Գլխաւոր լուրեր

Տարբեր Ուղղութիւններով Ինքնաշարժներու Երթ Եւ Հանրահաւաք` Երեւանի Մէջ

Տարբեր Ուղղութիւններով Ինքնաշարժներու Երթ Եւ Հանրահաւաք` Երեւանի Մէջ

Դիմադրութեան շարժումը 11 մայիսին Երեւանի փողոցներուն մէջ տարբեր ուղղութիւններով իրազեկման անհնազանդութեան ինքնաշարժներով երթ կատարեց` հայրենասիրական երգերու ընկերակցութեամբ: ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան դիտել տուաւ, որ ցուցարարներուն միացողներ կան, ինքնաշարժներէն ազդանշան կու տան, որ այս շարժումին զօրակից են: Անդրադառնալով մարզային այցելութիւններուն` ան ըսաւ, որ անոնք շարունակական բնոյթ պիտի կրեն, հակառակ անոր որ անբարոյական քարոզչութիւն կը տարուի այս շարժումին դէմ:...

«Թող Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Օրը Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Համար Ըլլայ Անկիւնադարձային Փուլ Մը` Ժողովրդավարութեան Ճամբուն Վրայ»  Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

«Թող Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Օրը Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Համար Ըլլայ Անկիւնադարձային Փուլ Մը` Ժողովրդավարութեան Ճամբուն Վրայ» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանէն կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն կիրակի, 15 մայիսին մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Ան նշեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն պարագային յաջողութեամբ պսակուած երկու փուլերը կրցան Լիբանանի մէջ բնակող քաղաքացիներուն եւ արտերկրի լիբանանցիներուն միջեւ կապը զօրացնել: «Կառավարութիւնը` ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան ընդմէջէն բոլոր միջոցառումները որդեգրած է` ապահովելու համար քուէարկող կողմին ապահովութիւնն ու ազատութիւնը: Սակայն հիմնական դերակատարութիւնը կը մնայ...

Ընտրական Ժողովրդային Հաւաք` Այնճարի Մէջ

Ընտրական Ժողովրդային Հաւաք` Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ ընտրական յանձնախումբերուն, երեքշաբթի, 10 մայիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին,  Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ընտրական ժողովրդային հաւաք: Ձեռնարկը ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ նուագուած Լիբանանի, Հայաստանի  եւ Արցախի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Արտակ Կէօքճեան, որ դիտել տուաւ, թէ, ինչպէս միշտ,...

Ակնարկ.  Նոր Խորհրդարանի Ուրուագիծը` Երկարաժամկէտ  Ծրագիրի Առաջին Փուլը

Ակնարկ. Նոր Խորհրդարանի Ուրուագիծը` Երկարաժամկէտ Ծրագիրի Առաջին Փուլը

Շուտով ընտրուելիք խորհրդարանին համապատկերի ուրուագծման փորձը անպայման յստակ եւ բացարձակ կանխատեսում չէ: Ո՛չ ալ նախնական արդիւնք` քուէարկողներու հետ իրականացած հարցախոյզի տուեալներու հիման վրայ: Ուրուագծումը քաղաքական վերլուծման հիման վրայ գծուած պատկեր է: Այսպէս. յայտարարուած առաջադրանք է համայնքայինէն քաղաքացիական պետութեան անցումը: Քարոզչաքաղաքական ցանցային մեքենաներ լիբանանեան ամբողջ ողբերգութիւնը կ՛ուզեն բարդել գործող համակարգին վրայ եւ անկէ դուրս գալու միակ միջոցը կը նկատեն համակարգային փոփոխութիւնը....

«Դիմադրութեան» Շարժման Ժողովրդային  Բողոքի Շարժումները Կը Շարունակուին

«Դիմադրութեան» Շարժման Ժողովրդային Բողոքի Շարժումները Կը Շարունակուին

10 մայիսի երեկոյեան սկիզբ առաւ «Դիմադրութեան» շարժման հերթական հանրահաւաքը: Հանրահաւաքէն ետք ներկայացուեցաւ համերգային ծրագիր: Ապա ելոյթներ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» դաշինքի պատգամաւոր Աննա Մկրտչեան, դերասան Լեւս Դաւթեան, ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան եւ «Հայրենիք» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Խաչիկ Գալստեան: Ելոյթ ունեցողները իրենց խօսքին մէջ հիմնաւորեցին այս իշխանութիւններու հրաժարականի հրամայականը, մեղադրեցին գործող իշխանութիւնը` երկիրը պարտութիւններու...

Քննարկուած Են «Դիմադրութեան» Շարժման  Զարգացումները Արցախի Մէջ

Քննարկուած Են «Դիմադրութեան» Շարժման Զարգացումները Արցախի Մէջ

Երէկ` 10 մայիսին Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում կայացած է Արցախի Արդարութիւն, ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Հանդիպման ժամանակ քննարկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ծաւալած համահայկական «Դիմադրութեան» շարժման ընթացքը, տեղեկութիւններ փոխանակուած են շարժման գործընթացներուն մասին: Միտքեր փոխանակուած են Արցախի մէջ նկատուող «Դիմադրութիւն» շարժման զարգացումներուն եւ անոնց կազմակերպուած ընթացք տալու մասին:    

Դեսպան Դոկտ. Նորա Արիսեան Նախագահ Ալ-Ասատի Դիմաց Իր Երդումը Տուաւ

Դեսպան Դոկտ. Նորա Արիսեան Նախագահ Ալ-Ասատի Դիմաց Իր Երդումը Տուաւ

Երեքշաբթի, 10 Մայիս 2022-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր նորընտիր դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեան երդում տուաւ Նախագահ Պաշար ալ-Ասատի դիմաց: Երդման արարողութենէն ետք, դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանին հետ հանդիպման ընթացքին, նախագահ ալ-Ասատ ողջունեց նորանշանակ դեսպանը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: Նախագահը, երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու առնչութեամբ իր ցուցմունքներն ու թելադրանքները փոխանցեց դեսպան դոկտ. Արիսեանին: Յայտնենք,...

«Դիւրին Ու Դժուար Պայմաններու Մէջ Մենք Մեր Ժողովուրդին Կողքին Ենք, Կը Հաւատանք Ժողովուրդ-Կուսակցութիւն Անքակտելի Կապին Եւ Անխորտակելի Ուժին» Հաստատեց Յ. Բագրատունի

«Դիւրին Ու Դժուար Պայմաններու Մէջ Մենք Մեր Ժողովուրդին Կողքին Ենք, Կը Հաւատանք Ժողովուրդ-Կուսակցութիւն Անքակտելի Կապին Եւ Անխորտակելի Ուժին» Հաստատեց Յ. Բագրատունի

«Աղբալեան» Կոմիտէութեան Կազմակերպութեամբ Ընտրական Ընթրիք ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, 9 մայիսի երեկոյեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միասի՛ն, երէկ, այսօր եւ մի՛շտ» կարգախօսով ժողովրդային ընթրիք-հաւաք մը, որուն ներկայ էին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ-ի առաջադրած երեսփոխանական թեկնածուները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, շրջանին հայորդիները:...

Ակնարկ.   Արտերկրի Լիբանանեան Քուէին Ուղղութիւնները

Ակնարկ. Արտերկրի Լիբանանեան Քուէին Ուղղութիւնները

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արտերկրի փուլը ուշագրաւ երեւոյթներ պարզեց: Նախ, անշուշտ մասնակցութեան համեմատական բարձր ցուցանիշը: Երկրորդ դասական-աւանդական շրջանակներէն դուրս այլ շրջանակներու աշխուժ մասնակցութիւնը: Դիտարժան էր նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան բաժանմունքին կազմակերպուածութիւնը: Բնականաբար ներկայ հաղորդակցային համակարգի արհեստագիտութիւնը լիարժէք օգտագործուած էր ընտրութիւններուն աշխարհագրութիւնը, ժամերու տարբերութիւնը  եւ բազմաքուէակեդրոններու իրողութիւնը նկատի ունենալով: Երեւոյթի գնահատականներ հնչեցին պետական բարձրագոյն օղակներէն: Բնականաբար առաջին հարցումը, որ կը մտաբերուի...

Սաղաթէլեան Հրապարակեց Յառաջիկայ Փուլին Հայեցակարգը

Սաղաթէլեան Հրապարակեց Յառաջիկայ Փուլին Հայեցակարգը

«Դիմադրութեան» Շարժման Համազգային Հանրահաւաքի Եւ Քայլերթի Մասնակիցներուն Թիւը Կ՛աւելնայ 9 մայիսին Ֆրանսայի հրապարակէն մեկնարկեց «Դիմադրութեան» շարժման համազգային հանրահաւաքը: Հանրահաւաքէն առաջ ներկայացուեցաւ համերգային ծրագիր: Ապա ելոյթներ ունեցան Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողական խորհուրդի նախագահ Դաւիթ Ափոյեան, Արցախի խորհրդարանի 3-րդ գումարման պատգամաւոր ու Ասկերանի նախկին քաղաքապետ Ալեոշա Գաբրիէլեան, Միացեալ Նահանգներէն հանրահաւաքին մասնակցելու համար Երեւան ժամանած, գործիչ Յովիկ Սալիպա, Սիսական գունդի հրամանատար Աշոտ Մինասեան...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Սփիւռքը  Լաւագոյն Գրաւականն Է Հզօր Հայրենիքի»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Սփիւռքը Լաւագոյն Գրաւականն Է Հզօր Հայրենիքի»

Երէկ` 9 մայիսին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները այցելած են Եռաբլուր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Շուշիի ազատագրման պայքարին զոհուած հերոսներու յիշատակին: «Փառք ու պատիւ զոհուած տղոց: Այս Եռատօնը մեզի համար կը խորհրդանշէ այն վճռականութիւնը, որ ունի հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ` պաշտպանել իր իրաւունքը: Եւ այսօր այդ իրաւունքի առաջին գիծին վրայ է Արցախը: Դժուար է ըսել` ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս, բայց մէկ բանի մէջ...

«Նիկոլ Դուման» Եւ «Ս. Թեհլիրեան» Կոմիտէութիւններուն Կազմակերպութեամբ`  Ժողովրդային Ընթրիք` Քաղաքապետարանի Դաշտին Կից

«Նիկոլ Դուման» Եւ «Ս. Թեհլիրեան» Կոմիտէութիւններուն Կազմակերպութեամբ` Ժողովրդային Ընթրիք` Քաղաքապետարանի Դաշտին Կից

Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններէն օրեր առաջ, երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին կառատան դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք-ընթրիք` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութիւններուն: «Միասի՛ն, երէկ այսօր մի՛շտ» ՀՅ Դաշնակցութեան 2022-ի ընտրական կարգախօսով, Եռագոյնով ու Դաշնակցութեան դրօշներով զարդարուած հաւաքավայրը բերնէ բերան լեցուած էր շրջանի բնակչութեամբ, որոնք եկած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու ՀՅ Դաշնակցութեան եւ անոր առաջադրած թեկնածուներուն:...

Խմբագրական.    Շուշիի Վերաազատագրման  Յանձնառութեան Օր

Խմբագրական. Շուշիի Վերաազատագրման Յանձնառութեան Օր

Մայիսեան եռատօնի մթնոլորտը, նշումի տարողութիւններն ու եղանակները փոխուած են հիմնովին: Հիմնականին մէջ Մայիս 8-ը կը վերաբերէր Շուշիի ազատագրութեան, որ իսկապէս բեկումնային էր ո՛չ միայն Արցախի ազատագրութեան, այլ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կայացման գործընթացին մէջ: Շուշին առաջնայնօրէն ռազմագիտական եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունէր: Այդ արժեւորումը բոլոր առումներով կատարած էր հայկական կողմը` ազատագրելու Շուշին: Շուշիի արժէքը եւ իւրայատկութիւնը գնահատած էր նաեւ թշնամին եւ միայն...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Յայտարարութիւն

Ժողովրդական արդար ընդվզումը կասեցնելու եւ բողոքի համազգային ձայնը խլացնելու նպատակով ողջ իրաւապահ համակարգը լծուել է մէկ անձի եւ նրա վարչակարգի բիրտ պաշտպանութեանը: Այս օրերին իրաւապահ համակարգի կողմից համատարած են Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցերի նկատմամբ ոչ իրաւաչափ գործողութիւնները, բիրտ ուժի կիրառումը, մարդորսութիւնն ու բռնաճնշումները: Ոստիկանութեան այս դատապարտելի վարքագիծը դրսեւորւում է թէ՛ մայրաքաղաքում, թէ՛ մարզերում, այն ուղղուած է հանրութեան մէջ...

Խուզարկութիւններ` ՀՅԴ Գրասենեակներուն Մէջ.  «Դիմադրութեան» Շարժման Հանրահաւաքները  Եւ Քայլերթները Կը Շարունակուին

Խուզարկութիւններ` ՀՅԴ Գրասենեակներուն Մէջ. «Դիմադրութեան» Շարժման Հանրահաւաքները Եւ Քայլերթները Կը Շարունակուին

Կիներու Մասնակցութեամբ Երթ` Յանուն Հայաստանի Եւ Արցախի Երէկ` կիրակի, 8 մայիս 2022-ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ իշխանութիւնները խուզարկութիւններու սկսած են Արմավիրի մարզի ՀՅԴ գրասենեակներուն մէջ: Դաշնակցութեան անդամներէն ոմանց բերման ենթարկած են եւ իրաւապահ մարմիններու վատագոյն աւանդութիւններուն համաձայն «գործ կը կարեն»: Մեր երկու ընկերները արդէն կալանաւորուած են: Անոնք երկուքն ալ երեք պատերազմներու...

Արտերկրի Լիբանանցիները Մեծ Աշխուժութեամբ  Մասնակցեցան Լիբանանի  Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

Արտերկրի Լիբանանցիները Մեծ Աշխուժութեամբ Մասնակցեցան Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

Անցնող շաբաթավերջը Լիբանանին համար եղաւ եռուն` արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան առումով: Արտերկրի լիբանանցիները իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ փաստեցին իրենց կապուածութիւնը Լիբանանին` նկատի ունենալով քուէարկելու իրենց խանդավառութիւնն ու անոր հիմամբ արձանագրուած համեմատութիւնը: 6 եւ 8 մայիսին 5 ցամաքամասերու վրայ գտնուող օտար երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն կարելի եղաւ հետեւիլ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիէն: Գումակային աշխատանքներն ու դասաւորումները որդեգրած նախարարութիւնը...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կոչ Ուղղեց`  Վերականգնելու Լիբանանի  Նահատակաց Տօնին Լիարժէք Իմաստը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կոչ Ուղղեց` Վերականգնելու Լիբանանի Նահատակաց Տօնին Լիարժէք Իմաստը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 6 մայիսին` Լիբանանի Նահատակաց տօնին առիթով լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Լիբանանի Նահատակաց օրուան նշումը ձեւախեղուած է, եւ իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիներ նկատել կու տանք, որ անընդունելի է անտարբեր մնալ ազգային Նահատակաց օրուան նման աղաւաղումի ենթարկուելուն դիմաց: Նահատակաց օրը իր էութենէն պարպելը Լիբանանի ազգային պատմութիւնը վերաշարադրանքի ենթարկելու համազօր արարք է: «Մայիս 6-ը խորհրդանիշն է ամբողջ ցեղասպանական...

Խմբագրական.  Բանա՛լ Սովամահութեան Բոլոր Ծալքերը (Լիբանանի Նահատակաց Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Բանա՛լ Սովամահութեան Բոլոր Ծալքերը (Լիբանանի Նահատակաց Օրուան Առիթով)

Լիբանանի Նահատակաց բազմաչարչար օրուան նշումը ձեւախեղուած է վաղուց: Օսմանեան կայսրութեան կողմէ լիբանանցիներուն նկատմամբ ջարդարարական քաղաքականութեան, կախաղաններուն եւ կանխամտածուած սովամահութեան խորհուրդը արժեզրկուած է: Լիբանանը փոխած է իր պետական տօնացոյցը: Այս բոլորը վերածուած են Լիբանանցի նահատակ լրագրողներու յիշատակը նշող օրուան: Խնդիրը այն է, որ պետական գրիչի հարուածով միանգամայն կայացած այս որոշումը եթէ բովանդակազրկման ենթահող չունենար երկրին մէջ, այսքան հեզասահ, անարձագանգ չէր անցներ:...

«Զարթնի՛ր Լաօ» Կարգախօսով Դիմադրութեան  Շարժման Հանրահաւաքները  Եւ Քայլարշաւները Կը Շարունակուին

«Զարթնի՛ր Լաօ» Կարգախօսով Դիմադրութեան Շարժման Հանրահաւաքները Եւ Քայլարշաւները Կը Շարունակուին

5 մայիսին եւս Ֆրանսայի հրապարակէն ընթացք առաւ Դիմադրութեան շարժման բազմահազարնոց հանրահաւաքը, որուն մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նոյն օրը ցուցարարներուն համար տրամադրուած վրաններէն մէկուն մէջ մահացած քաղաքացիին յիշատակը: «Առանց Նիկոլ Հայաստան» վանկարկումներով երթը ընթացք առաւ, եւ քայլարշաւ կատարուեցաւ Երեւանի փողոցներուն մէջ, ուր մեծաթիւ ոստիկաններ տեղակայուած էին: «Տէր ենք մեր հայրենիքին», «Պայքար, պայքար» վանկարկումներով քայլերթը հասաւ Ֆրանսայի հրապարակ, ուր շարունակուեցաւ հանրահաւաքը:...

Դիմադրութեան Շարժումը Յայտարարութեամբ Մը  Պահանջեց Փաշինեանի Հրաժարականը

Դիմադրութեան Շարժումը Յայտարարութեամբ Մը Պահանջեց Փաշինեանի Հրաժարականը

«Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան 4 մայիսի առաւօտեան յայտարարեց, որ նկատի առնելով վարչապետ Փաշինեանի կատարած ճակատագրական սխալները, Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ դրժուած խոստումները, այդ բոլորին պատճառով ներկայիս տիրող ողբերգական վիճակը` օրերէ ի վեր Ֆրանսայի հրապարակին վրայ համախմբուած եւ Երեւանի փողոցներուն մէջ երթեր կատարող ցուցարարները կը հաստատեն, որ այժմու վարչապետը օրինականութիւն չունի, պետութիւնը նոր զիջումներու տանելու իրաւունք չունի,...

Page 305 of 797 1 … 304 305 306 … 797

Արխիւներ