«Մոսկուան Չի Բացառեր Ռուսիոյ, Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ղեկավարներու Եռակողմ Հանդիպման Կայացումը» Կ՛ըսէ Ռուտենքօ
Մոսկուան Հայաստանի մէջ բողոքի շարժումները կը նկատէ իբրեւ հանրապետութեան ներքին գործ եւ այդ հոլովոյթներուն չի միջամտեր: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Անտրէյ Ռուտենքօ: «Հայաստանի ներքին հարցն է այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այնտեղ, ինչով հանդէս կու գայ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը: Մենք ատիկա կը գիտակցինք եւ այս հոլովոյթներուն չենք միջամտեր», ըսած է...




















