Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը տարագրութենէն 91 տարիներ ետք տակաւին կը շարունակէ իր եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութիւնը: Դպրեվանքը 2021-2022 կրթական-ուսումնական տարեշրջանը բոլորեց ընծայաբերելով դպիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագներ եւ նուիրեալ երեք կուսակրօն քահանաներ:
Կիրակի, 3 յուլիս 2022-ի երեկոյեան Պիֆքայայի Ս. Աստուածածնի վանքին կողքին բարձրացած Եղեռնի Նահատակաց յուշարձանին լանջերուն եւ Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին կրկնապատկերին կողքին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ դպրեվանքի 91-րդ հունձքին աւարտական հանդէսը:
Հանդէսը սկիզբ առաւ դպրեվանքի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները դպրեվանեցիները ներկայացուցին «Կտոր մը երկինք» եւ «Երկինքն ամպել է» երաժշտական կտորները: Յաջորդիւ, նորաօծ Արմէն աբղ. Գալաճեան, յանուն իր օծակից եղբայրներուն, կարդաց աւարտական դասարանին ուղերձը, ուր երախտագիտութեամբ յետադարձ հայեացք մը նետեց ուսումնական-կրթական անխորտակելի ամրոցին` դպրեվանքին մէջ իրենց անցուցած տարիներուն, որուն ընթացքին լծուած էին Աստուծոյ եւ ազգին ծառայութեան պատրաստութեան աշխատանքին: Ան իր խօսքը շարունակեց` նշելով, որ սոյն վկայականով ո՛չ թէ վերջ կը դնեն ճանապարհորդութեան մը, այլ սկիզբ` ծառայութեան կատարելագործման նոր փուլի մը: Հայր սուրբը ըսաւ. «Կը յիշենք, թէ ինչպէ՛ս դպրեվանեան մեր առաջին օրերուն դպրեվանքի մուտքին զետեղուած երկու բառերը` «Խորհէ եւ մտիր»-ը, առաջնորդեց մեր քայլերը դէպի այն տունը, ուր կերտուեցանք իբրեւ մարդ եւ ծառայ: Չենք կրնար մեր հոգիներէն ու միտքերէն անջատել «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականին բառերը, որոնք մեզ մղեցին ընտրելու այն ճանապարհը, որ մեր «Ես»-էն անդին` դէպի վեհ արժէքներ կ՛առաջնորդէ»: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրեվանքի նախկին եւ ներկայ տեսչութեանց անդամներուն, ուսուցիչներուն, դպրեվանեցի եղբայրներուն, ծնողներուն, ինչպէս նաեւ` հայրապետին:
Գեղարուեստական յայտագիրը, խմբավարութեամբ Երեմիա աբղ. Տեկիրմենճեանին, կը կրէր «Հաւատք եւ հող» խորագիրը եւ սաները ասմունքներով ու երգերով հանդէս եկան` ներկայացնելով հայկական մշակութային պատառիկներ:
Ապա դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան արտասանեց 2021-2022 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի տեսչական իր խօսքը: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի տագնապալի այս օրերուն դպրեվանքը ամուր բերդի պէս կը շարունակէ իր մարդակերտումի եւ հայակերտումի նուիրական առաքելութիւնը` շնորհիւ սրբալոյս միւռոնին, Ս. Հոգիի կենդանարար շնորհքին եւ անով ամրագրուած Կիլիկեան ուխտին, դպրեվանեան ոգիով որակաւոր ուսման եւ գիտութեան տիրանալու ձգտումին ու միասնական աշխատանքին: «Կիլիկեան սուրբ հողին ծալքերուն տակ թաքնուած, սակայն մեր հաւաքական տեսլականին կեանք տուող սուրբ միւռոնն է, որ մեզ կը մղէ մեր պապերուն թողած պատմութիւնն ու կտակը ժառանգելու` սերունդէ սերունդ, այս սուրբ հաստատութեան ճամբով: Մեր առաքելութեան ոգիին յարիր մեր հոգեւոր ու ազգային ներմղումն է, որ մեր մատղաշ սերունդները կը կանչէ զինուորագրուելու Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ազգային բանակին` դառնալով վեղարաւոր թէ անվեղար ծառայողներ: Մեր դարաւոր աթոռին կողմէ զարգացումի եւ գիտութեան հանդէպ տացուած նախանձախնդրութիւնն է, որ մեզի կորով եւ յոյս կը ներշնչէ, որպէսզի մենք մեր շուրջ գտնուող վերիվայրումներուն մէջ մեր եկեղեցւոյ ծաղկեալ գարունը տեսնենք ու կերտենք զայն` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մշակները դառնալով: Այս բոլորը կ՛ոգեւորեն մեր ուսուցչական կազմը, եւ մեր ուսուցիչները իրենց առօրեայ հոգերն ու մարտահրաւէրները մոռնալով` իրենց սիրտն ու հոգին կը նուիրեն գրասեղանին ետեւ նստող դպրեվանեցիին, որուն մէջ կը ցանուին ապագայի հոգեւոր եւ ազգային ղեկավարը կազմաւորող սերմերը: Եւ ահա այսօր այս ներշնչող շնորհքներն են, որոնք կը նորոգուին մեր մէջ, որպէսզի դպրեվանքը իր վերելքը ապրի` իր ուսերուն վրայ առած մեր ժողովուրդի իղձերն ու նպատակները իրագործելու սուրբ պարտականութիւնը», դիտել տուաւ ան:
Անդրադառնալով վեհափառ հայրապետին կողմէ 2022 տարին «Սփիւռքի տարի» հռչակումին` տեսուչը հաստատեց, որ դպրեվանքը ինքզինք անմասն չի նկատեր սփիւռքի պահպանման եւ հզօրացման առաքելութենէն, որովհետեւ դպրեվանքը` իբրեւ մարդակերտումի եւ հայակերտումի դարբնոց, կտակը ունի Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը շարունակելու եւ աշխուժացնելու անոր աւանդն ու աւանդութիւնները, հայ մշակոյթն ու հայ լեզուն պահպանելու կոչումը, որոնք ի մասնաւորի սփիւռքեան ոլորտին մէջ անոր որոշիչ դերն ու կենսական դերակատարութիւնը կ՛արտացոլացնեն:
Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց դպրեվանքի բեղուն ուսումնակրթական տարեշրջանը, որուն ընթացքին դպրեվանքի հոգեւոր կեանքը, կարգապահութեան առաջնորդող եւ բազմակողմանի դաստիարակութեան ձգտող առօրեան, դպրեվանեցիին իմացականութիւնն ու ոգին կերտող դասընթացքները, զանոնք աշխարհին բացող արտադասարանային ձեռնարկները եւ նոյնիսկ մարզական ժամերը շարունակեցին կերտել նորեկ թէ անցեալ տարիներէն այս ընտանիքին միացած աշակերտներուն դպրեվանեան նկարագիրը: «Դպրեվանքի գրասեղանները դարձան հայ գրականութեան, հայ լեզուի, Հայ եկեղեցւոյ եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան բագինները, որոնցմով մեր ուսանողները ջերմացան ու ոգեւորուեցան: ժամանակակից աշխարհի երեւոյթները գիտականօրէն բացատրող, նորարար մօտեցումներ ներկայացնող եւ քսանմէկերորդ դարու ուսումնասիրող եւ հետազօտող մտքի հմտութիւններ կազմաւորող նիւթերու ներածականները օժանդակեցին դպրեվանեցիին, որ ան հաղորդ դառնայ գիտութեան աշխարհի անցուդարձերուն եւ զինուած գիտելիքներով ու դպրեվանեան ոգիով` գործէ ու ծառայէ Աստուծոյ փառքին, եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ այս կաթողիկոսութեան վերելքին համար:
«Իբրեւ այս առաքելութեան եւ տեսլականի շօշափելի արդիւնք, ահաւասիկ, այս տարի դպրեվանքը եկեղեցւոյ կեանքին եւ ծառայութեան նուիրեց տասնհինգ դպիրներ, չորս կիսասարկաւագներ, երեք սարկաւագներ եւ այս բոլորին նուիրականացումը հանդիսացող` երեք կուսակրօն քահանաներ` աբեղաներ», նշեց ան:
Իր խօսքի աւարտին հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ հակառակ իր ծանր պատասխանատուութիւններուն ու մտահոգութիւններուն` ոչ մէկ ճիգ խնայեց դպրեվանքը պահելու իր լաւագոյն վիճակին մէջ: Հայր սուրբը իր եղբայրական շնորհակալութիւնը յայտնեց տեսչական անդամներուն` Գէորգ աբղ. Գարակէօզեանին, Եղիա աբղ. Մալխասեանին եւ Երեմիա աբղ. Տեկիրմենճեանին, որոնք անձնազոհ նուիրուածութեամբ դպրեվանեցիներուն համար եղան մեծ եղբայրներ եւ արթուն հսկողներ:
Ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց Ս. Աստուածածին վանքի վանահօր` Շնորհք ծ. վրդ. Աշըգեանին, որ իր բոլոր պատասխանատուութիւններուն առընթեր միշտ օգտակար դարձաւ դպրեվանքին` հասնելով անոր բոլոր կարիքներուն: Վերջապէս, ան շնորհակալութիւն ուղղեց նուիրեալ ուսուցչական կազմին, որոնք հակառակ Լիբանանի ընկերատնտեսական ծանր պայմաններուն` ընդունեցին դպրեվանքը որպէս իրենց հարազատ տունը եւ չզլացան դպրեվանեցիներուն ջամբել լաւագոյն կրթութիւնը, նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք հաւատալով դպրեվանքի առաքելութեան` իրենց ճիգն ու ջանքը չխնայեցին այս կառոյցի յարատեւման ի խնդիր:
Հուսկ, տեսուչ հայր սուրբը դպրեվանքի ուսուցչապետ Արամ Ա. հայրապետը բեմ հրաւիրեց, որպէսզի կատարէ վկայականաց բաշխումը եւ յղէ իր հայրապետական պատգամը: Արամ Ա. կաթողիկոս իր գոհունակութիւնը եւ արդար հպարտութիւնը յայտնեց ի տես դպրեվանքի հունձքին: Հայրապետը շեշտեց դպրեվանքին սոսկ կրթական հաստատութիւն մը ըլլալէն անդին մարդակերտ հնոց ըլլալը. «Դպրեվանքը մարդ պատրաստող հոգեւոր կեդրոն է: Դպրեվանքը գլխագիր Մարդու պատրաստութեան լծուած հոգեմտաւոր սրբավայր է: Այսպէ՛ս եղաւ դպրեվանքը եւ կը շարունակէ այսպէ՛ս մնալ: Ա՛յս է դպրեվանքին ինքնութիւնը, նկարագիրը, կոչումը»:
Անդրադառնալով Ցեղասպանութենէն ետք մարդու պատրաստութեան հրամայականին` ան հաստատեց, որ դպրեվանքը, վեհափառ հայրապետներու աջակցութեամբ, միշտ լծուած եղած է հաւատք, նուիրում, սէր եւ յանձնառութիւն ունեցող գլխագիր Մարդ պատրաստելու աշխատանքին, աւելցնելով, որ անոնք, որոնք դպրեվանքէն անցած են, կ՛ապրին դպրեվանքը, որովհետեւ դպրեվանքը անցեալ չէ, այլ միշտ ներկայ է. «Ոգի է դպրեվանքը, հաւատք ներշնչող, կամք կռանող, տեսիլք տուող սրբավայր է ան», յայտնեց ու շարունակեց, որ վկայականը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ, եթէ ատիկա պատասխանատուութեան ու յանձնառութեան չվերածուի` կոչումի բարձրագոյն աստիճանի գիտակցութեամբ. «Այս է, որ կու տայ դպրեվանքը մեզի: Այսպէս մենք կազմաւորուեցանք դպրեվանքէն ներս: Վա՜յ այն անձին, որ վկայականով դպրոցին, դպրեվանքին ուսման էջը կը փակէ: Յատկապէս հոգեմտաւոր կազմաւորումը վերջակէտ չի ճանչնար. ան մնայուն ընթացք է: Դպրեվանքը ա՛յս գիտակցութեամբ մեր մէջ պէտք է մնայ կենդանի ներկայութիւն», ընդգծեց կաթողիկոսը:
Անդրադառնալով դպրեվանքի առաքելութեան` հայրապետը ըսաւ, որ դպրեվանքը աշխարհ մըն է, ուր մենք կը բացուինք ներկայ ժամանակներու գիտութեան, կ՛առնենք այն, ինչ որ անհրաժեշտ է, ինչպէս նաեւ կը բացուինք մեր ազգի դարաւոր պատմութեան. «Դպրեվանքի դասարաններէն ներս, եկեղեցւոյ մէջ, դպրեվանքի մթնոլորտին մէջ մեր պատմութեան միտքի ու հոգիի տիտանները կեանք կ՛առնեն եւ կեանք կու տան մեզի, կը շնչաւորեն մեզ, կը թրծեն մեզ մեր արժէքներով, տագնապներով, տեսլականով: Դպրեվանքին մէջ ներկայ է մեր եկեղեցին իր արժէքներով: Դպրեվանքին մէջ նաեւ ներկայ են մեր հայրենիքը, մեր պահանջատիրութիւնը, մեր ազգը: Դպրեվանքէն ներս այս տղաքը, ինչպէս մենք բոլորս, այս ոգիով կազմաւորուեցանք: Ծառայել Աստուծոյ, ծառայել եկեղեցւոյ` կը նշանակէ ծառայել հայրենիքին, Արցախին, ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանին, ինչպէս նաեւ` մեր պահանջատիրութեան: Ասոնք բառեր չեն, խօսքեր չեն, լոզունգներ չեն, այլ կեանքի որակ եղան եւ մեր հոգեմտաւոր կազմաւորման առանցքը, մղիչ ուժը կազմեցին»:
Վերջապէս, իր խօսքը ուղղելով ընծայեալներուն` հայրապետը յորդորեց. «Դուք պիտի երթաք մեր ժողովուրդին, ձեր փառքը, ձեր պատիւը, ձեր պարտքը պիտի ըլլայ միայն ու միայն մեր ժողովուրդին ծառայել: Ուր որ կարիք կայ, պահանջ կայ, հոն պիտի երթաք: Աղքատին, հիւանդին, զրկեալին մօտ պիտի երթաք եւ պիտի տաք, ինչ որ կարելի է տալ անոնց: Դուք մեր ժողովուրդէն եկաք եւ դպրեվանքին մէջ վերամարդացած` ժողովուրդին կ՛երթաք»:
Աւարտին ան ըսաւ. «Ահաւասիկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութեան կու գան միանալու երեք երիտասարդ նորընծաներ: Ես վստահ եմ, որ մեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբանութիւնը, իր ներկայութեամբ աւելի հզօրացած, աւելի կենսաւորուած պիտի շարունակէ կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութիւնը մեր հայրենիքին, Արցախին եւ մեր ազգի ընդհանրական եւ գերագոյն իտէալներու իրագործման համար: Թող Աստուած անսասան պահէ մեր սիրելի դպրեվանքը իր կեանքով եւ առաքելութեամբ: Թող Աստուած հզօր պահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` իր միաբանութեամբ, ժողովական կառոյցներով, թեմերով եւ իր ժողովուրդով»:
Վկայականներ ստացան` Արմէն աբղ. Գալաճեան (Հրակ սրկ.), Առաքել աբղ. Գատեհճեան (Շանթ սրկ.) եւ Ազատ աբղ. Ֆիլիքեան (Նարեկ սրկ.): Դպրեվանքի 2021-2022 91-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի հանդէսը իր աւարտին հասաւ ներկաներուն միաբերան «Կիլիկիա» քայլերգի երգեցողութեամբ: