Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

Յունիս 30, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 28 յունիս 2022-ին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոնի «Բագին»-ի գրասենեակ եւ հանդիպում մը ունեցաւ Համազգայինի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան անդամներու հետ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նախ եւ առաջ շնորհաւորեց նորընտիր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր աշխատանքներուն: Ապա անդրադարձ կատարուեցաւ Համազգայինի տարբեր շրջաններու գործունէութեան եւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու ու մտահոգութիւններու փոխանակում: Այս գծով անհրաժեշտ նկատուեցաւ Համազգայինի կառոյցներ ստեղծելու աշխատանքը շարունակել Արեւմտեան Եւրոպայի տարածքին, ինչպէս նաեւ յատուկ ճիգով աշխուժացնել Համազգայինի գործունէութիւնը Եւրոպայի եւ ոչ գործօն այլ շրջաններու մէջ:

Յատուկ կերպով խօսուեցաւ Համազգայինի կրթական կառոյցներու, մասնաւորաբար Պէյրութի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի եւ Մարսէյի Ճեմարանի աշխատանքներուն մասին:  Անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ հայ դպրոցը կանգուն պահելու առաջնահերթութիւնը եւ այս առնչութեամբ համագաղութային առումով նիւթաբարոյական աջակցութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը:

Արծարծուեցաւ Համազգայինի յառաջիկայ փուլի գործունէութիւնը, եւ զեկուցուեցաւ եկող ամիսներուն իրականացուելիք ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մասին, ինչպէս` Հայաստանի մէջ Ուսանողական ֆորում, «Բագին» պաշտօնաթերթի 60-ամեակ, գումարուելիք գիտաժողովները եւ այլ ծրագիրներ:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտը դրուեցաւ նաեւ ուղեկից միութիւններու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութեան վրայ, եւ այս ուղղութեամբ քննարկուեցան ձեռնարկուելիք յառաջիկայ քայլերը: Խօսուեցաւ նաեւ այլ կազմակերպութիւններու հետ գործակցութեան կարելիութիւններու մասին:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Բերձորը Յանձնելով` Թշնամին Կը Յայտնուի Տեղ Գիւղի Սահմանին, Ուր Առաջնագիծ Չկայ»

Յաջորդը

ՕԹԱՆ Հաստատեց Իր Ռազմավարական Նոր Հայեցակարգը, Ռուսիան Անվտանգութեան Գլխաւոր Սպառնալիք Յայտարարեց Եւ Շուէտի Ու Ֆինլանտայի Անդամակցութեան Մեքանիզմը Որդեգրեց

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Պատժել Օրպանը` Պոյքոթի Ենթարկելով Հունգարիոյ Արտաքին Քաղաքական Վեհաժողովը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Օրպան 7 Նոյեմբերին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Թրամփի Հետ` Ռուս-Ամերիկեան Վեհաժողովի Պատրաստութեան Համար

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?