Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը, զոր կու տանք ֆրանսերէնէ թարգմանաբար.
«Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը (CCAF) մեծ ցնցումով իմացաւ իր համանախագահին` Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգելքը` չորեքշաբթի, 13 յուլիսին, Երեւանի օդակայանին մէջ:
Այս որոշումը անյարիր է յայտարարուած թաւշեայ յեղափոխութեան սկզբունքներուն, կը սպառնայ եւ կը վտանգէ ֆրանսահայութեան ազատ խօսքի արտայայտութեան իրաւունքին, ուղղակի հարուած է` հայաշխարհի միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ կ՛ոտնահարէ ժողովրդավարութիւնը եւ կը բարդացնէ երկրին մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող մտահոգիչ ներքին լարուածութիւնը եւ փխրուն անվտանգութիւնը:
Հայաստանը կը պատկանի նաեւ սփիւռքահայութեան, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդի զաւակներուն ու թոռներուն, մանաւանդ անոնց, որոնք կը պայքարին ի խնդիր մեր իրաւունքներուն: Եւ ոչ մէկը կրնայ որոշել արգելակումը կամ արտաքսումը յանուն Հայ դատին պայքարող գործիչներուն` քաղաքական հաշիւներ լուծելու համար:
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը խստօրէն կը դատապարտէ խայտառակ այս որոշումը եւ կը պահանջէ անոր անմիջական չեղարկումը` ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով Մուրատ Փափազեանին»:


