Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա անդրադարձած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութիւն ստեղծելու որոշումին կարեւորութեան:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Ֆրանսան ուրախ պիտի ըլլայ մասնակցելու եւրոպական այս առաքելութեան: