Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան ՄԱԿ-ի Դատարանի Մէջ Ազրպէյճանը Կը Մեղադրէ Ցեղային Խտրականութեան Համար

January 25, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանը 23 յունուարին Ազրպէյճանի դէմ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարան ներկայացուցած է Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային հռչակագիրի մեկնաբանման եւ կիրարկման գործով յուշագիր:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ փաստաթուղթը մանրամասն կը ներկայացնէ Ազրպէյճանի կողմէ այդ հռչակագիրի` տասնամեակներ շարունակուող կոպիտ խախտումները: Պաշտօնատարը այլ մանրամասնութիւններ չէ նշած:

Կիրակոսեանի գրառումը կը յաջորդէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, ըստ որուն, Պաքուն ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարան «Հայաստանի կողմէ ազրպէյճանցիներու իրաւունքներու ոտնահարման» մասին յուշագիր ներկայացուցած է:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, այդ փաստաթուղթը հիմնուած է «30 տարուան անարդարութիւնը փաստող հազարաւոր էջերով ապացոյցներու վրայ»:

«Անիկա մանրամասն տեղեկութիւններ կը բովանդակէ Հայաստանի կողմէ գործուած ազգային զտումներու հետեւանքով սպաննուած, արտաքսուած եւ վիրաւորուած ազրպէյճանցիներու մասին», կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարութիւնը կը նշէ, որ ներկայացուած ապացոյցներուն հիման վրայ Պաքուն դատարանէն պահանջած է Հայաստանը ճանչնալ իբրեւ ազրպէյճանցիներու մարդու իրաւունքներու զանգուածային ոտնահարման պատասխանատու:

 

Նախորդը

Հարաւային Կովկասի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Յատուկ Ներկայացուցիչը Մտահոգութիւն Յայտնած Է Բերձորի Միջանցքին Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումներուն Առնչութեամբ

Յաջորդը

Բերձորի Միջանցքի Շրջափակման Մարդասիրական Հետեւանքներու Լուծման Հարցը Ներառուած Է ԵԽԽՎ-ի Նստաշրջանի Օրակարգին Վրայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.