Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի Յայտարարութիւնը

Օգոստոս 1, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ապազգային իշխանութիւնները դարձեալ դրսեւորեցին իրենց հակահայ, ազգը պառակտող վարքագիծը:

Յուլիս 31-ին Հայաստան ժամանած ՀՅԴ Հոլանտայի երիտասարդական միութեան անդամ ընկերուհի Սիւնէ Աբրահամեանի մուտքը հայրենիք արգիլուեցաւ:

Վերջինս ետ ուղարկելու որոշում տրուած է առանց որեւէ հիմնաւոր բացատրութիւն կամ պատճառաբանութիւն ներկայացնելու:

Ան Հայաստան եկած էր մասնակցելու ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու կողմէ Սիւնիքի մէջ կազմակերպուած ամառնային ճամբարներուն, որոնք երկշաբաթեայ դաստիարակչական օճախներ կը հանդիսանան` նոր սերունդին փոխանցելու այլազան գիտելիքներ եւ յատկապէս ազգային գաղափարախօսութեան հիմնական սերմերը:

Ցաւալիօրէն պէտք է արձանագրենք, որ ՀՅԴ Բիրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտք գործելու արգելքէն եւ ՀՅԴ Երիտասարդականի անդամներու դէմ հալածանքներէ ետք, այս ապազգային իշխանութիւնը կը թիրախաւորէ նուիրեալ եւ ազգասէր սփիւռքահայ դաշնակցական երիտասարդութիւնը:

Անոնց մուտքը հայրենիք կ՛արգիլուի եւ զուգահեռ այս իրողութեան` կ՛արտօնուի թուրք ազգայնականներու մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն, ինչին ականատես եղանք վերջին շաբաթներուն ընթացքին:

Հաշուի առնելով, որ սահմանապահ ստորաբաժանումները կը գործեն հիմնականօրէն Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) ենթակայութեան տակ, կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի ԱԱԾ-ին պատշաճօրէն իրականացնելու իրեն համար սահմանուած գործառոյթները, չտրուելու ապօրինի քաղաքական հրահանգներու եւ գործելու իր կանոնակարգին առաքելութեան եւ կոչումին համաձայն` պաշտպանելու եւ ամրապնդելու Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն ազգային անվտանգութիւնը:

ՀՅԴ Երիտասարդականը, հակառակ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կազմակերպուած բոլոր բռնաճնշումներուն եւ հալածանքներուն, կը շարունակէ մնալ իր յանձնառութեան հաւատարիմ: Ամէն գնով հեռացնել այս յանցաւոր վարչախումբը` վերականգնելու մեր խոցուած արժանապատուութիւնը եւ վերջապէս լծուելու Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու խարխլուած հիմնասիւներու վերակառուցման աշխատանքին:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

31 յուլիս 2022

 

Նախորդը

Արմէն Գրիգորեան. «Պէտք Է Քննարկենք Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը Հայաստան-Ազրպէյճան Յարաբերութիւններէն Տարանջատելու Տարբերակը»

Յաջորդը

Ակնարկ. Ամերիկեան Ներգրաւման Գործողութիւններու Նոր Փուլ Մը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?