Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախը Այսօր» Խորագիրով Զեկուցական Հանդիպում

July 1, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 30 յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախը այսօր» ձեռնարկը:

Յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Նարէ Գալեմքէրեան, որ անդրադարձաւ նախորդ ամիսներուն ընթացքին յանձնախումբին կազմակերպած աշխատանքներուն եւ անոնց նպատակին:

Յանձնախումբի խօսքէն ետք զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան, որ ներկայացուց Արցախի ընդհանուր կացութիւնը եւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք արցախահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները` ընդգծելով յատկապէս ներկայ վիճակին մէջ Արցախի ժողովուրդին ապրելու եւ գոյատեւելու կամքը:

Սրբազանը հաստատեց, որ ներկայ ժամանակներուն մէջ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար խիստ հրամայականէ միասնական եւ համախմբուած ըլլալը: Արցախի առաջնորդ սրբազանը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց Ս. Էջմիածինի կողմէ գրաւեալ տարածքներուն մէջ գտնուող եւ Ազրպէյճանի կողմէ բնաջնջման գործողութիւններու ենթարկուուղ կրօնամշակութային կոթողներու միջազգայնացման աշխատանքները:

Սրբազան հօր խօսքէն ետք, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը Արցախի հարցին վերաբերեալ:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան զեկուցեց Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի եւ կորուստներու վերականգնման համար Դաշնակցութեան տարած քարոզչաքաղաքական, մշակութային ժառանգութեան պահպանման  եւ իրաւական ուղղութեամբ բազմաբնոյթ աշխատանքներուն մասին: Տէր Խաչատուրեան շեշտեց սփիւռքի գործօնի ազդեցութեան կարեւորութիւնը` պաշտպանելու եւ վերականգնելու համար Արցախի բոլոր իրաւունքները:

Նախորդը

Սրբալոյս Միւռոնը Հայ Եկեղեցւոյ Միութեան Խորհրդանիշ Է

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.