Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Եւ Արցախի Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնները Դատապարտեցին Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Նախագահներուն Շուշի Այցելութիւնը

Հայաստանի Եւ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները Կը Դատապարտեն Արցախի Կազամատակարարման Հերթական Խափանումը

Նախանցեալ օր` երկուշաբթի, 21 մարտ 2022-ին, երկրորդ անգամ ըլլալով (առաջինը 8 մարտին էր), Ազրպէյճանի իշխանութիւնները խափանած են Արցախի կազամատակարարումը` խիստ ցուրտ եղանակային պայմաններու մէջ Արցախի բնակչութիւնը զրկելով ջեռուցման կարեւոր միջոցէ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անթոյլատրելի նկատեց արցախահայութեան նկատմամբ հետեւողական բռնութեան այս աղաղակող քաղաքականութիւնը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բացի Լեռնային Ղարաբաղի...

Հռոմի Մէջ.   Նախագահներ Աունի Եւ Մաթարելլայի Միջեւ  Վեհաժողովը Կ՛ընդգծէ Լիբանանի Բարգաւաճման  Եւ Կայունութեան Պահպանման Կարեւորութիւնը

Հռոմի Մէջ. Նախագահներ Աունի Եւ Մաթարելլայի Միջեւ Վեհաժողովը Կ՛ընդգծէ Լիբանանի Բարգաւաճման Եւ Կայունութեան Պահպանման Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Հռոմի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի հետ: Լիբանանեան-իտալական ընդարձակ վեհաժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ լիբանանեան պատուիրակութեան անդամներն ու անոնց իտալացի պաշտօնակիցները: Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ, Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահեր, նախագահ Աունի խորհրդականներ Ռաֆիք Շլալա, Ուսամա Խաշշապ, Ռեմոն Թարապէյ եւ Լիբանանեան...

Միքաթի Կոչ Ուղղեց ՄԱԿ-ին Ճիգ Թափելու,  Որպէսզի Լիբանանի Դէմ Ամէնօրեայ Դրութեամբ  Գործուող Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները Կասեցուին

Միքաթի Կոչ Ուղղեց ՄԱԿ-ին Ճիգ Թափելու, Որպէսզի Լիբանանի Դէմ Ամէնօրեայ Դրութեամբ Գործուող Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները Կասեցուին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լազարոն, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց հարաւի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան եւ հարաւի բարգաւաճման իմաստով խաղաղապահ ուժերուն ունեցած ներդրումին համար: Նիստին ներկայ գտնուեցան Միքաթիի դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու Պութրոս Ասաքեր, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ ուժերու հրամանատարին ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի...

Հայկական Զօրամասը Կը Մասնակցի  ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Կազմաւորման  44-րդ Տարեդարձին

Հայկական Զօրամասը Կը Մասնակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Կազմաւորման 44-րդ Տարեդարձին

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու Նաքուրայի կեդրոնատեղիին մէջ, նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու կազմաւորման 44-րդ տարեդարձի նշումը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական զօրամասը:

Միրզոյեան. «Արցախահայութեան Իրաւունքները  Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Հարցը  Մեզի Համար Սկզբունքային Են»

Միրզոյեան. «Արցախահայութեան Իրաւունքները Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Հարցը Մեզի Համար Սկզբունքային Են»

Երէկ` երկուշաբթի, 21 մարտ 2022-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նիստին` Հայաստանի կառավարութեան 28 փետրուար 2022-ի «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրի (2021-2026 թուականներ) 2021 թուականի կատարման ընթացքի եւ արդիւնքներու զեկուցումի մասին» համապատասխան որոշումով հաւանութեան արժանացած զեկուցումի ներկայացման ընթացքին յայտնեց, որ Արցախի հայութեան բոլոր իրաւունքները եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը Հայաստանի համար կը մնան սկզբունքային,...

Արցախի Մէջ Կազամատակարարումը  Պիտի Վերականգնի

Արցախի Մէջ Կազամատակարարումը Կրկին Դադրեցաւ

Ազրպէյճանի ուղղակի միջամտութեամբ Արցախի Հանրապետութեան մէջ կրկին դադրեցաւ կազամատակարարումը: Այս մասին յայտարարութիւն տարածեց Արցախի տեղեկատուական շտապը: «Մենք ունինք բաւարար հիմքեր պնդելու, որ 8 մարտին պայթեցուած կազատարի վերանորոգման աշխատանքներուն ընթացքին ազրպէյճանական կողմը տեղադրած է փական, որուն միջոցով ալ ժամեր առաջ դադրեցուցած է կազամատակարարումը: Ազրպէյճանը ստեղծուած եղանակային անբարենպաստ պայմանները կը ծառայեցնէ մեր ազգաբնակչութեան համար մարդասիրական լրացուցիչ խնդիրներ յառաջացնելու նենգ գործին եւ կը...

Վատիկանի Մէջ,   Նախագահ Աուն. «Չենք Փափաքիր, Որ Լիբանան  Շրջանային Հարցերուն Սակը Վճարէ»

Վատիկանի Մէջ, Նախագահ Աուն. «Չենք Փափաքիր, Որ Լիբանան Շրջանային Հարցերուն Սակը Վճարէ»

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Լիբանան Պիտի Այցելեմ` Վերընձիւղելու Համար Յոյսը»   Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Պապին գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած դռնփակ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն պապը վերստին հրաւիրեց Լիբանան` ընդգծելով, որ Լիբանան դժուար փուլէ մը կ՛անցնի, սակայն վստահաբար յաղթական դուրս պիտի գայ այդ տագնապէն` իր զաւակներուն հաւաքական կամքին ուժով: «Չենք փափաքիր, որ Լիբանան...

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Յանձնառու  Կը Մնայ Ծոցի Երկիրներուն Հետ  Յարաբերութիւնները Վերահաստատելու»

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Յանձնառու Կը Մնայ Ծոցի Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւնները Վերահաստատելու»

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վաղը` չորեքշաբթի, 23 մարտ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին: Վարչապետ Միքաթի երէկ կէսօրին այցելեց Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Տնտեսական խորհուրդներուն հետ` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Մոհամետ Շքէյրի: Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, պատասխանատուներուն եւ ղեկավարութիւններուն միասին գործակցելու, որպէսզի Լիբանան կարենայ շրջանցել ներկայ դժուար...

Դատախազ Ղատա Աունի Որոշումով  Ռաժա Սալամէի Կալուածներուն Դէմ  Արգելք Կը Հաստատուի

Դատախազ Ղատա Աունի Որոշումով Ռաժա Սալամէի Կալուածներուն Դէմ Արգելք Կը Հաստատուի

Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն երէկ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եղբօր` Ռաժա Սալամէի բոլոր ինչքերուն եւ կալուածներուն դէմ արգելք հաստատեց` պաշտպանելու համար Լիբանանի պետական գանձարկղին իրաւունքները, որոնք մսխուած են` ըստ նախնական հետաքննութեան: Միւս կողմէ, դատախազ Աուն Ռիատ Սալամէն ամբաստանեց ապօրինի հարստացումի ու դրամի լուացումի յանցանքներով: Աուն նման յանցանքներով ամբաստանած է նաեւ Ռաժա Սալամէն եւ ուքրանացի Աննա Քոզաքովան,...

Հայաստանը Եւ Արցախը Խստիւ Կը Դատապարտեն  Շուշիի Մէջ Տեղի Ունեցած Ձեռնարկին  Ազրպէյճանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Մասնակցութիւնը

Հայաստանը Եւ Արցախը Խստիւ Կը Դատապարտեն Շուշիի Մէջ Տեղի Ունեցած Ձեռնարկին Ազրպէյճանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Մասնակցութիւնը

Ազրպէյճանական իշխանութիւնները Շուշիի մէջ հանդիսաւոր ձեռնարկ կազմակերպած են` նուիրուած ՄԱԿ-ին Ազրպէյճանի անդամակցութեան 30-ամեակին: Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ըսած էր, որ ՄԱԿ-ին` Ազրպէյճանի անդամակցութիւնը պիտի նշուի «ազատագրուած Շուշիի մէջ, ուր պիտի ծածանի ՄԱԿ-ի դրօշը, եւ նախաձեռնութեան պիտի մասնակցին ՄԱԿ-ի կառոյցներու պաշտօնական ներկայացուցիչներ»: Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի Մնայուն Համակարգողի Պաշտօնակատարին Խիստ Բողոքագիր Ներկայացուց Հայաստանի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մնայուն...

Միքաթի. «Կառավարութեան Նպատակն Է  Երկրին Հաւասարակշռութիւնները Պահպանել»

Միքաթի. «Կառավարութեան Նպատակն Է Երկրին Հաւասարակշռութիւնները Պահպանել»

Դատական Իշխանութիւններուն Եւ Դրամատուներուն Միջեւ Մագլցումները Կրնան Սրիլ Մինչ Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն այսօր հարցաքննութեան հրաւիրած է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, վերջինս կը զգուշացնէ պատասխանատուները, թէ ինք պատրաստ է ամէն ինչ բացայայտել, եթէ իր եղբայրը` Ռաժա Սալամէն դատավարութեան ենթարկուի: Քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահն ու անոր քաղաքական խմբաւորումը դրամատուներու հարցով իրենց սկսած մագլցումը մտադրած են...

Նախագահ Աուն Մեկնեցաւ Հռոմ

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու ընդհանուր իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցերն ու ընտրական նախապատրաստութիւնները: Պըրրի եւ Յ. Բագրատունի ընդգծեցին երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:  

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Մէջ  ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական  Ներկայացուցիչին Յղեց Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչին Յղեց Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքային յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց. «Ազրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը 18 մարտին վերջերս բռնագրաւուած Շուշիի մէջ մասնակցեցաւ Ազրպէյճանի` ՄԱԿ-ի անդամակցութեան 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը բուռն կերպով կը դատապարտէ ՄԱԿ-ի գրասենեակին մասնակցութիւնը այդ ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հայկական պատմական այդ...

«Մեր Շուկան» Միօրեայ Նախաձեռնութիւնը Ունեցաւ  Մեծաթիւ Մասնակիցներ Եւ Այցելուներ

«Մեր Շուկան» Միօրեայ Նախաձեռնութիւնը Ունեցաւ Մեծաթիւ Մասնակիցներ Եւ Այցելուներ

Շուրջ երկու տարիէ ի վեր «Քորոնա» ժահրին պարտադրած սահմանափակումներուն  եւ տնտեսական կացութեան պատճառով Լիբանանի մէջ տիրող անդամալոյծ վիճակէն ետք, ահաւասիկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը քաջութիւնը ունեցաւ նախաձեռնելու «Մեր շուկան» ցուցահանդէս-վաճառքը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ժողովուրդին մէջ: Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, երէկ` կիրակի, 20 մարտի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին «Մասթըր մոլ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր շուկան» միօրեայ նախաձեռնութեան բացումը: «Մեր շուկան»...

Արցախի Մէջ Վնասուած Կազատար Խողովակի  Վերանորոգութեան Աշխատանքները Աւարտեցան

Արցախի Մէջ Վնասուած Կազատար Խողովակի Վերանորոգութեան Աշխատանքները Աւարտեցան

Արցախի մէջ վնասուած կազատար խողովակի վերանորոգման աշխատանքները աւարտեցան: Արցախի տեղեկատուական շտապէն յայտնեցին, որ հաշուի առնելով կազատարի` 10 օր շարունակ չգործելու հանգամանքը, այժմ կը կատարուին թեքնիք կարգ մը աշխատանքներ` կազի պատշաճ եւ անխափան փոխադրումն ու մատուցումը բաշխիչ ցանցերուն ապահովելու ուղղութեամբ: «Նշուած աշխատանքները աւարտելէ ետք կազամատակարարումը կը վերականգնուի: Կրկին կը յորդորենք բոլոր բաժանորդներուն պահպանելու զգօնութիւն, որպէսզի կազամատակարարման վերականգնման պահուն կազի արտահոսք ու...

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի  Զեկուցումը Ուղարկուեցաւ ԵԱՀԿ-ի  Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի Զեկուցումը Ուղարկուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հրապարակեց «2022 թուականի փետրուար-մարտ ամիսներուն Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու խախտումներու մասին» եռալեզու (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն) միջանկեալ զեկուցումը: Զեկուցումը ուղարկուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջնային իրաւագիր ունեցող կառոյցներուն եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն: Զեկուցումին մէջ հակիրճ անդրադարձ կատարուած է 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմանի յայտարարութեան ընդունումէն ետք Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բնակչութեան կեանքին, առողջութեան, ֆիզիքական...

Ուաշինկթըն Պատրաստ Է Երեւանին Ու Պաքուին  Աջակցելու` Հասնելու Համար  Բոլոր Խնդիրներու Համապարփակ Լուծման

Ուաշինկթըն Պատրաստ Է Երեւանին Ու Պաքուին Աջակցելու` Հասնելու Համար Բոլոր Խնդիրներու Համապարփակ Լուծման

Մինսքի խմբակի համանախագահ Միացեալ Նահանգները Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն աշխուժացնելու դիւանագիտական ջանքերը` հասնելու համար բոլոր խնդիրներու համապարփակ լուծման: Ուաշինկթըն պատրաստ է այս հարցին մէջ աջակցելու Երեւանին ու Պաքուին: Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն այսպէս պատասխանած են «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ ի՞նչ դիրքորոշում ունին Միացեալ Նահանգները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուելիք խաղաղութեան համաձայնագիրի բանակցութիւնները ղարաբաղեան տագնապի լուծման լիազօրութիւն...

Իշխանութեան Պետերը Կոչ Ուղղեցին  Միացեալ Նահանգներուն Շարունակելու Իրենց  Միջնորդութիւնը` Ծովային  Սահմանագծումին Հարցով

Իշխանութեան Պետերը Կոչ Ուղղեցին Միացեալ Նահանգներուն Շարունակելու Իրենց Միջնորդութիւնը` Ծովային Սահմանագծումին Հարցով

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրին Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որոնց հետ քննարկեց ծովային սահմանագծումի թղթածրարին հարցով ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայնի ներկայացուցած առաջարկը: Հանդիպումին ընթացքին իշխանութեան պետերը կոչ ուղղեցին Միացեալ Նահանգներուն շարունակելու իրենց միջնորդութիւնը` ծովային սահմանագծումին իմաստով Իսրայէլի հետ ընթացող անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ: Իշխանութեան պետերը ամերիկացի միջնորդին կոչ ուղղեցին գործելու Լիբանանի գերագոյն...

«Սփիւռքի Տարուան» Առիթով Վեհափառ Հայրապետի Գլխաւորութեամբ  Առցանց Քննարկում

«Սփիւռքի Տարուան» Առիթով Վեհափառ Հայրապետի Գլխաւորութեամբ Առցանց Քննարկում

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին 2022-ը «Սփիւռքի տարի» հռչակելուն առիթով, հինգշաբթի, 17 մարտ 2022-ին տեղի ունեցաւ առաջին առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը: Առցանց նիստին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Սալբի Ղազարեան, Ֆրանսայէն` Յովէլ Շնորհօքեան, Տիգրան Եկաւեան, Անգլիայէն` Հրաչ Գույումճեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան: Կամքէ անկախ պատճառներով նիստին չկրցան մասնակցիլ հարաւային Ամերիկայէն` Խաչիկ...

Արցախի Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց  «Հայաստան» Դաշինքի Պատգամաւորները

Արցախի Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց «Հայաստան» Դաշինքի Պատգամաւորները

Երէկ` 17 մարտին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան հանդիպում ունեցած է Արցախ հասած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեանի, Գեղամ Մանուկեանի, Ելենա Կիրակոսեանի եւ Քրիստինէ Վարդանեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «ՀՅ Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեանը եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Բալայեանը, Արցախի Հանրապետութեան...

Page 313 of 797 1 … 312 313 314 … 797

Արխիւներ