Խմբագրական. Լիբանանահայութիւնը Տէր Կը Կանգնի Իրմէ Ակնկալուած Առաքելութեան
Անցեալ շաբթուան ընթացքին լիբանանահայութեան ապրած ազգային եռուզեռը տարբեր հանգամանքներով ուշադրութիւն կը գրաւէ: ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ Լիբանանի մէջ կայացան համասփիւռքեան-համահայկական գործունէութեան դաշտ ունեցող կառոյցներուն` ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի պատասխանատու մարմիններու լիագումար նիստեր, միջդիւանական ժողովներ, խորհրդակցական հաւաքներ, ժողովրդային հանդիպումներ: Այս բոլորը համալրուեցան այդ միութիւններու կեդրոնական մարմիններու գործունէութիւններու համակարգման համատեղ նիստերով, ՀՅԴ Բիւրոյի լիագումար եւ անոր առընթեր ՀՅԴ մարմիններու ներկայացուցիչներու զեկուցական եւ քննարկողական...




















