Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

July 13, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը:

Փաշինեան շնորհաւորած է Էրտողանը Ատհայի տօնին առիթով, իսկ Թուրքիոյ նախագահը զինք շնորհաւորած է գալիք Վարդավառի` Յիսուսի Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին առիթով:

Անոնք ընդգծած են իրենց երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկկողմանի հոլովոյթի կարեւորութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման:

Այս ծիրին մէջ անոնք յոյս յայտնած են, որ 1 յուլիսին երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները շուտով կեանքի կը կոչուին:

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք. «Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը Խաղաղութեան Վերաբերեալ Մեր Յոյսերը Ծաղկեցնող Տօնական Նուէր Է»

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեան «Թուիթըր»-ի վրայ գրառումով արձագանգած է Փաշինեան-Էրտողան 11 յուլիսին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան:

«Թուրքիոյ նախագահ վսեմաշուք Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ մեծայարգ Փաշինեանի միջեւ կատարուած հեռախօսային հաղորդակցութիւնը եղաւ խաղաղութեան վերաբերեալ մեր յոյսերը ծաղկեցնող տօնական նուէր մը մեր աշխարհին համար, որ վրդոված է պատերազմի լուրերով:

«Աղօթող եմ, որ թո՛ղ շահին դիւանագիտութեան խաղաղարար միջոցները եւ ոչ թէ զէնքերը, պատերազմներն ու մահերը: Կը մաղթեմ, որ այս հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը պատճառ կը դառնայ, որպէսզի բարեկամական նոր էջ մը բացուի հազարամեայ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մէջ», կը նշուի գրառման մէջ:

Փայլան. «Յոյսով Եմ` Էրտողան–Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը Կ՛արագացնէ 2 Երկիրներուն Միջեւ Ընթացող Կարգաւորման Հոլովոյթը»

Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը յուսամ կ՛արագացնէ երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող կարգաւորման հոլովոյթը»:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի Մամլոյ Ասուլիսը

Յաջորդը

«Մեր Նկատմամբ Պայտընի Քաղաքականութիւնը Թրամփի Առաւելագոյն Ճնշումի Քաղաքականութեան Շարունակութիւնն Է» Կ՛ըսէ Թեհրան

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.