Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ի Համազեկուցողները Պաքուին Կոչ Ուղղած Են Թոյլատրելու Փաստահաւաք Խումբ Ուղարկել Արցախ

March 23, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի` Հայաստանի պարտաւորութիւններու դիտարկումի հարցերով համազեկուցողներ Քիմմօ Քիլիւնենը (Ֆինլանտա) եւ Պորիանա Օպերկը (Շուէտ) Պաքուին կոչ ուղղած են թոյլատրելու փաստահաւաք անկախ խումբի այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի շրջան:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին  կը նշուի համազեկուցողներու` ԵԽԽՎ-ի կայքին մէջ տեղադրուած զեկուցումին մէջ:

17-19 փետրուարին Հայաստան կատարած այցելութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ ԵԽԽՎ-ի դիտարկումի կոմիտէին ներկայացուած իրենց զեկուցումին մէջ համազեկուցողները նշած են, որ Բերձորի միջանցքի շարունակուող փակումը շուտով կրնայ մարդասիրական ճգնաժամի յանգեցնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Անոնք ընդգծած են, որ Բերձորի միջանցքով երթեւեկութիւնը խիստ դժուարացած է, ինչ որ անկարելի կը դարձնէ առաջին անհրաժեշտութեան որոշ ապրանքներու տեղափոխումը:

Անոնք զեկուցումին մէջ նշած են, որ իրենց այցելութեան նպատակն էր գնահատել իրավիճակը Ազրպէյճանի հետ սահմանին եւ Լաչինի միջանցքի մուտքին մօտ: Իրենց այցելութեան ընթացքին համազեկուցողները այցելած են Ջերմուկ, Գորիս եւ Վարդենիս քաղաքներ, անոնց շրջակայքը, հանդիպած տեղւոյն իշխանութիւններուն եւ Լաչինի միջանցքի շարունակական փակման պատճառով Գորիսի մէջ մնացած Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու հետ:

Համազեկուցողները, յղում կատարելով 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան, Ազրպէյճանին կոչ ուղղած են թոյլ տալու իրենց անկախ գնահատական տալ իրավիճակին: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն թոյլատրելու փաստահաւաք անկախ խումբի այցը եւ թոյլ տալու անկախ լրագրողներուն ազատ աշխատիլ ամբողջ տարածքին մէջ», կը նշուի ԵԽԽՎ-ի համազեկուցողներու զեկուցումին մէջ:

Նախորդը

«Շրջանին Մէջ Օտարերկրեայ Ուժերու Ներկայութիւնը Չի Կրնար Կայունութիւն Ու Խաղաղութիւն Ապահովել» Կ՛ըսէ Իրանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը

Յաջորդը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.