Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրատ Փափազեան. «Փաշինեանը Կը Փորձէ Ճեղք Յառաջացնել Սփիւռքի Եւ Հայաստանի Միջեւ»

July 16, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, «Նիուզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ իր մուտքը Հայաստան չէ թոյլատրուած` պատճառաբանելով, թէ ինք կը նկատուի անցանկալի անձ` աւելցնելով, որ Նիկոլ Փաշինեան արգիլելով սփիւռքի` Հայաստանի եւ Արցախի համար աշխատանքներ կատարող գործիչներուն մուտքը Հայաստան, կը փորձէ ճեղք մտցնել Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ եւ թուլացնել Հայաստանը:

«Ես երէկ հասայ Երեւան, եւ երբ անձնագիրս ցոյց տուի, ինծի օդակայանի աշխատակիցները իջեցուցին, տարին սենեակ մը` ըսելով, թէ անձնագիրի հետ կապուած խնդիրներ կան: Յետոյ ուղարկեցին ապրանքներու փոխանակման բաժին: Ի վերջոյ, երեքէն-չորս ժամ յետոյ ինծի փոխանցեցին որոշումը, որ ես իրաւունք չունիմ մտնելու Հայաստան` անցանկալի անձ եմ, եւ օդանաւով պէտք է ինծի արտաքսեն Ֆրանսա: Ես հարցուցի` ի՞նչ է պատճառը, ի՞նչ հիմնաւորում կայ, բայց չեն պատճառաբանած: Ինչո՞ւ Նիկոլ Փաշինեան որոշած է, որ ես իրաւունք չունիմ մտնելու Հայաստան: Ինչի՞ հիման վրայ կրնայ Ֆրանսայի քաղաքացիին մուտքը Հայաստան արգիլել: Կանոններ կան աշխարհի մէջ, եւ որոնք ինքը չի կրնար անտեսել: Հայաստան իր տունը չէ», ըսաւ Փափազեան:

Ըստ Փափազեանի, նման գործունէութեամբ Նիկոլ Փաշինեան կը փորձէ թուլացնել սփիւռքի օժանդակութիւնը Հայաստանին:

«Փաշինեան ընդդիմադիրներ չ՛ընդունիր: Ինքը եղած է ընդդիմադիր եւ խոստացած է հաստատել ժողովրդավարութիւն, սակայն ստած է: Տէր չէ կանգնած յեղափոխութեան խոստումներուն: Ըսաւ, որ ժողովուրդին հետ պէտք է որոշումներ տայ, չըրաւ: Արցախցիներուն ըսաւ, որ լիազօրութիւն չունի Արցախի անունով որոշումներ կայացնելու, ստեց: Ըսաւ` զօրաւոր պետութիւն պէտք է կառուցենք, պատերազմ եղաւ, ծունկի եկանք, ազրպէյճանական զօրքերը մտան երկիր: Այսօր հարցը Արցախը չէ, Հայաստանն է, որովհետեւ Փաշինեան ո՛չ միայն չէ պաշտպանած Հայաստանը, այլ նաեւ կը տկարացնէ: Ամէնէն վտանգաւորը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ տակաւին յառաջիկային սպասուող յարաբերութիւններն են: Ճեղքը, որ Փաշինեան Սինանեանի միջոցով կը փորձէ յառաջացնել սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ, շատ վտանգաւոր է», ընդգծեց ան:

Ըստ Մուրատ Փափազեանի, Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ չհանդիպեցաւ Փարիզի քաղաքապետին հետ, որովհետեւ պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած է ինքը:

«Ես Փարիզի քաղաքապետին եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանին ըսած եմ, որ չեմ փափաքիր ներկայ ըլլալ կառավարութեան հետ հանդիպումներուն, որպէսզի չխանգարեմ, որովհետեւ ես չեմ ընդունիր այս կառավարութիւնը: Երբ իմացայ, որ Փաշինեան հրաժարած է հանդիպումէն, շատ զարմացայ, որովհետեւ Փարիզի քաղաքապետը պաշտպանած է Հայաստանը եւ Արցախը, եւ այդպէս չեն վարուիր բարեկամներու հետ: Յետոյ իմացայ, որ Փաշինեան պատժած է Փարիզի քաղաքապետը, որովհետեւ ես կայի պատուիրակութեան կազմին մէջ, թէեւ հրաժարած էի հանդիպումէն», ըսաւ Փափազեան:

Փափազեան ըսաւ, որ ինք դիմած է Ֆրանսայի դեսպանատուն, որպէսզի դեսպանատունը պահանջէ պատճառ ներկայացնել իր մուտքը Հայաստան արգիլելու համար:

«Ինք պէտք է բացատրէ, թէ ինչո՛ւ Հայ դատի համար երկար տարիներ աշխատած մարդուն մուտքը արգիլած է: Ես պաշտպանած եմ Հայաստանը եւ Արցախը Ֆրանսայի բոլոր նախագահներուն, բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն մօտ: Մենք պէտք է ճնշում գործադրենք, որ ինքը բացատրութիւն տայ: Ինք կ՛ուզէ իր օրէնքները ստեղծել եւ անոնք յարգել: Սփիւռքի մէջ արդէն իսկ լուրջ դժգոհութիւն կայ Փաշինեանի եւ իր իշխանութեան դէմ: Եւ մեծ զօրաշարժ կայ սփիւռքի մէջ», աւելցուց Փափազեան:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն` Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Խորհուրդի

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Արցախ Այցելեց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.