Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առիթով. Դաշնակցական Պատանիներու Զօրակցական Ջահերթ

March 22, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի շրջափակման 100-րդ օրուան առիթով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն, երեքշաբթի, 21 մարտ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնէն ընթացք առաւ զօրակցական ջահերթ:

Աւելի քան 100 պատանիներ ազգային-յեղափոխական երգերու ընկերակցութեամբ, կանչերով, ջահերով եւ Արցախի մեծ դրօշով շրջեցան Պուրճ Համուտի թաղամասերուն մէջ: 100-ամեայ պատանեկան միութիւններու ներկայութիւնը ոգեւորեց շրջանի բնակիչները, որոնք խանդավառութեամբ դիմաւորեցին եւ յայտնեցին իրենց աջակցութիւնը:

Աւարտին, պատանիները համախմբուեցան Պուրճ Համուտի Նահատակաց յուշակոթողին դիմաց, ուր ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն անունով խօսք արտասանեց Վանա Աւետիսեան: Ան ըսաւ. «Ահաւասիկ 100 օր անցած է Արցախի դէմ Ազրպէյճանի պարտադրած անարդար, անմարդկային եւ միջազգային օրէնքով անօրէն նկատուող շրջափակման: 100 օր շարունակ Արցախի հերոսական ժողովուրդը տոկաց ու կը շարունակէ տոկալ` հաստատելով, որ հայ ժողովուրդը օժտուած է պայքարի ոգիով եւ թշնամիին ամէն գնով դէմ դնելու աննկուն կամքով»:

Աւետիսեան ըսաւ, որ ներկայ կացութեան մէջ դաշնակցական պատանիները պէտք է բարձրաձայն հաստատեն, որ Արցախը մինակ չէ՛, Արցախցին մինակ չէ՛, եւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող գրաւուած Արցախի հողերը մե՛րն են:

Իր խօսքի աւարտին պատանին եզրափակեց, «Վերջապէս, իբրեւ 100-ամեայ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններ, անգամ մը եւս կը հաստատենք, որ մեր բոլորին երազը մէկ է: Մեր ճամբան մեզ միայն կրնայ տանիլ դէպի Սեւրի դաշնագիրին մէջ ամրագրուած ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան, Արցախով Հայաստան, մէկ Հայաստան, համայն հայութեան Հայաստան»:

Արցախի զօրակցական հաւաքը փակուեցաւ «Յառաջ, նահատակ» քայլերգով:

 

Նախորդը

Ամերիկեան Տոլարի Ոստումները Ցնցեցին Լիբանանը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախի Շրջափակումը Դէմ Է Մարդկային Արժանապատուութեան Ու Միջազգային Օրէնքին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.