Եւրոպական Միութեան 27 անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր` 23 յունուարին, պիտի որդեգրեն Հայաստան նոր առաքելութիւն գործուղելու որոշումը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան անանուն դիւանագէտ մը «Ազատութեան» յայտնած է. «Անիկա պէտք է նպաստէ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման»:
Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը մտահոգութեամբ կը հետեւի Բերձորի միջանցքին շուրջ ծաւալող իրադարձութիւններուն եւ քայլերու կը ձեռնարկէ կացութիւնը կարգաւորելու համար:


