Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա մտադիր է յաջորդ ամսուան ընթացքին այցելել Հայաստան եւ Ազրպէյճան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի նախարարի «Թուիթըր»-ի էջին վրայ:
«Կը նախատեսեմ յառաջիկայ ապրիլին այցելել Պաքու եւ Երեւան (…) յիշեցնելու համար քաղաքական լուծումի մը կարիքը, կարիքը զինադադարի մը, որուն երկու կողմերը յանձնառու դարձած են, եւ ընդգծելու, թէ ուժի կիրարկման սպառնալիքները անընդունելի են»:
Նախարարը երկու երկիրներուն մէջ պիտի քննարկէ Բերձորի միջանցքի շրջափակման առնչուող հարցեր:
«Այս շրջափակումը լարուածութիւն կը յառաջացնէ, ապրիլի վերջաւորութեան կը մեկնիմ Հայաստան եւ Ազրպէյճան` այդ ուղերձը հասցնելու համար: Ֆրանսան քայլեր կը կատարէ», կ՛ընդգծուի նախարարի «Թուիթըր»-ի էջին վրայ:
Միւս կողմէ, «Լը Ֆիկարօ» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը ծերակուտականներու առջեւ յայտարարած է. «Կը նախատեսեմ յառաջիկայ ապրիլին այցելել Պաքու եւ Երեւան (…) յիշեցնելու համար քաղաքական լուծումի մը կարիքը, կարիքը զինադադարի մը, որուն երկու կողմերը յանձնառու դարձած են, եւ ընդգծելու, թէ ուժի կիրարկման սպառնալիքները անընդունելի են»:
Նախարարին կարծիքով` Բերձորի միջանցքի փակումը «լարուածութիւն կը հրահրէ եւ կը հեռացնէ հեռանկարը քաղաքական լուծումի մը, ներառեալ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը, որ միակ կարելին է»: «Այս կացութիւնը այլեւս չի կրնար շարունակուիլ, ազատ երթեւեկը պէտք է անյապաղ վերականգնուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մատակարարումը պէտք է աւելի լաւ երաշխաւորուի», աւելցուցած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը: