Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճան Կրկին Խափանած Է  Արցախի Կազի Մատակարարումը

Արցախի Ամբողջական Շրջափակումը Կը Շարունակուի. Ազրպէյճանը Կրկին Ամբողջութեամբ Փակած Է Հայաստանէն Արցախ Մտնող Միակ Կազատար Խողովակը

Ազրպէյճանական կողմը շաբաթ օր կրկին ամբողջութեամբ փակած է Հայաստանէն Արցախ մտնող միակ կազատար խողովակը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի տեղեկատուական կեդրոնը: «Սելսիուսի սանդղակով Արցախի մէջ -5 աստիճանի պայմաններուն մէջ բնական կազի` վերջին օրերուն արդէն քանիերորդ անգամ անջատումը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ պաշտօնական Պաքուն Արցախի 120 հազար շրջափակման մէջ գտնուող խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ, միջազգային...

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Լեռնային  Ղարաբաղի Մէջ Զինուորական  Գործողութիւններու Դադրեցումը

Այսօր Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործոց Նախարարները Պիտի Որդեգրեն Հայաստան Նոր Առաքելութիւն Գործուղելու Որոշումը

Եւրոպական Միութեան 27 անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր` 23 յունուարին, պիտի որդեգրեն Հայաստան նոր առաքելութիւն գործուղելու որոշումը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան անանուն դիւանագէտ մը «Ազատութեան» յայտնած է. «Անիկա պէտք է նպաստէ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման»: Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը մտահոգութեամբ կը հետեւի Բերձորի միջանցքին շուրջ ծաւալող իրադարձութիւններուն եւ քայլերու կը ձեռնարկէ կացութիւնը կարգաւորելու համար:

Եւրոպական Խորհրդարան. «Բանակցութիւնները  Վերսկսիլ Հելսինքեան Հռչակագիրին Հիմամբ,  ԵԱՀԿ-ի Խաղաղապահներ Ուղարկել Լեռնային Ղարաբաղ,  Դատապարտել Ռուսիոյ Ապակառուցողական Դերը»

Եւրոպական Խորհրդարան. «Բանակցութիւնները Վերսկսիլ Հելսինքեան Հռչակագիրին Հիմամբ, ԵԱՀԿ-ի Խաղաղապահներ Ուղարկել Լեռնային Ղարաբաղ, Դատապարտել Ռուսիոյ Ապակառուցողական Դերը»

Եւրոպական խորհրդարանը 18 յունուարին` Եւրոպայի միասնական արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան իրականացման 2022 թուականի հաշուետուութեան վերաբերեալ բանաձեւէն մէկ օր ետք, 19 յունուարին որդեգրած է նոր բանաձեւ մը, որուն մէջ Պաքուին կոչ կ՛ուղղէ բանալու Բերձորի միջանցքը, կը դատապարտէ ռուս խաղաղապահներու անգործութիւնը եւ կ՛առաջարկէ զանոնք փոխարինել ԵԱՀԿ-ի խաղաղապահներով: Բանաձեւին մէջ կը նշուի. «Եւրոպական խորհրդարանը, - հաշուի առնելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի վերաբերեալ իր նախկին...

Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը  Խօսքով Կը Մնայ Առաջնահերթութիւն

Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը Խօսքով Կը Մնայ Առաջնահերթութիւն

Թէեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կը հաստատեն, որ նախագահական ընտրութիւնը կը մնայ առաջնահերթ թղթածրար` լուծելու համար երկրին նախ քաղաքական, ապա տնտեսական եւ ընկերային տագնապները, սակայն հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան համար ոչ ոք կը գործէ: Հետեւաբար այդ ընտրութիւնը միայն խօսքով կը մնայ առաջնահերթ: Այս ծիրին մէջ փոփոխութեան երեսփոխաններ կը շարունակեն խորհրդարանին մէջ իրենց նստացոյցը` հաստատելով այդ մէկը կատարելու իրենց սահմանադրական իրաւունքը: Ժողովրդահաճոյ...

«Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Տագնապները Պէտք Է  Միասնաբար Դիմագրաւենք»* Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Տագնապները Պէտք Է Միասնաբար Դիմագրաւենք»* Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հարցազրոյց Cilicia Tv-ին Հետ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մասին խօսիլը սովորական երեւոյթ մը չէ ու պէտք չէ ըլլայ: Եռամիութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք, լուրջ տագնապներու ու մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. 2023 տարին դարձեալ հռչակեց «Սփիւռքի տարի», սակայն` շեշտը դնելով ինքնաքննութենէ վերակազմակերպման վրայ: Յաջորդական նման հռչակում կատարելու համար վեհափառ հայրապետը վստահաբար լուրջ եւ նոյնիսկ...

Մոսիեան. «Փաշինեանը Պէտք Է Հեռանայ, Որպէսզի Կարենանք  Փրկել Արցախն ու Հայաստանը»

Արթուր Մոսիեան. «Այսօր Միջազգային Հանրութիւնը Աւելի Շատ Կը Խօսի Արցախի Ինքնորոշման Մասին, Քան Հայաստանի Իշխանութիւնները»

19 յունուարին Եւրոպական խորհրդարանը կողմ քուէարկեց շրջանառութեան մէջ դրուած «Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մարդասիրական հետեւանքները» բանաձեւի նախագիծին: Բանաձեւը մասամբ ներկայացուած էր հեղինակ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն կողմի Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին, որ նուիրուած էր Բերձորի միջանցքի շրջափակման, անոր հետեւանքներուն եւ Եւրոպական Միութեան հաւանական քայլերուն: 168.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան խօսելով բանաձեւի...

Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Կերպով  Կը Քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերը

Եւրոպական Խորհրդարանը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Կողմէ Բերձորի Միջանցքի Փակումը Եւ Կը Պահանջէ Անյապաղ Վերականգնել Տեղաշարժի Ազատութիւնը

Եւրոպական խորհրդարանի (ԵԽ)` 16-19 յունուարի լիագումար նստաշրջանի ընթացքին 18 յունուարին տեղի ունեցած քուէարկութեամբ որդեգրուեցաւ «Ընդհանուր արտաքին ու անվտանգային քաղաքականութեան իրականացում. 2022 թուականի տարեկան զեկուցում» (ԸԱՏՔ) բանաձեւը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, զեկուցողը Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Տէյվիտ Մքալիսթըրն էր: ԸԱՏՔ-ն արտաքին քաղաքական հարցերով ԵԽ-ի տարեկան հիմնական զեկուցումն է եւ ատոր մէջ որեւէ ձեւակերպումի շուրջ համաձայնութեան գոյացումն ու որդեգրումը կը ձեւաւորէ ԵԽ-ի...

Քանատայի Խորհրդարանի Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Արցախին  Առնչուող Բացառիկ Որոշում Որդեգրած Է

Քանատայի Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Արցախին Առնչուող Բացառիկ Որոշում Որդեգրած Է

ՀՅԴ Հայ դատի Քանատայի յանձնախումբի աշխատանքին շնորհիւ եւ խորհրդարանի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու ջանքերով գումարուած է Քանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յատուկ նիստ` նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան շրջափակումին: 18 յունուարին տեղի ունեցած նիստին որոշուած է Արցախի շրջափակման հարցով յաւելեալ երեք նիստ գումարել, ինչպէս նաեւ տեղւոյն կացութեան շուրջ իրազեկուելու համար քննարկման հրաւիրել Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը եւ Արցախի մարդու...

«Հայ Մտաւորականութեան Կը Մնայ Թեհլիրեանի Յուշերու Նոր Հրատարակութեան Հնչեղութիւն Ապահովելը»

«Հայ Մտաւորականութեան Կը Մնայ Թեհլիրեանի Յուշերու Նոր Հրատարակութեան Հնչեղութիւն Ապահովելը»

«Ազդակ»-Ի 55-րդ Առցանց Լսարան` Սողոմոն Թեհլիրեանի Յուշերուն Անգլերէն Թարգմանութեան Առիթով «Ազդակ»-ի 55-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 19 յունուար 2023-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Նիւթ` Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշերուն թարգմանութիւնը: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Յիշենք, որ հրատարակութեան ներկայացումը տեղի ունեցաւ 5 դեկտեմբեր 2022-ին, «Ազդակ»-ի նախաձեռնութեամբ, «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Նշենք, որ Թեհլիրեանի յուշագրութիւնները անգլերէնի թարգմանուած են...

Ակնարկ.   Ստեփանակերտ-Պաքու Ձեւաչափին  Իրաւական Նախադրեալը

Ակնարկ. Ստեփանակերտ-Պաքու Ձեւաչափին Իրաւական Նախադրեալը

2022 թուականին ռուսական դիւանագիտութեան գործունէութեան արդիւնքներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարը յատուկ տեղ յատկացուցած է Բերձորի միջանցքի հարցին եւ ընդհանրապէս հայ-ազրպէյճանական սահմանին: Ամէնէն ուշագրաւ բացայայտումը այն է, որ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի ներկայացուցիչները հանդիպած են ռուս խաղաղապահ առաքելութեան ղեկավարութեան միջնորդութեամբ: Այս տեղեկութեան հրապարակայնացումէն անմիջապէս ետք Լաւրով յայտնած է, որ իր համոզումով` Բերձորի միջանցքը կը վերաբացուի շուտով: Երբ...

Ազատի Զօրամասի Կացարանին Մէջ  Բռնկած Հրդեհէն Զոհուած Է 15 Զինուոր

Ազատի Զօրամասի Կացարանին Մէջ Բռնկած Հրդեհէն Զոհուած Է 15 Զինուոր

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի ճարտարապետական սակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ 19 յունուարին բռնկած հրդեհի պատճառով, զոհուած է 15 զինուոր, 3 զինուորի վիճակը կը գնահատուի ծանր: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն: Հայաստանի Հանրապետութեան N զօրամասէն Վարդենիսի Ռազմական ոստիկանութեան բաժին 19 յունուարի առաւօտեան ժամը 5:15-ին հեռախօսագիր ուղարկուած է, որ նոյն օրը` առաւօտեան ժամը 1:30-ի սահմաններուն մէջ, նշուած զօրամասի...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու  Հերթական Հանդիպում

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հերթական Հանդիպում

Հինգշաբթի, 19 յունուար 2023-ին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչները գումարեցին հերթական նիստ մը, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Հանդիպումի միակ օրակարգը Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ իրագործուող ահաբեկչական գործընթացի խորացման քննարկումն էր` նկատի ունենալով, որ Արցախի շրջափակումը եւ մարդկային կենսական անհրաժեշտութիւններու ապահովումը սկսած են այլեւս մարդասիրական աղէտը աւելի խորացնելու առաջնորդել: Ժողովը հաստատեց, որ...

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարարի Պաշտօնակատարին

Բագրատունի Պահանջեց Պաշտօնական Պէյրութի Կեցուածքը` Բերձորի Միջանցքի Հարցով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի հետ առնչուող շրջանային եւ միջազգային զարգացումները: Բագրատունի Պու Հապիպին ներկայացուց Բերձորի միջանցքի Ազրպէյճանի կողմէ փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակը եւ կրկնեց նախապէս ներկայացուցած պահանջը, որ Լիբանանի կառավարութիւնը արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով անհրաժեշտ կեցուածքը որդեգրէ: Նախարար Պու...

Խորհրդարանի ԺԱ. Նիստը Դարձեալ Ձախողեցաւ  Հանրապետութեան Նոր Նախագահը Ընտրել

Խորհրդարանի ԺԱ. Նիստը Դարձեալ Ձախողեցաւ Հանրապետութեան Նոր Նախագահը Ընտրել

Նախագահական ընտրութեան նոյն տհաճ թատրոնը 11-րդ անգամ ըլլալով դիտելու պատրաստ քաղաքացին, երբ երէկ կը պատրաստուէր հետեւիլ այդ թատրերգութեան նորութիւններուն, վկայեց այլ իրականութեան մը, որ Լիբանանի սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը հասաւ 50.000 լ. ոսկիի: Վայրկեաններ ետք` ժամը 11:00-ին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահեց նախագահական ընտրութեան ԺԱ. նիստին, որ դարձեալ ձախողեցաւ հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրել: Խորհրդարան ներկայացած եւ ընտրութեան նիստին...

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի  Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Հանրապետութեան Շրջափակման Եւ Մարդասիրական Աղէտի Խորացման Մասին Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, կոպտօրէն խախտելով միջազգային իրաւունքի կանոնները եւ 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտականութիւնները, դեկտեմբերի 12-ից սկսած բնապահպանական կեղծ պատրուակով խորացնում է Արցախի շրջափակման քաղաքականութիւնը: Շարունակուող լիակատար շրջափակման եւ ձմրան պայմաններում ելեկտրուժի, համացանցի, իսկ 2023 թուականի յունուարի 17-ից նաեւ կազի մատակարարման հերթական խափանումները Արցախի Հանրապետութեան ազգաբնակչութեանը կանգնեցնում...

Ռուբէն Վարդանեան. «Ազրպէյճանի Նպատակը  Արցախի Գերիշխանութիւնը Ոչնչացնելն Է»

Ռուբէն Վարդանեան. «Ազրպէյճանի Նպատակը Արցախի Գերիշխանութիւնը Ոչնչացնելն Է»

«Արցախի շրջափակումը քաղաքական է, սա միայն ճամբու փակում չէ, Ազրպէյճանի նպատակը Արցախի գերիշխանութիւնը ոչնչացնելն է», երէկ ընդլայնուած խորհրդակցութեան ընթացքին ըսած է Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան: «Պայքարը կը մղուի գերիշխանութեան համար», նշած է ան` շարունակելով. «Ես յստակ կ՛ըսեմ, որ մեր նպատակն է ունենալ անկախ Արցախ, որ պէտք է ըլլայ անվտանգ եւ զարգացած: Ատիկա շատ կարեւոր նպատակ է, որուն հասնիլը շատ...

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի  Դեսպանը` Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը` Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

Երեքշաբթի, 17 յունուար 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Դեսպանը վեհափառ հայրապետին պարզեց Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Բերձորի միջանցքին վերաբացման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները: Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, յայտնեց նոյն հարցին գծով իր հաստատած կապերը օտար շրջանակներու հետ եւ վերաշեշտեց մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան այս ճակատագրական պահուն համախմբուելու եւ միասնական...

Իսլամ Սիւննի Եւ Շիի Կրօնականներու  Համախմբումի Խորհուրդը`  Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

Իսլամ Սիւննի Եւ Շիի Կրօնականներու Համախմբումի Խորհուրդը` Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

Չորեքշաբթի, 18 յունուար 2023-ին, կաթողիկոսանիստ վանք այցելեց իսլամ սիւննի ու շիի կրօնականներու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւնը եւ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Պատուիրակութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ազգին նկատմամբ` շեշտելով Բերձորի միջանցքը բանալու անհրաժեշտութիւնը` մարդասիրական մտահոգութենէ մեկնած: Ան նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց վեհափառ հայրապետին քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան գծով կատարած աշխատանքներուն համար: Վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով Արցախի հարցին` կարեւորութեամբ յիշեցուց, թէ ան կրօնական...

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ  62 Միլիոն Տոլարի Յատկացում Մը  Փոխանցելու Ելեկտրականութեան Մարզին

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ 62 Միլիոն Տոլարի Յատկացում Մը Փոխանցելու Ելեկտրականութեան Մարզին

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին: Հակառակ նիստին հակասահմանադրական ըլլալու իրողութեան, կառավարութիւնը յատկացումներ կատարեց ելեկտրականութեան մարզին: Նիստէն ետք արտասանած իր խօսքին մէջ Միքաթի յայտնեց, որ բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ կառավարութեան նիստերը այս կամ այն քաղաքական ուժին հետ հակադրուելու նպատակով չեն կատարուիր, ինչպէս նաեւ չեն միտիր լիբանանեան քաղաքական կեանքը երկփեղկումի ենթարկել:...

«Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի Յանձնախումբը Գումարեց Իր Հերթական Նիստը

«Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի Յանձնախումբը Գումարեց Իր Հերթական Նիստը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի յանձնախումբի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 16 Յունուար 2023-ին, Վեհարանի մէջ։ Նիստին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսը։ Մասնակցեցան ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Խաչիկ Տէտէեան եւ հեռակայ՝ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական հիմնադրամ»ի վերջին հրատարակութիւններուն եւ շեշտը դրաւ յատկապէս ժամանակակից խնդիրներուն հետ աղերս ունեցող...

Page 256 of 796 1 … 255 256 257 … 796

Արխիւներ