Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միջազգային Պահանջներն ու Օղակ-Շղթայի Տեսութիւնը

October 13, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութ-Թել Աւիւ միջնորդաւորուած բանակցութիւնները տեղ հասած են: Կողմերը իրենց համաձայնութիւնը տուած են առաջարկուած ծովային սահմանագծումի պատկերացումին: Ներիսրայէլեան դաշտը միանշանակ չէ դիրքորոշուած այս հարցին շուրջ, մինչ լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական դաշտը դրական կ՛ընկալէ համաձայնութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնաթողման նախօրէին կը կայանայ համաձայնութիւնը: Այս ծրագիրի մեկնարկը ներկայ վարչակարգի օրերուն էր եւ համաձայնութեան յանգիլը` եւս:

Միջազգային շտապողականութիւնը այլ շարժառիթներ կրնայ ունենալ: Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք քարիւղի եւ կազի այլընտրանքային շուկաներու որոնումը հրամայական դարձած է, եւ այդ ընդհանուր շրջածիրին մէջ պէտք է ընկալել ամերիկեան ճնշումը` սահմանագծումը իրականացնելու ուղղութեամբ:

Ծրագիրը, ինչպէս նշուեցաւ, միայն Ուքրանիոյ պատերազմի հետեւանքներուն հետ կապուած չէ. շատ աւելի վաղ ծրագիր է: Պաշտօնական Պէյրութի համար Իսրայէլի հետ միջնորդաւորուած համաձայնութիւնը չ՛ենթադրեր դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում: Այդ յարաբերութիւնները խզուած վիճակի մէջ են տարբեր հանգամանքներով, եւ բնականաբար ծովային սահմանագծումով չեն վերանար այդ բոլորը:

Ծովային սահմանագծումի շուրջ կայացած համաձայնութեամբ չի վերանար նաեւ Լիբանանի նկատմամբ կիրարկուող տնտեսական միջազգային շրջափակումը: Նախ ներլիբանանեան կարեւոր հոլովոյթներ կան, որոնց իրականացումը տակաւին անորոշ է. կառավարութեան կազմութիւն, նախագահի ընտրութիւն եւ նման ընթացակարգեր կը սպասեն ընդհանուր համաձայնութիւններու: Տեսքով ներլիբանանեան, այնուամենայնիւ տարածաշրջանային եւ միջազգային` այդ համաձայնութիւնները տակաւին չեն երեւիր:

Լիբանան կ՛արծարծէ սուրիացի գաղթականներու տունդարձի անյետաձգելիութիւնը: Սուրիոյ պատերազմը դադրած է, եւ զինադուլը կը յարգուի փաստօրէն, հակառակ անոր որ ընդհանուր խաղաղութեան համաձայնագիրը չէ ստորագրուած կամ Սուրիոյ վերականգնումի համընդհանուր աշխատանքներուն չէ ձեռնարկուած: Գաղթականներու տունդարձը տնտեսական տագնապի նուազեցման միտող քայլ կրնայ հանդիսանալ:

Պատահական չէ, ուրեմն, որ սահմանագծման համաձայնութեան կայացման օրն իսկ հանրապետութեան նախագահին հետ համապատասխան գերատեսչութիւններու ղեկավարներ քննարկած են երկու հարց: Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատարը քննարկած է  այն քայլերը, որոնք առնուած են երկրին ահաւոր պայմաններուն մէջ ապրող քաղաքացիներուն բեռը թեթեւցնելու համար: Եւ` այն ջանքերը, որոնք որդեգրուեցան, երաշխաւորելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը:

Սահմանագծման համաձայնութենէն անմիջապէս ետք այս երկու առաջնահերթութիւններու քննարկումը կը նախանշեն տնտեսական բեռնաթափումի միտող քայլերու անմիջական որդեգրումը:

Պէտք չէ ակնկալել սակայն, որ այն, ինչ որ միջազգային ընտանիքը ուղղակի թէ անուղղակի կը փոխանցէր, թէ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեամբ կը սկսի երկրի տնտեսական տագնապի վերացումն ու բարգաւաճումը, իրականանայ շուտով: Ճնշամիջոցային քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի: Նմանատիպ խաղաթուղթեր կան` վարչակառավարման բարեփոխութիւններէն սկսեալ, մինչեւ քաղաքացիական պետութեան հաստատում, մինչեւ պաղեստինցի ազգաբնակչութեան վերջնական բնակեցում, պահանջներ են, որոնց  պիտի զուգակցուին նոր խոստումներ` տնտեսական վիճակը բարելաւելու:

Տնտեսական պաշարման շղթան օղակ առ օղակ քակելու փուլային ընթացքն է, որ միջազգային ընտանիքը կ՛իրականացնէ այս երկրին մէջ: Այդ կը նշանակէ, որ նոր թղթածրարներով դիւանագիտական միջնորդական եռուզեռներ կը սպասուին դէպի Պէյրութ:

«Ա.»

Նախորդը

Փաշինեանն Ու Յարութիւնեանը Հանդիպած Են

Յաջորդը

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ Բարեփոխումներ Կատարելու Ժամանակը Եկած Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 2, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.