խուսափել Սերունդների Առաջ Պատասխանատուութիւն Կրելուց»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.