Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ սկսած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանը, որուն առաջին օրը մասնակիցները կառոյցի նախագահի պաշտօնին վերընտրած են Թայնի Քոքսը:
Քննարկումներու օրակարգին վրայ ընդգրկուած նիւթերէն է նաեւ «Լաչինի միջանցքի փակման մարդասիրական հետեւանքներու լուծումը»:
Բացի ատկէ, նստաշրջանի ընթացքին պիտի քննարկուին «Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումի իրաւական եւ մարդու իրաւունքներու երեւոյթները», «Փրիշթինայի եւ Պելկրատի միջեւ վերջին լարուածութիւնը»: