Արցախի Ներկայացուցիչները Քանատայի Խորհրդարանին Մէջ Ազրպէյճանի Ցեղասպանական Յարձակումի Հետեւանքներուն Վերաբերեալ Փաստեր Ներկայացուցած Են
ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի տեւական աշխատանքներուն շնորհիւ 25 յունուարին Քանատայի Համայնքներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու եւ միջազգային զարգացման մնայուն յանձնախումբը գումարած է երկու առանձին նիստեր: Նիստերը գումարուած են` համաձայն յանձնախումբին կողմէ նախորդ շաբաթ միաձայնութեամբ որդեգրուած որոշումին, որուն նախագիծը ներկայացուած էր «Քեպեքի պլոք» խմբակցութեան անդամ Սթեֆան Պերկերոյի կողմէ, որ պահանջած էր նուազագոյնը երեք հանդիպումներ, որոնց ընթացքին յանձնախումբի անդամները կարելիութիւն կ՛ունենան լսելու...




















