Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան 69 անդամներ` երկու կուսակցութիւններէն, դարձեալ հանդէս եկած են Ազրպէյճանին զինուորական օգնութիւնը դադրեցնելու եւ Արցախին ու Հայաստանին 150 միլիոն տոլարի օգնութիւն տրամադրելու կոչով: Այս մասին հաղորդեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Նախաձեռնութիւնը կը ղեկավարէ Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրենք Փալոն:
Ներկայացուցիչներու տան անդամները նամակ յղած են Պետական արտաքին գործառնութիւններու գծով յատկացումներու ենթայանձնախումբի նախագահ Մարիօ Տիաս Պալարթին եւ ենթայանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Պարպարա Լիին, որոնք արդէն սկսած են 2024 ֆինանսական տարուան արտաքին օգնութեան մասին օրինագիծի` Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան տարբերակի մշակումը:
«Միացեալ Նահանգներու Ազրպէյճանին շարունակական զինուորական օգնութիւնը կը ներկայացնէ «անցաթուղթ» ազրպէյճանական յարձակումի համար, կանաչ լոյս ազրպէյճանական մագլցումի համար: Ատիկա պէտք է դադրէր նախագահ Պայտընի պաշտօնավարութեան ճիշդ առաջին օրը. ան պաշտօնը ստանձնեց` իբրեւ Ալիեւը զինելու եւ օգնելու սուր քննադատ: Սակայն եթէ մեր նախագահը չընէ այն, ինչ որ ճիշդ է, ապա Քոնկրեսը պէտք է գործէ», ըսած է Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն Արամ Համբարեան: