Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ի պատասխան լրագրողի` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ղեկավարներու հետ վերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերեալ հարցումին, նշած է, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս ունի, որ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ պիտի վերկսկսի ուղիղ երկխօսութիւնը, որ պիտի յանգեցնէ լուծումին այն հարցերուն, որոնց շուրջ կողմերը շատոնց տարակարծութիւններ ունին:
«Մենք յոյս ունինք տեսնելու ուղիղ երկխօսութիւն, որ պիտի յանգեցնէ լուծումին այն հարցերուն, որոնք շատոնց կը բաժնեն Հայաստանն ու Ազրպէյճանը, եւ այդ երկխօսութեան միջոցով յոյսով ենք, որ պիտի հասնինք տեւական խաղաղութեան: Մենք կը շարունակենք անմիջական քննարկումները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ: Մենք ատիկա կ՛ընենք թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափով, թէ՛ գործընկերներու հետ, թէ՛ բազմակողմ կազմակերպութիւններու միջոցով: Անցեալ տարի քանի մը անգամ առիթ ունեցած ենք եռակողմ հանդիպումներ կազմակերպելու: Մենք պիտի ընենք այն ամէնը, ինչ ամէնէն արդիւնաւէտն է այս չափազանց սուր հարցերուն լուծում տալու համար», ըսած է Փրայս:
Պատասխանելով մէկ այլ հարցումին, թէ արդեօք Պլինքըն յստակ պատկերացում ունի՞ այս բանակցային հոլովոյթին մէջ գոյութիւն ունեցող վիճակին մասին, Փրայս նշած է, որ ամերիկեան կողմը չափազանց լաւ կը տիրապետէ կացութեան եւ ունի տարբեր մտահոգութիւններ, որոնցմէ է Բերձորի միջանցքին շուրջ ստեղծուած վիճակը:
«Մենք մտահոգ ենք, որ այնտեղ կացութիւնը կը վատթարանայ: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութեան վատթարացումը ո՛չ միայն արտաքին գործոց նախարարի, այլ նաեւ այս հաստատութեան (արտաքին գործոց նախարարութեան, «Ա.») այլ աշխատողներու ուշադրութեան կեդրոնն է: Լաչինի միջանցքի երկայնքով սովորական առեւտրական եւ սեփական երթեւեկութեան շարունակական խոչընդոտումը կը յանգեցնէ միջանցքէն կախեալ բնակչութեան համար սննդամթերքի, վառելանիւթի եւ դեղորայքի պակասի յառաջացման, ինչպէս նաեւ կը խաթարէ այստեղ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու հիմնական մատակարարումները: Բնական կազի եւ այլ հիմնական ծառայութիւններու մատակարարման խափանումն ալ աւելի կը սրէ վատթարացող մարդասիրական կացութիւնը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք ամբողջապէս վերականգնելու միջանցքով ազատ տեղաշարժը, ներառեալ առեւտրական եւ սեփական երթեւեկութեան համար: Մենք կը կարծենք, որ անհրաժեշտ է գտնել այս փակուղիէն դուրս գալու լուծում, որ պիտի ապահովէ տարածքին մէջ ապրող բնակչութեան անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը: Մենք հաւատացած ենք, որ անհրաժեշտ է յառաջ շարժիլ բանակցութիւններու միջոցով եւ հաւատարիմ ենք կայուն խաղաղութեան աջակցութեան», եզրափակած է Փրայս:
Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանը 12 դեկտեմբերէն ի վեր փակած է Բերձորի միջանցքը: