Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Դեսպանը Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Որոշումը Չկատարելու Հարցով Կանչուած Է Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Մարտ 24, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Ազրպէյճանի դեսպանը եւ անոր յայտնած Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը կատարելու եւ Լաչինի միջանցքը բանալու անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը:

Կը նշուի, թէ Նետերլանտներու խորհրդարանական 13 խմբակցութիւնները գրաւոր հարցումներ ուղղած են երկրի արտաքին գործոց նախարար Վոպքէ Հոքսթրային` Բերձորի միջանցքի փակման վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 փետրուարին որդեգրած որոշումին վերաբերեալ:

Վոպքէ Հոքսթրան երեսփոխաններուն հետ համաձայնած է` նշելով, որ Ազրպէյճանը չի կատարեր դատարանի որոշումը, համաձայն որուն, Ազրպէյճան պէտք է իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցները օգտագործէ` ապահովելու մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու երկու ուղղութիւններով անարգել տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով:

Խորհրդարանին ուղղուած նամակին մէջ արտաքին գործոց նախարարը կ՛ընդգծէ, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները իրաւականօրէն պարտաւորեցնող են, հետեւաբար, Նետերլանտները Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հրապարակաւ կոչ ուղղած են կատարելու այդ որոշումը:

Ըստ հաղորդագրութեան, նետերլանտական դիւանագիտութեան պետը բազմիցս իր մտահոգութիւնները արծարծած է Բերձորի միջանցքի փակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական կացութեան առնչութեամբ, ներառեալ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ երկկողմանի բանակցութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Նետերլանտներու վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ վերջերս կայացած հանդիպումի ընթացքին:

Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը կը նշէ, որ Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարարը այդ մտահոգութիւնները նաեւ փոխանցած էր ազրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին հետ քանի մը զրոյցներու ընթացքին: Այդ մտահոգութիւնները արտայայտուած են նաեւ տարբեր միջազգային խորհրդաժողովներու ընթացքին, Եւրոպական Միութեան յայտարարութիւններու միջոցով:

Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարար Հոքսթրա նշած է, որ դատարանի որոշումը պէտք է լիարժէք կատարուի, ինչ որ կը նշանակէ, որ Ազրպէյճանը պէտք է ապահովէ մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու երկու ուղղութիւններով ազատ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով:

 

Նախորդը

Արցախի Ազգային Ժողովը 2-րդ Ընթերցումով Հաւանութիւն Տուած Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան Նախագիծին

Յաջորդը

Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?