Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Դեսպանները Համաձայնեցան Հայաստան Քաղաքային Առաքելութիւն Ուղարկել

October 12, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան դեսպանները երէկ համաձայնած են Հայաստան ուղարկել քաղաքային առաքելութիւն, որ պէտք է տեղակայուի Ազրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքին` վստահութիւնը ամրապնդելու եւ սահմանագծումին նպաստելու համար: Որոշումը տրուած է Քաղաքական եւ անվտանգութեան յանձնախումբի փակ նիստի ընթացքին: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են դիւանագիտական աղբիւրները:

«Այժմ արդէն կը քննարկուին ատոր իրականացման մանրամասնութիւնները` անդամներուն թիւը, անոնք ո՞ր երկիրներէն պիտի ըլլան եւ ե՞րբ Հայաստան պիտի հասնին: Սակայն յստակ է, որ առաքելութիւնը պիտի գայ», այս մասին «Ազատութիւն»-ին ըսած է Պրիւքսելի դիւանագիտական աղբիւրը:

Առաքելութեան կարեւորութեան մասին երկուշաբթի օր խօսած է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը` Եւրոպական խորհրդարանի Պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբին մէջ:

«Անդամ երկիրներու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի լիակատար աջակցութիւնը ծայր աստիճան կարեւոր է Եւրոպական Միութեան խաղաղասիրական ջանքերը իրագործելու համար», ըսած է ան:

Հայաստան քաղաքային առաքելութիւն ուղարկելու մասին համաձայնութիւն գոյացած էր անցեալ շաբաթ Փրակայի մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարներու` ժամեր շարունակուած բանակցութիւններուն ընթացքին:

Պաքուն, որ մինչ այդ մերժած էր Հայաստանի հետ սահմանին զինեալ ուժեր տեղակայելու Եւրոպական Միութեան առաջարկը, անզէն առաքելութեան պարագային չէր ընդդիմացած, միեւնոյն ժամանակ ընդգծած էր, որ պիտի համագործակցի «այնքանով, որքանով որ առնչութիւն պիտի ունենայ»:

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Ազրպէյճանը Եւ Հայաստանը Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Հիմնարար Կէտերու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (12 Հոկտեմբեր 2022)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.