Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Դատապարտէ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան Մուտքի Արգիլումը

July 14, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէն եւ իր համայն շարքերն ու անդամները` Ֆրանսա, Հոլանտա եւ Պելճիքա, զարմանքով եւ միաժամանակ խոր ընդվզումով խստիւ կը դատապարտեն ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլումը:

Ազգային-կուսակցական պարտականութիւններով հայրենիք մեկնած ընկերոջ Երեւանի օդակայան ժամանման պահուն առանց պաշտօնական որեւէ բացատրութեան երկիր մուտքի արգելքը այլ բան չէ, եթէ ոչ Դաշնակցութեան նկատմամբ յստակ կեցուածք: Մուրատ Փափազեան անկախութեան առաջին օրէն տարբեր առիթներով հայրենիք այցելած է բազմաթիւ անգամներ, որոնց շարքին նաեւ ֆրանսական պետական բարձրագոյն մակարդակի պատուիրակութեանց մաս կազմելով, եւ երբեք նման վերաբերմունքի չէ ենթարկուած: Լեւոն Տէր Պետրոսեանական օրերու խունդայի վարքագիծը յիշեցնող այս կեցուածքը, սակայն, անպատասխան պիտի չմնայ իրաւական առումով: Հայ մարդուն եւ ի մասնաւորի դաշնակցական գործիչին նկատմամբ նման ոճ միայն թշնամի Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կը կիրարկեն, որուն վարժ ենք ու ծանօթ, սակայն սեփական հայրենիքի կողմէ ստացուած այսպիսի վատոգի հարուած անընդունելի է ու անմարսելի` ոեւէ հայու համար անխտիր:

Այս բոլորին զուգահեռ, սոյն երեւոյթը հարուած է նաեւ ժողովրդավարութեան հասկացողութեան եւ ըմբռնումներուն, որոնց անունով այնքա՜ն կը ճամարտակեն Հայաստանի այսպէս կոչուած չակերտեալ իշխանութիւնները: Ընդդիմադիր ուղղութիւն ու հայեացքներ ունենալ եւ ամէնուր դրսեւորելը խօսքի ազատութեան ու ազատ շրջագայութեան մարդու տարրական իրաւունք է, զոր փաստօրէն կ՛ոտնահարեն արար աշխարհին ժողովրդավարութեան կեղծ պիտակով ներկայացող փաշինեանական յորդաները: Քաղաքական այս «կաֆ»-ը անհետեւանք չի մնար, եւ ոստիկանական բռնատիրութիւն հաստատած ապազգային վարչախումբը կը վճարէ գինը իր վրէժխնդրական փոքրոգի ու ճղճիմ արարքին:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

14 յուլիս 2022
Փարիզ

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.