Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան 104-ամեակն Ու Արամ Ա. Հայրապետին Անուանակոչութիւնը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

May 31, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կիրակի, 29 մայիս 2022-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու եւ ներկայութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին, մեծ շուքով կատարուեցաւ հանրապետական մաղթանք ու նշուեցաւ Արամ Մանուկեանի անունով օծուած Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին անուանակոչութիւնը:

Ս. պատարագի ընթացքին կաթողիկոսին ձեռամբ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւնը, որուն աւարտին աղօթք վերառաքեցաւ առ բարձեալն Աստուած, որ ամուր ու անսասան պահէ մեր ազգը ամբողջ եւ Իր շնորհքն ու իմաստութիւնը շնորհէ բոլոր անոնց, որոնք իշխանութեան պատասխանատուութեան վրայ կը գտնուին: Նորին ս. օծութիւնը նաեւ աղօթեց Աստուծոյ, որ Իր Ս. Աջովը օրհնէ ամբողջ հայ ժողովուրդը եւ Իր հովանիին տակ պահէ մեր հայրենիքն ու ս. եկեղեցին:

Հանրապետական մաղթանքին յաջորդեց դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի յաւուր պատշաճի քարոզը, ուր հայր սուրբը նշեց, որ այսօր, առաւել քան երբեք, հայ ժողովուրդը կարիքը ունի հայրենիքի հովանիին ներքեւ միախմբուելու եւ հայ ազգին շնորհուած ազատութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանելու:

Այս առիթով կատարուեցաւ հոգեհանգիստ հայրենի հողին անկախութեան ու պաշտպանութեան համար զոհուած հայորդիներու հոգիի խաղաղութեան համար:

Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, գլխաւորութեամբ վեհափառ հայրապետին, միաբան հայրերը, դպրեվանեցիները, կաթողիկոսարանի Կիրակնօրեայ վարժարանի սաներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ դպրեվանքի սաներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր: Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, իրենց ձեռքին ունենալով եռագոյն դրօշը, մայիս 28-ի շունչով զարդարեցին դահլիճը:  Յայտագրի աւարտին ուղերձ ընթերցեց Գէորգ աբղ. Գարակէօզեան: Հայր սուրբը ուղերձին մէջ յիշեց յանուն ազատութեան ու անկախութեան հայ ազգի զաւակներուն կատարած սխրանքները: Ան իր խօսքի աւարտին, ի դէմս միաբանութեան ու ներկայ ժողովուրդին, շնորհաւորեց կաթողիկոսին անուանակոչութիւնը եւ մաղթեց արեւշատութիւն: Ան նաեւ ըսաւ. «Մայիս 28-ը մեր երազներու իրականացումն է, մեր անցեալի փառքը եւ ապագայի յոյսը: Անիկա խորհրդանիշն է հայ ազատատենչ ոգիին եւ մեր ժողովուրդի վերածնունդին: Անիկա պատասխանն է մեր աղօթքին եւ Աստուծոյ կողմէ շնորհուած առիթը մեզի` ազատօրէն ապրելու, պայքարելու, վերականգնելու եւ գոյատեւելու:

«Մայիս 28-ը կերտողներու անձնուէր եւ հայրենասէր ոգին մեզի համար կողմնացոյց է` կարենալ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները, առաւել հզօրանալու եւ իբրեւ ազգ միանալու ու բարգաւաճելու: Ահա այդ ոգին է, որ պիտի առաջնորդէ սփիւռքը, պիտի հզօրացնէ Հայաստանը եւ պիտի ազատագրէ Արցախը: Այդ ոգիին մարմնացումը այդ օրերու յաղթանակը կերտած Արամ Մանուկեանն է: Բիւրաւոր քաջարի մարտիկներու կողքին եւ անոնց օգնութեամբ, Արամ Մանուկեան դարձաւ հիմնադիրը մեր պետականութեան եւ իր գործունէութեամբ ու անխորտակելի կամքով ղեկավարեց պայքարը եւ կերտեց անկախութիւն: Ան իր ժողովուրդի ճակատագրին տէր կանգնեցաւ եւ առաջնորդեց զայն դէպի յաղթանակ:

«Այսօր, Մայիս 28-ը եւ անոր կերտիչները յիշատակելու այս առիթին, որդիական սիրով, ակնածանօք եւ երախտագիտութեամբ կու գանք շնորհաւորելու Ս. Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին անուան տօնը նաեւ»:

Հանդիսութեան աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրական խօսքը ուղղեց ողջ հայութեան: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ այսօր մեր հայրենիքի անկախութեան պաշտպանը միայն Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդը չէ, այլ նաեւ` սփիւռքի հայութիւնը: Ան շեշտեց, որ միասնաբար պէտք է մեր անկախութիւնը պաշտպանենք, այս կը յիշեցնեն մեզի Սարդարապատի ճակատամարտն ու Մայիս 28-ն: Հայրապետը շեշտեց, որ այսօր մայիս 28-ն միայն մոմ վառելու, ծաղկեպսակ զետեղելու, հանրահաւաքներ կազմակերպելու առիթ չէ՛, այլ կոչ մըն է մեր ժողովուրդի միասնականութեան: Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք միասնաբա՛ր պէտք է հայոց անկախութեան պաշտպանը դառնան:

Ապա կաթողիկոսը յիշելով Արցախի քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած քաջարի հայ զինուորները` ընդգծեց, որ անոնք իրենց արիւնը թափելով` հերոսացան հայ ազգի ազատութեան եւ անկախութեան համար: Ան նաեւ նշեց, որ հանրապետական մաղթանքի ընթացքին մենք բոլորս աղօթք վերառաքեցինք առ բարձրեալն Աստուած, որ խոհեմութիւն եւ իմաստութիւն շնորհէ Հայաստանի ղեկավարներուն, մտաւորականներուն եւ պատասխանատուներուն, որպէսզի հայրենիքի փրկութիւնն ու անկախութիւնը ամէն բանէ վե՛ր ու վե՛հ նկատեն: Մեզմէ ա՛յս կը պահանջէ մայիս 28-ն:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Իններորդ Պատգամաւորական Ժողովի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Ազգային Երգերու Համերգ «Շնորհալի» Երգչախումբին Կատարողութեամբ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.