Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Գրիգորեան. «Պէտք Է Քննարկենք Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը Հայաստան-Ազրպէյճան Յարաբերութիւններէն Տարանջատելու Տարբերակը»

Օգոստոս 1, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Արմէնփրէս»-ի հետ ունեցաւ ընդարձակ հարցազրոյց մը: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ այսպիսով շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու կարելիութեան մասին կը խօսուի, արդեօք իսկապէ՞ս անիկա գոյութիւն ունի` ան ըսաւ. «Այն փաստը, որ Հայաստանի կառավարութիւնը խաղաղութեան օրակարգը հռչակած է պետական ռազմավարութիւն եւ քաղաքականութիւն, ուղղակի վկայութիւնն է այն բանին, որ նման կարելիութիւն կը տեսնենք»:

Խաղաղութեան օրակարգի իրագործման քարտէսին մասին խօսելով` ան ըսաւ, որ անոր մէջ կայ Ազրպէյճանի հետ սահմանագծման եւ սահմանային ապահովութեան մակարդակի բարձրացման աշխատանք, որ արդէն մեկնարկած է, եւ օգոստոսի երկրորդ կիսուն նախատեսուած է սահմանագծման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնախումբի երկրորդ նիստը Մոսկուայի մէջ եւ շրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը:

Լրագրողը դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճան կը պնդէ, թէ Հայաստան կը ձգձգէ այդ հարցերուն լուծումը: «Սահմանագծման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբի նիստը օգոստոսի երկրորդ կիսուն նշանակուած է ազրպէյճանական կողմի առաջարկով: Հայկական կողմը երկրորդ հանդիպումին պատրաստ էր  յունիսին եւ յուլիսին: Շրջանային հաղորդակցութիւններու բացման հարցով մենք բազմիցս արտայայտած ենք մեր պատրաստակամութիւնը: Վերջերս համացանցի վրայ յայտնուած է տակաւին դեկտեմբեր 2021-ին դիւանագիտական ճամբաներով մեր փոխանցած առաջարկներու փաթեթը, որ այսօր ալ ուժի մէջ է: Մենք քանի մը այլ առաջարկներ ալ կատարած ենք, եւ մեծապէս շահագրգիռ ենք շրջանային հաղորդակցութեան միջոցներու բացման հարցով, որ «հայկական խաչմերուկ» նախագիծի մաս է: Վստահաբար` նախագիծի արեւելք-արեւմուտք հատուածի ճշգրիտ երթուղիի հարցը քննարկելի է, մենք երբեք չենք շեշտած միայն մէկ տարբերակի կարելիութիւնը եւ մեզի համար նոյնքան անհրաժեշտ է ամէնէն արդիւնաւէտ երթուղին գտնել: Հաղորդակցութեան ուղիներու հարցով եռակողմանի աշխատանքային խումբին մէջ, որուն կը համանախագահեն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետները, մենք որոշակի յառաջընթաց կը նկատենք եւ տրամադրուած ենք շարունակել նոյն ոգիով», ըսաւ Գրիգորեան:

Լրագրողը հարցուց, որ Հայաստան կը ճանչնա՞յ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ տարածքային պահանջներ չունի՞ Ազրպէյճանէն: Ան պատասխանեց ըսելով. «Հայաստանը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը կը ճանչնայ թէկուզ այն փաստին բերումով, որ ատիկա մեր օրէնսդրութեան մաս է: Բազմիցս ըսած ենք, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը իրար տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անխախտելիութիւնը ճանչցած են 1991-ին ստորագրուած եւ հետագային վաւերացուած ԱՊՀ-ի ձեւաւորման մասին համաձայնագիրով: Եւ ասիկա այսօր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի օրէնսդրութեան մաս է: Ատիկա պէտք է արտայայտել նաեւ երկկողմանի մակարդակով: Եւ ինչպէս ըսած ենք, նման հեռանկարի մէջ մեզի համար անընդունելի ոչինչ կայ եւ Հայաստանը, այո՛, Ազրպէյճանէն տարածքային պահանջներ չունի»:

«Իսկ Ղարաբաղը, ի՞նչ պիտի ըլլայ Ղարաբաղի հարցը եւ կարգավիճակը», հարցումին իբրեւ պատասխան` Գրիգորեան ըսաւ. «Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ Ղարաբաղի տագնապը մեզի համար տարածքային հարց չէ: Այդ առումով մեզի համար սկզբունքային են Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքները: Վարչապետ Փաշինեանը Ազգային ժողովին մէջ ունեցած ելոյթներէն մէկուն մէջ նշեց, որ կայ գաղափար` Լեռնային Ղարաբաղի հարցը տարանջատելու Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններէն: Մենք հիմա աշխուժօրէն պիտի քննարկենք այդ տարբերակը եւ որոշենք ինչպէս յառաջ ընթանալ»:

Ան աւելցուց, թէ կայ նաեւ գաղափար, որ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքուի առանց Արցախի հարցի վերջնական լուծման, իսկ Արցախի հայութեան ապահովութեան միջազգային երաշխիք կայ` Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ներկայութիւնը:

Պատասխանելով գերիներու վերադարձին եւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրին վերաբերող հարցումի մը` Գրիգորեան ըսաւ. «Մարդասիրական հարցերու լուծումը խաղաղութեան պարտադիր ուղեկիցն է: Այդ կարգին` մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերը: Այդ բոլոր հարցերը, վստահաբար, պէտք է հասցէագրուին: Հայաստանը, ի դէպ, վերջին երկու տարուան ընթացքին ղարաբաղեան առաջին պատերազմին անհետ կորսուած ազրպէյճանցիներու 130 մարմիններ փոխանցած է Ազրպէյճանին: Մենք պատրաստ ենք աշխուժօրէն համագործակցելու նաեւ այս հարցին շուրջ եւ նոյնը կ՛ակնկալենք Ազրպէյճանէն: Հայկական կողմը ղարաբաղեան առաջին պատերազմէն աւելի քան 770 անհետ կորսուած անձ ունի: 44-օրեայ պատերազմին մեր անհետ կորսուած անձերուն թիւը 203 է»:

Իսկ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հեռանկարին մասին Գրիգորեան ըսաւ հետեւեալը. «Երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները ձեռք բերած են յստակ պայմանաւորուածութիւններ, այն է` սահմանը բանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար, եւ սկսիլ օդային բեռնափոխադրումներ երկու երկիրներուն միջեւ: Հայաստանի վարչապետը եւ Թուրքիոյ նախագահը 11 յուլիսին ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայնած են կեանքի կոչել այդ պայմանաւորուածութիւնները եւ հետագայ քայլերու ձեռնարկել: Միանշանակ է, որ մենք հաւատարիմ պիտի մնանք այդ պայմանաւորուածութիւններուն, մանաւանդ որ թէ՛ Ռուսիան, թէ՛ Միացեալ Նահանգները, թէ՛ Ֆրանսան, թէ՛ Իրանը, թէ՛ Վրաստանը, թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին»:

Նախորդը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Շարունակէ Ապատեղեկատուութիւն Տարածել»

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?