28 մայիսին Սարդարապատէն եւ Բաշ Ապարանէն տեղի ունեցաւ «Դիմադրութեան» շարժման ինքնաշարժներու երթ, որ աւելի ուշ հասաւ Հանրապետութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանրահաւաք:
Ապարանի մէջ շարժման մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին զօրավար Դրոյի յիշատակին: Յատկանշական է, որ հոն էին նաեւ Դրաստամատ Կանայեանի թոռը` Ֆիլիպ Կանայեան եւ Արդարութեան մարտիկ Համբիկ Սասունեան: Անոնք հպարտութիւն յայտնեցին, որ կը գտնուին «Դիմադրութեան» շարժման անդամներուն հետ, որոնք կը շարունակեն նախնիներու սրբազան երթը:
Այլ խումբ մը այցելեց Սարդարապատի յուշահամալիր, ուր եւս յարգանք տուրք մատուցուեցաւ մայիսեան յաղթանակը կերտողներուն յիշատակին:
Նոյն օրը երեկոյեան Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութեան» շարժման համապետական բազմամարդ հանրահաւաք, որ ընթացք առաւ Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, որոնցմէ ետք հանրահաւաքի մասնակիցները միասին երգեցին «Սարդարապատ» երգը:
Երգի աւարտին հնչեցին «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» վանկարկումներ, ապա ընթերցուեցան հատուածներ հայոց զոյգ կաթողիկոսներու ուղերձներէն:
ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Այսօրուան խորհուրդը հսկայական է: Մայիս 28-ի խորհուրդով է, որ մենք կրցանք մեր ինքնութիւնը պահպանել, աշխարհի քարտէսին վրայ մեր տեղը անսասան արձանագրել: Ան նշեց, որ մայիս 28-ով հիմը դրուեցաւ նորօրեայ պատմութեան, որուն ընթացքին ունեցած ենք մեծ յաղթանակներ, յաջողութիւններ: Ռուստամեան շեշտեց, որ յաղթանակները պահելու համար պէտք է շարունակել պայքարը, մերժել նոր զիջումները եւ տէր կանգնիլ Հայաստանին ու Արցախին:
Իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ 104 տարի առաջ մեր նախնիները դուրս եկան պայքարի ու յաղթանակեցին, որպէսզի ծնի Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այսօր տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կրկին պայքարի ելած են, հայ ժողովուրդը կանգնած է գոյաբանական նոյն խնդիրին դէմ յանդիման:
Ան ընդգծեց, որ մեր դիմաց նոյն ցեղասպան Թուրքիան է, նոյն Ազրպէյճանը` նոյն ծրագիրներով ու գործիքներով, ուստի պէտք է նոյն պայքարը շարունակել, նաեւ` ներքին ճակատի վրայ, որովհետեւ ներկայ իշխանութիւնը օրինականութիւն չունի բանակցութիւններ վարելու եւ ժողովուրդին անունով որոշում տալու:
Այնուհետեւ ցուցարարները երթ կատարեցին Մաշտոցի պողոտայ-Կորիւն-Նալբանդեան փողոցներով` ծաղիկներ զետեղելով Արամ Մանուկեանի արձանին: Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ արձանին դիմաց ո՛չ միայն Արամ Մանուկեանին նկատմամբ յարգանք կը մատուցուի, այլ նաեւ խոստում կը տրուի շարունակելու անոր ու իրեն նման նուիրեալներու երթը: