Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուեցաւ

March 22, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ապառաժ» կը նշէ, որ Արցախը շրջափակման մէջ է 100 օրէ ի վեր: Թշնամի Ազրպէյճանը արդէն 100 օրէ ի վեր չի կրնար հասնիլ  իր դաւադիր նպատակներուն` հայաթափել Արցախը եւ գրաւել զայն: 2020 թուականի դաժան պատերազմէն ետք թէեւ վիրաւոր, սակայն Արցախի սիրտը կը բաբախէ, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ արցախցին կը պայքարի:

Սնունդի, դեղորայքի, վառելիքի, ելեկտրականութեան ու կազի բացակայութեան պայմաններուն մէջ կ՛ապրի արցախցին: 3 պատերազմի բովով անցած, բազմաթիւ զրկանքներ ու դաժանութիւններ տեսած արցախցիի կամքն անկոտրում է: Արցախցին հաւատարիմ է իր ընտրած պայքարի ուղիին:

Երէկ` երեքշաբթի, 21 մարտին, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման ցեղասպանական քաղաքականութեան 100-րդ օրը Արցախի երիտասարդները անգամ մը եւս ցոյց տուին իրենց հաստատակամութիւնը` այդ հողին մէջ ապրելու ու արարելու` ի հեճուկս համայն աշխարհի եւ բոլոր դժուարութիւններուն:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ կազմակերպած էր ցոյց` վերահաստատելու այդ կամքը, արցախցիի ձայնը լսելի դարձնելու համայն աշխարհին,  պայքարի վճռականութիւնը արտայայտելու եւ հայ ժողովուրդի միասնական կամքը ապացուցելու համար:

Երէկ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ուր կան դաշնակցական կառոյցներ եւ երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններ, նմանատիպ ցոյցեր տեղի ունեցան` փաստելով, որ դաշնակցական երիտասարդները դիւանագիտական մակարդակով, հանրային բեմերու վրայ չեն մոռցած Արցախը եւ ամէն առիթով միջազգային հարթակներու մէջ կը ներկայացնեն Հայ դատն ու հայկական պահանջատիրութիւնը: Երէկ խորհրդանշական օր էր, պայքարի 100-րդ օրը: Արցախը կը դիմակայէ եւ իր դիմակայութեամբ թշնամիին ոչ կ՛ըսէ` պարտադրելով յարգանք եւ ակնածանք:

Նախորդը

Քոնկրեսական Շիֆ Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցները Բացառելու Վերաբերեալ Պոնոյի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.