Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան հովանաւորութեամբ գործող «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի նորակառոյց նստավայրին նաւակատիքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 9 յուլիս 2022-ին, նախկին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի մանկապարտէզի շէնքին մէջ: Միաժամանակ կատարուեցաւ «Զուարթնոց» կեդրոնի հիմնադրութեան 35-ամեակի հանդիսութիւնը:
Լիբանանի հայ համայնքապետերու հովանաւորութեամբ կայացած ձեռնարկին ներկայ էին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու նախագահի տեղապահ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբեկեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Ալեք Մուրատեան, հայկական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:
Առաջին հերթին յատուկ յուշատախտակներ յանձնուեցան կեդրոն նոր նստավայրի վերաշինութեան եւ բարեզարդման նպաստած հաստատութեանց ու բարերարներուն, ինչպէս նաեւ` կեդրոնի ճարտարապետական յղացքի եւ շինութեան վերահսկիչ Արա Աւետիս Գէորգեանին, ապա ներկայացուեցաւ կեդրոնի գործունէութիւնն ու զարգացման երթը ներկայացնող տեսերիզ մը: Անկէ ետք կատարուեցաւ բացման ժապաւէնի հատում:
Այնուհետեւ «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէն, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան ներկաները առաջնորդեց կեդրոնի տարբեր բաժանմունքներ, ներկայացուց իւրաքանչիւրին նպատակը եւ գործածուած սարքերուն առանձնայատկութիւնները:
Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի աղօթքով, որմէ ետք խօսք առաւ Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետ Քրիստին Դանիէլեան-Սարգսեան: Ան` Ընկերային ծառայողներու միութեան աշխատանքին ընդմէջէն անդրադարձաւ «Զուարթնոց»-ի գործունէութեան` իբրեւ հայ համայնքին մէջ կարեւորութիւն ունեցող հաստատութիւն, որուն պահպանման եւ զարգացման համար անհրաժեշտ է ամէն գուրգուրանք, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տնտեսական տագնապին ընթացքին: Ան շեշտեց, որ ընկերային հսկայական կարիքներուն հասնելու համար անհրաժեշտ է միասնական ճիգով աշխատիլ:
Կեդրոնի տնօրէն Վարդինէ Օհանեան իր խօսքին մէջ պատմական ակնարկով մը ներկայացուց «Զուարթնոց»-ի հիմնադրութիւնն ու երթը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայ աւետարանական համայնքին եւ Ազգային առաջնորդարանին, որոնք տրամադրած են «Զուարթնոց»-ի կեդրոնները` նախապէս աւետարանական համայնքին պատկանող 2 մասնաշէնք, իսկ վերջին 3 տարիներուն ազգային Աքսոր Գասարճեան դպրոցի մէկ բաժինը: Ան շնորհակալական յատուկ խօսք ուղղեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ յատկապէս քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին` նոր նստավայրի կայացման մէջ անոր ունեցած նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար, եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք երկար տարիներ զօրակցած են «Զուարթնոց»-ին` իբրեւ հաստատութիւններ, միութիւններ թէ անհատ բարերարներ: Վ. Օհանեան շեշտեց, որ «Զուարթնոց»-ի մեծ ընտանիքին երազը իրականացած է բծախնդիր աշխատանքի ու հետեւողական ճիգի շնորհիւ, նաեւ` շնորհիւ կեդրոնի վարչութեան, տնօրէնութեան եւ բարերարներու անվերապահ աջակցութեան:
Ապա վարչութեան կողմէ խօսք առաւ Անի Պուճիքանեան, որ իր կարգին անդրադարձաւ «Զուարթնոց» կեդրոնի առաքելութեան:
«Զուարթնոց» նոր կեդրոնի շինութեան մէջ ճարտարապետ Արա Գէորգեանի ունեցած ներդրումին առ ի գնահատանք` վարչութեան կողմէ անոր յանձնեց երախտիքի վահան:
Խօսք առաւ նաեւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք ճիշդ ու յարմար պահուն կը հասնին կարիքներու բաւարարութեան:
Կեդրոնի աշակերտներուն կողմէ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աղօթքով եւ փակման խօսքով Շահէ արք. Փանոսեան բարձր գնահատեց «Զուարթնոց» կեդրոնի նպատակաուղղուած առաքելութիւնը, տնօրէնութիւնն ու Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութիւնն ու վարչութիւնը` անհրաժեշտ նկատելով մնայուն աջակցութիւն ցուցաբերել նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու:







