Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու Նիստը Քննարկեց Ելեւմտական Մարզին Վերաբերող Հարցեր

March 23, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, համապատասխան վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան մէկ ներկայացուցիչը:

Նիստէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ նիստը ունէր յստակ օրակարգ, սակայն նկատի ունենալով օր մը առաջ ամերիկեան տոլարին արձանագրած «խենթութիւնը», երեսփոխանները պահանջեցին, որ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ զրոյց մը կատարուի այդ մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ իմանալ անոնց պատկերացումը` ելեւմտական կացութեան եւ այդ տագնապին լուծման ձեւերուն կամ տիրող կացութենէն դուրս գալու ելքերուն մասին:

Պու Սաապ յայտնեց, որ քննարկուեցան շարք մը հարցեր, իսկ քննարկումները հանդարտ էին ու շինիչ` աւելցնելով, որ իրենք քննարկած են նաեւ ինքնութիւնը սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին հակակշիռը պահող պատասխանատուներուն, որոնք ո՛չ դրամատուներն են եւ ո՛չ ալ Կեդրոնական դրամատունը:

Պու Սաապ ընդգծեց, որ ելեւմտական հարցերու շուրջ քննարկում կատարել չի նշանակեր կառավարութիւնը հարցապնդել:

Ան նկատել տուաւ, որ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը ճշդող կառոյցն է, որ կը կոչուի ստուերային պետութիւն:

Պու Սաապ նկատել տուաւ նաեւ, որ երկրին կացութիւնը դարձած է անհանդուրժելի: Ան անհրաժեշտ նկատեց երկխօսութիւնը` հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան եւ իշխանութեան վերակառուցման նպատակով:

Դրամատուներուն կողմէ իրենց դռները փակ պահելու որոշումին մասին Պու Սաապ հաստատեց, որ այդ որոշումը եւ վարուելակերպը մերժելի են, եւ պէտք է հաշուետուութիւն կատարուի այդ առումով:

Ռիատ Սոլհ Հրապարակին Վրայ

Մինչ խորհրդարանին մէջ միացեալ յանձնախումբերու նիստը ընթացքի մէջ էր, հանգստեան կոչուած զինուորականները, ինչպէս նաեւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու միութիւնը Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կատարեցին բողոքի ցոյց մը` սղաճին եւ տիրող տնտեսական ու ընկերային վատ պայմաններուն դէմ:

Մեծ թիւով քաղաքացիներ, որոնք լիբանանեան դրօշներով եւ ելեւմտական մարզի փտածութիւնը դատապարտող եւ քննադատող պաստառներով ուղղուած էին ցոյցի, իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին կառավարութեան, քաղաքական պատասխանատուներուն եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին դէմ:

Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ բանակն ու ապահովութեան ուժերը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած էին եւ ցոյցը հանգիստ կ՛ընթանար մինչեւ այն պահը, երբ ցուցարարները փորձեցին դէպի վարչապետարան առաջնորդող ճամբուն վրայ գտնուող փշաթելերը անցնիլ:

Այդ պատճառով անոնց եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ տեղի ունեցան հրմշտուք եւ բախումներ, ինչ որ պատճառ դարձաւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ արցունքաբեր կազերու օգտագործման` ցուցարարները ցրուելու նպատակով:

Քիչ անց հանգստեան կոչուած զինուորականներէն բաղկացած պատուիրակութեան մը առիթ տրուեցաւ ուղղուելու վարչապետարան եւ հանդիպում մը ունենալու վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ` բանակցելու համար անոնց ունեցած պահանջներուն շուրջ:

 

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ. «Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի Հրաւէրը Անկախ Է Եւ Ռայի Պատրիարքին Քաղաքական Նախաձեռնութեան Հետ Չէ Առնչուած» Շեշտեց Սայեղ

Յաջորդը

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Մարոնի Եկեղեցւոյ Պետին Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.