Նախկին Նախարար Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Հանդիպումը Պաղտատի Հայութեան Հետ
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլասի գլխաւորած նախարարութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, 9-11 մայիս 2022-ին, Պաղտատի մէջ ունեցաւ պաշտօնական հանդիպումներ, պետական եւ մարմնակրթութեան ոլորտներու պատասխանատուներուն հետ: Պաշտօնական հանդիպումներուն առընթեր, Վ. Օհանեան-Գէորգեան պատեհութիւնը ստեղծեց ծանօթանալու Պաղտատի հայկական գաղութին: Այս շրջագիծին մէջ, ան նախ եւ առաջ այցելեց Ազգային Առաջնորդարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի հայոց առաջնորդ գերշ....




















