Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ» Առցանց 51-րդ Լսարան. Յակոբ Ասատրեան. «Չեխահայ Համայնքը Իւրայատուկ Տեղ Ունի Եւրոպայի Հայ Համայնքներուն Մէջ»

Յուլիս 14, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի առցանց 51-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 11 յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մասնակցութեամբ հայրենի թէ սփիւռքահայ լրագրողներու, պատմագէտներու եւ մտաւորականներու: Օրուան բանախօսն էր Չեխիոյ «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան:

«Ազդակ»-ի անունով Մինաս Հանս Քէհեան վարեց լսարանային այս զրոյցը, ուր աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ ներկաները տեղեկացան չեխահայ համայնքի ծագման, կազմաւորման, գործունէութեան հիմնական փուլերուն եւ այլ իրագործումներուն մասին:

Յակոբ Ասատրեան հակիրճ տողերու մէջ հանգամանօրէն անդրադարձաւ հայութեան ներկայութեան Չեխիոյ մէջ, որ ըստ իրազեկ պատմագէտներու, կ՛երթայ մինչեւ 18-րդ դարու սկիզբը: Արդի շրջանին չեխահայ համայնքը հիմնականին մէջ կազմուած է 1990-ական թուականներէն ետք, յատկապէս` Խորհրդային Հայաստանի անկախացումով եւ սահմաններու բացումով, հազարաւոր հայեր, Հայաստանէն թէ նախկին խորհրդային շրջաններէն, ժամանեցին եւրոպական երկիրներ, որոնց կարգին` Չեխիա: Չեխիոյ հայ համայնքը իւրայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ Եւրոպայի հայկական համայնքներուն մէջ: Հայկական թէ օտար աղբիւրներ անդրադարձած են չեխահայ համայնքի մասին: Ասատրեան իր զեկոյցին մէջ  թուեց չեխահայ համայնքի ականաւոր մշակութային, հոգեւոր թէ մտաւորական դէմքերը: Ըստ գերմանական աղբիւրներու, միջին դարերուն հայ վաճառականներ աշխուժ ներկայութիւն եղած են Չեխիոյ տնտեսական մարզէն ներս, յատկապէս` գորգագործութեան առումով: Աւելի ուշ Արեւմտահայաստանէն յատկապէս եոզկաթցիներ եւ վանեցիներ ժամանած են Չեխիա: Ան նաեւ նշեց հայ ազգային հիմնահարցերուն գծով չեխահայերու կեցուածքին եւ անոնց ունեցած ազգօգուտ ներդրումը, ինչպէս` երբ համայնքի երեւելի դէմքերու ջանքերով 2017-ին Չեխիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին, օրինակ, Քարիլ Հասայի «Արեւելքի սարսափները» խորագրեալ գիրքը կը նկատուի առաջին լուրջ վկայութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Ներկայիս Ասատրեանի կնոջ` «Օրեր» կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Աննա Կարապետեանի քննական թարգմանութեամբ եւ ծաւալուն ծանօթագրութիւններով նշեալ այս գիրքը հրատարակութեան կը պատրաստուի «Արեւելքի արհաւիրքները» խորագրով, ու կը նախատեսուի, որ լոյս տեսնէ յառաջիկայ սեպտեմբերին: 2006-ին նոյնինքն Յակոբ Ասատրեանի յառաջաբանով եւ կիպրահայ բարերարներու մեկենասութեամբ Հասայի նշեալ այս գիրքը թարգմանուած է չեխերէնի եւ բաշխուած` Չեխիոյ խորհրդարանի անդամներուն: Ասատրեան նաեւ նշեց, որ արեւելագէտ, լեզուագէտ, հայագէտ Նշան Մարտիրոսեանը, Փրակայի համալսարանին մէջ հիմնած է հայագիտական բաժանմունք: Արցախի 44-օրեայ պատերազմին կապուած` չեխահայ համայնքը Ազրպէյճանին հասցէագրուած դիմումով պահանջած է հայ գերիներու ազատ արձակումը:

Յակոբ Ասատրեան նաեւ ամփոփ անդրադարձ կատարեց չեխահայ համայնքի կրթական, հոգեւոր ու հասարակական գործունէութեան մասին: Ան նշեց նաեւ Չեխիոյ մէջ լոյս տեսնող հայ մամուլը: Ասատրեանի գլխաւոր խմբագրութեամբ հրատարակուող «Օրեր» ամսագրին մէջ չորս էջեր յատկացուած են չեխերէն գրութիւններու: Ան նաեւ ընդգծեց գաղութին հիմնական իրագործումները, Չեխիոյ պետութեան` հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերած բարեկամական ու զօրակից կեցուածքը, գաղութի հայասէր հայագէտները, գործարարները, կրթական մշակներն ու այլ ականաւոր դէմքերը: Դասախօսը խօսեցաւ Չեխիոյ մէջ թրքական եւ ազրպէյճանական քաղաքական թէ առեւտրական ներկայութեան մասին, յատկապէս` ազրպէյճանական քարիւղի Չեխիա ներածման վերաբերեալ: Միաժամանակ ան դիտել տուաւ, որ չեխ իշխանութիւնները նախանձախնդիր են խուսափելու հակահայ տրամադրութիւններ ստեղծելէ: Ասատրեան նաեւ յիշեց, որ Բ. Համաշխարհային պատերազմին աւելի քան հինգ հարիւր հայ ռազմիկներ մասնակցած են նացիզմի դէմ  Չեխիոյ ազատագրումի պայքարին` արժանանալով պետութեան կողմէ յետմահու գնահատման պարգեւատրումին: 2014-ին չեխահայ բարերարներու եւ գործունեայ դէմքերու ջանքերով Փրակայի մէջ զետեղուած է Չեխիոյ առաջին հայկական խաչքարը:

Աւարտին Յակոբ Ասատրեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Նախորդը

Համազգայինի 26-րդ Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցները Իւրայատուկ Փորձառութիւն Կ՛ապրին Հայրենիքի Մէջ

Յաջորդը

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանք. Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?