Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահրամ Բալայեան. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Լուծուած Չէ»

Յունիս 27, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 յունիսին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած էր Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամովի եւ Սէրկէյ Լաւրովի հանդիպումը: Հակառակ Ուաշինկթընի մէջ հնչող պնդումներուն, թէ Ամերիկան պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը Մոսկուայի հետ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ, այսուհանդերձ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը Պաքուի մէջ կրկին պնդած է` բանակցային այդ ձեւաչափը այլեւս գոյութիւն չունի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ օգտագործուեցաւ նաեւ «յետհակամարտային» իրավիճակ եզրոյթը: Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Բալայեանի համաձայն, Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ներկայացուցիչները մշտապէս բարձրաձայնած են, որ տագնապը լուծելու անհրաժեշտութիւն գոյութիւն ունի եւ, կը կարծեմ, որ Լաւրովի ըսած այդ միտքը կարելի է այդ ծիրին մէջ դիտարկել: Այս մասին «Artsakh speaks» լրատուականի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Վ.Բալայեան:

«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ բազմիցս շեշտուած է ո՛չ միայն Ազրպէյճանի պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներու ժամանակ, այլեւ ընդհանրապէս տարբեր ձեւաչափերով, որ կայ տագնապ եւ այդ տագնապը լուծելու անհրաժեշտութիւն: Եղած է պատերազմ. պատերազմը աւարտած է, բայց տագնապը չէ լուծուած եւ երկարատեւ խաղաղութիւն ապահովելու առումով անհրաժեշտութիւն կայ, որ տագնապը վերջնականապէս լուծուի», նշեց Վ. Բալայեան:

Մինչ այդ, Ազրպէյճանի նախագահը Լաւրովին հետ հանդիպումին կը մեղադրէ, որ հայկական կողմը կը ձգձգէ խաղաղութեան օրակարգը եւ չի կատարեր ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները: Աւելի կանուխ Երեւանը յայտարարած էր, թէ առաջարկած է Պաքուի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման զուգահեռ նաեւ Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու իրաւունքներու, անվտանգութեան եւ կարգավիճակի հարցը քննարկել:

Վահրամ Բալայեանի կարծիքով, Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւն հասկացողութիւնը, որեւէ առնչութիւն չունի մեր անկախութեան եւ պետականութեան հետ, որովհետեւ միշտ` մինչեւ խորհրդային հատուածը ունեցած ենք պետականութիւն, խորհրդային ժամանակաշրջանին մէջ մենք ինքնավար կարգավիճակ ունեցած ենք:

«Եթէ միջազգային հանրութեան կողմէ Ազրպէյճանի տարածք կը  դիտարկուի օրինակ Ակնան կամ Կովսականը, ապա չեմ կարծեր, որ խօսքը կը վերաբերի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի տարածքներուն, որովհետեւ, ըստ էութեան, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը տարածքային տեսանկիւնէն եղած է Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ, ինչպէս Ազրպէյճանը եղած է Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ: Այսինքն, վարչատարածքային միաւորներ եղած են, որոնք միջազգային իրաւունքի ենթակայ չեն եղած, պարզապէս որոշ հարցեր, մանաւանդ տնտեսական բնոյթի, կառավարուած են Ազրպէյճանի կողմէ: Այնպէս որ այս տեսանկիւնէն Ազրպէյճանի հետ տարածքային ամբողջականութիւն հասկացողութիւնը որեւէ առնչութիւն չունի մեր անկախութեան եւ պետականութեան հետ, որովհետեւ միշտ թէ՛ մինչեւ խորհրդային հատուածը ունեցած ենք պետականութիւն, թէ՛ խորհրդային ժամանակահատուածին մէջ մենք ինքնավար կարգավիճակ ունեցած ենք, ինչպիսի քիչ մը աւելի բարձր կարգավիճակ ունեցած է Ազրպէյճանը Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ», աւելցուց Բալայեան:

Նախորդը

Խմբագիրներ. «Հրապարակաւ Կը Հրաժարինք Փաշինեանին Ձեւական Հարցում Ուղարկելէ»

Յաջորդը

«Կարելի Ամէն Բան Կ՛ընենք, Որպէսզի Ուքրանիան Պարզեցուած Ընթացակարգով Դառնայ Եւրոպական Միութեան Անդամ» Կ՛ըսէ Մաքրոն

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?