Հարցազրոյց Cilicia Tv-ին Հետ
Հ.- Վերջին տարիներուն Լիբանանի եւ Սուրիոյ մեր գաղութները լուրջ տագնապներէ անցան: Վեհափա՛ռ տէր, ձերդ սրբութիւնը անձնապէս զօրակից ու մասնակից դարձաւ յիշեալ գաղութներու վերականգման աշխատանքներուն: Ինչպէ՞ս կը տեսնէք այս գաղութներու ապագան:
Պ.- Լիբանանի ու Սուրիոյ մեր գաղութները յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին ու մասնաւորաբար սփիւռքին համար: Սուրիոյ գաղութը պատմական գաղութ է, անոր անցեալն ու ներկան մեծապէս առնչուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, արաբական ու իսլամական աշխարհէն ներս մեր ներկայութեան եւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն: Չմոռնանք, որ Տէր Զօրը կը գտնուի Սուրիոյ մէջ եւ Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն առաջին կայքը հանդիսացաւ Սուրիան: Լիբանանը առանցքային դեր ունեցած է սփիւռքի վերակազմակերպման եւ յատկապէս Հայ դատի հետապնդման եւ հայ կեանքի զանազան մարզերէն ներս մարդուժի պատրաստութեան մէջ. ան նաեւ իր քաղաքական դերակատարութիւնը ունի Լիբանանէն ներս` որպէս համայնքային երկիր: Ահա թէ ինչո՛ւ այս երկու գաղութներու ոչ միայն վերականգնումը, այլ նաեւ առաւել հզօրացումը մեծ նշանակութիւն ունին մեր ժողովուրդին համար: Անցնող տարիներուն համահայկական մակարդակով ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գլխաւորութեամբ գործնապէս սատարեցինք յիշեալ գաղութներու վերականգնումին: Դժբախտաբար տագնապները կը շարունակուին: Հետեւաբար մեր աջակցութիւնը եւս պէտք է շարունակուի մասնաւորաբար կրթական, ընկերային ու տնտեսական բնագաւառներէն ներս: Վերջին Ազգ. Ընդհանուր ժողովին մեր պատգամին մէջ ընդգծեցինք, եւ Ազգային Ընդհանուր ժողովը յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Լիբանանի ու Սուրիոյ գաղութներու վերականգնումի աշխատանքներուն զօրակից դառնալու հրամայականին:
Հ.- Արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է: Այս ուղղութեամբ կաթողիկոսարանը ձեր գլխաւորութեամբ աշխատանքի լծուած է պաշտպանելու արեւմտահայերէնը: Ցարդ ի՞նչ կատարուած է այս մարզին մէջ, եւ ի՞նչ են յառաջիկայ քայլերը:
Պ.- Ցաւալի իրականութիւն է արեւմտահայերէնի նահանջը: Պատճառները բազմաթիւ են ու այլազան: Անհրաժեշտ է լրջօրէն մտածել արեւմտահայերէնի նահանջը կասեցնելու, մնայուն կերպով աղաւաղումի ենթարկուող մեր լեզուն մաքրելու եւ զանազան միջոցներով անոր գործածութեան զարկ տալու կարելիութիւններուն մասին: Սա դիւրին աշխատանք չէ, սակայն անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է: Ազգի մը ինքնութեան կարեւոր ազդակներէն մէկն է լեզուն, մանաւանդ` մեզի նման փոքր ազգի մը համար: Արեւմտահայերէնի առողջ պահպանումը պէտք է դառնայ թէ՛ մեր եկեղեցւոյ, թէ՛ հայ դպրոցին եւ թէ՛ հայ կազմակերպութիւններուն ու մանաւա՛նդ հայ ընտանիքին հիմնական մտահոգութիւնը: Հայ ընտանիքը մեզի համար, ինչպէս միշտ կը շեշտենք, դպրոց է. ծնողները հայերէն պէտք է խօսին իրենց զաւակներուն հետ: Հայ դպրոցէն ներս յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի հայ լեզուին: Դժբախտաբար համաշխարհային մշակոյթը իր քանդիչ ներկայութեամբ սկսած է մեր կեանքէն հեռացնել մեր լեզուն: Կարելի է յիշել բազմաթիւ երեւոյթներ, որոնք փաստօրէն կը նպաստեն արեւմտահայերէնի արագընթաց նահանջին: Ինչպէ՞ս կարելի է պայքարիլ այս մտահոգիչ երեւոյթին դէմ: Մեր Սուրբ Աթոռը շուրջ ութ տարիներ առաջ յանձնաժողով մը հաստատեց, յատուկ աշխատանք սկսաւ կատարել, նախ` արեւմտահայերէնին առնչուած զանազան հարցերու (կէտադրութիւն, քերականական հարցեր, ուղղագրութիւն եւ այլն) յստակացումներ կատարելով ու հաւաքական ընդհանուր ուղղութիւն մը ճշդելով եւ ապա արեւմտահայերէնի գործածութեան տարածման նպաստող կարելիութիւնները քննելով: Սակայն յաջորդական տագնապները եւ յիշեալ աշխատանքին անմիջականօրէն լծուած յանձնախումբի կարգ մը անդամներու մահը պատճառ հանդիսացան, որ դանդաղի յիշեալ գործընթացը: Շուտով պիտի վերսկսինք մեր աշխատանքներուն, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հռաչեայ Աճառեանի անուան լեզուագիտական հիմնարկին հետ գործակցաբար:
Հ.- Վեհափա՛ռ տէր, ներկայիս ի՞նչ փուլի մէջ կը գտնուի Սիսի կաթողիկոսարանի դատը:
Պ.- Այս մասին լայնօրէն անդրադարձած ենք Ազգային Ընդհանուր ժողովին ներկայացուած տեղեկագիրին մէջ, ինչպէս նաեւ զանազան առիթներով մամուլի ճամբով տեղեակ պահած ենք մեր ժողովուրդը դատի ընթացքին մասին: Հոս կ՛ուզենք յիշեցնել, որ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին յղուած Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի թղթածրարը նոյն դատարանին կողմէ, դատարանի ներքին ուղեգիծին լոյսին տակ, թելադրուեցաւ, որ ներկայացնենք թրքական դատարան: 30 յուլիս 2019-ին թղթածրարը ներկայացուեցաւ Քոզանի (Սիս) Նախադատ ատեանին: Յայտնենք, որ մեր դատական հայցով կը պահանջուի Սիսի կաթողիկոսարանը արձանագրել իր իրաւատիրոջ` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անունով: Բնականաբար մեր պահանջը հիմնաւորող անհրաժեշտ տուեալները ներկայացուած են թղթածրարին մէջ: 11 նոյեմբեր 2021-ին Քոզանի Նախադատ ատեանը մերժեց մեր հայցը` ոչ իրաւական տուեալներէ մեկնած: 22 փետրուար 2022-ին թղթածրարը յղուեցաւ Վերադատ ատեանին: Մեր իրաւական յանձնախումբը մօտէն կը հետեւի դատի ընթացքին եւ համապատասխան քայլերու պիտի դիմէ հասնելու համար մինչեւ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարան:
Հ.- Տասնհինգ տարիներ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութեանց ատենապետը ըլլալէ ետք, վերջերս ընտրուեցաք նոյն խորհուրդի նախագահ: Ի՞նչ սպասումներ ունիք Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդէն եւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական շարժումէն:
Պ.- Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի բարձրագոյն պաշտօնը Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութեանց ատենապետութիւնն է, զոր վարեցինք 1991-էն մինչեւ 2006, երկու իրերայաջորդ շրջաններ, դառնալով նոյն պաշտօնին համար ընտրուած առաջին ուղղափառը ու երիտասարդը: Խորհուրդի նախագահութիւնը վարչակազմակերպչական տարբեր հանգամանք ու պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ: Միջեկեղեցական շրջանակներ ուզեցին, որ անպայման ստանձնենք ներկայ պատասխանատուութիւնը` նկատի ունենալով Մեր տարիներու փորձառութիւնը եւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական շարժումին դիմագրաւած լուրջ մարտահրաւէրները: Յայտնենք, որ ներկայ ժամանակներուն միջկրօնական ու յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութիւնները սկսած են առաջնային տեղ գրաւել եկեղեցիներու կեանքին ու առաքելութեան օրակարգին վրայ: Թէ՛ միջեկեղեցական եւ թէ՛ միջկրօնական յարաբերութիւններուն մեր Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ բերել իր գործօն մասնակցութիւնը` սերտ յարաբերութիւններ մշակելով եկեղեցական թէ կրօնական կարեւոր կեդրոններուն ու պատասխանատուներուն հետ:
Հ.- Վեհափա՛ռ տէր, ինչպէս քաջ գիտէք, Հայաստանը լուրջ տագնապներ կը դիմագրաւէ: Ի՞նչ է ձեր տեսակէտը Հայաստանը ներկայ կացութենէն դուրս բերելու գծով:
Պ.- Այս մասին յաճախակի առիթներով արտայայտուած ենք ու կարեւորութեամբ շեշտած` հետեւեալ կէտերը. Ա) Մեր ազգին, մարդուժին ու ներուժին համախմբումը Հայաստանի հզօրացման, Արցախի ինքնորոշման պաշտպանման եւ մեր ազգի իրաւունքներու հետապնդման շուրջ անվիճելի հրամայական է: Բ) Հայաստանը ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերելու միակ ազդու միջոցը Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի պետական, հոգեւոր եւ քաղաքական պատասխանատուներու համախմբումն է եւ վճռական որոշումներու կայացումը` ի խնդիր Հայաստանի փրկութեան: Նման վճռորոշ քայլի մը ուշացումը մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի նահանջ` տեղի տալով Ազրպէյճանի հետզհետէ բազմացող պահանջներուն: Այսօր մենք առանձին ենք, պէտք է վստահինք մեր սեփական ուժին: Շրջանի աշխարհաքաղաքական պայմանները ի նպաստ մեզի չեն: Հետեւաբար մեր ազգի ներքին ուժին ու ներուժին համախմբումը մեզի համար պիտի դառնայ հզօր յենարան` խոհեմութեամբ ու քաջութեամբ դիմագրաւելու Հայաստանին ու Արցախին սպառնացող ահաւոր վտանգները:
Հ.- Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք մեր ժողովուրդը ընդհանրապէս դարձած է յուսահատ, Արցախի ապագան կը մնայ անորոշ: Ըստ ձեզի, ի՞նչ կարելի է ընել:
Պ.- Ինչպէս քիչ առաջ ըսինք, շրջանի աշխարհաքաղաքական պայմանները ի նպաստ մեզի չեն: Հայաստանի բարեկամ նկատուող երկիրները սկսած են, ժողովրդային բացատրութեամբ, իրենց գինիին մէջ ջուր խառնել, եւ 44-օրեայ պատերազմէն Թուրքիոյ զօրակցութեամբ յաղթական դուրս ելած Ազրպէյճանը պահանջատէրի դիրքով կը խօսի Հայաստանին հետ: Այս կացութեան դիմաց, դիտեցէք մեր կեանքը` ներքին բաժանումներ ու փոխադարձ ատելութիւն: Հայաստանի անվտանգութեան, անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը պէտք է նկատուին ամէն բանէ վեր: Ի՞նչ կարելի է ընել այս ուղղութեամբ: Զգացական, տեսական, հռետորական, լոզունգային մօտեցումներէ հարկ է հեռու մնալ: Նստինք եւ իրատես մօտեցումով որոշենք, թէ ի՛նչ կրնանք ընել: Այլապէս, յուսահատութեան, յուսախաբութեան ու անորոշութեան տակ ընկճուած` նահանջի ճամբան պիտի շարունակենք: Նման կացութեան դիմաց լուռ ու անտարբեր մնալը մեր եկեղեցւոյ եւ անձնապէս Մեզի համար անընդունելի է: Մենք մեր ժողովուրդին յոյս ներշնչող, մեր ժողովուրդին հաւատքը կռանող, հայրենիքի անկախութեան ու իրաւունքներու պաշտպանութեան մեր ժողովուրդին յանձնառութիւնը աւելի ամրացնելու կոչումը ու պարտաւորութիւնը ունինք:
Հ.- Վեհափա՛ռ տէր, ի՞նչ պատգամ ունիք մեր ժողովուրդին:
Պ.- Կ՛ապրինք դժուար ժամանակներ: Ծանր եւ աննախատեսելի տագնապներով շրջապատուած ենք` ներգաղութային, համասփիւռքեան ու համահայկական: Պէտք չէ բաւարարուինք միայն կացութիւնը պարզելով, մեր տագնապներուն մասին խօսելով. պէտք է շարժինք` տագնապները յաղթահարելու հաւաքական հաւատքով ու տեսլականով: Բացուող Նոր տարուան սեմին կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ անսասան պահէ մեր ազգը, հզօր` Հայաստանն ու Արցախը եւ ամուր` մեր ժողովուրդի ներքին միութիւնը, եւ Իր երկնային շնորհներով լեցնէ մեր զաւակներուն կեանքը: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս փոթորիկին մէջ մնացած իր աշակերտներուն ըսաւ` «Մի՛ վախնաք, հաւատացէք»: Ազգովին ահաւոր փոթորիկի մէջ կը գտնուինք, լսենք Քրիստոսի ձայնը, լսենք մեր սուրբերուն աղօթքով ու մեր նահատակներուն արիւնով շաղախուած մեր պատմութեան ձայնը` մի՛ վախնաք, հաւատացէ՛ք եւ միացէ՛ք ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան:
(Շար. 2 եւ վերջ)
* Արամ Ա. կաթողիկոս սոյն հարցազրոյցը տուաւ Cilicia TV-ին 30 դեկտեմբեր 2022-ին: