Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խստօրէն Կը Դատապարտենք Հայաստանի Իշխանութիւնները` Սիւնէ Աբրահամեանի Եւ Մասիս Աբրահամեանի Մուտքը Հայաստան Արգիլելու Ուղղութեամբ

August 2, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը` իբրեւ համաեւրոպական քաղաքացիական հասարակութեան համայնքային կազմակերպութիւն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերը, խստօրէն կը դատապարտեն Հայաստանի իշխանութիւնները` Նետերլանտներու քաղաքացի եւ Հայ դատի տեղւոյն յանձնախումբի անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի, ապա նաեւ նոյն յանձնախումբի ատենապետ Մասիս Աբրահամեանի Հայաստան մուտք գործելը արգիլելու համար:

«Համայնքային աշխուժ գործունէութեամբ զբաղող սփիւռքահայերուն հայրենիք մուտք գործելը արգիլելով` Հայաստանի իշխանութիւնները բացայայտ խտրականութիւն կը դրսեւորեն իրենց քաղաքականութիւնը չկիսող եւ անոր ընդդիմացող անձերուն նկատմամբ:

«Սիւնէ Աբրահամեան Հայաստան գացած էր մասնակցելու ՀՅԴ Երիտասարդականին կողմէ Սիւնիքի մէջ կազմակերպուած կամաւորական ճամբարներուն, որոնք մեծապէս կը նպաստեն սահմանամերձ շրջաններու երիտասարդութեան գօտեպնդող նախաձեռնութեան:

«13 յուլիսին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքը արգիլելէ ետք, ասիկա ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցող հայրենակիցներու նկատմամբ քաղաքական հաշուեյարդարի անընդունելի եւ դատապարտելի դրսեւորումն էր:

«ՀՅԴ Հայ դատի Պրիւքսելի գրասենեակը Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէ անմիջապէս դադրեցնել այս գործընթացը եւ վերջ տալ Հայ դատի գործիչներուն, ինչպէս նաեւ այս ոլորտին մէջ առաջին քայլերը առնող երիտասարդներուն նկատմամբ ապազգային վերաբերմունքին:

«Ազրպէյճանի նկատմամբ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ մեր պետութեան հիմնական առաւելութիւնը ժողովրդավարութիւնն էր` իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ: Նման հակաժողովրդավարական քայլերով մենք միայն կրնանք կորսնցնել այդ առաւելութիւնը:

«Հայ դատի յանձնախումբերը միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ միշտ զօրավիգ կանգնած են մեր պետութեան, իսկ յանձնախումբերու անդամները զոհած են իրենց անձնական կեանքն ու ժամանակը` ամբողջովին կամաւոր եւ անշահախնդիր կերպով:

«Հայաստանի իշխանութիւնները կը յորդորենք հեռու մնալ նման քայլերէն, քանի դեռ լուրջ վնաս չէ հասած Հայաստանի միջազգային ընկալման: ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը կը գտնէ, որ նման դէպքերու կրկնութիւնն ու քինախնդրական վերաբերմունքը մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ խրամատի ստեղծման, ինչ որ վնասակար հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր ժողովուրդին համար»:

 

Նախորդը

«Մենք Հայաստանի Կողքին Կը Կանգնինք Եւ Մեր Ամբողջ Ջանքը Կը Թափենք Հայ Գերիները Վերադարձնելու» Կ՛ըսէ Նետերլանտներու Դեսպանը

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 16, 2026
Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.