Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միրզոյեան. «Խաղաղութեան Պայմանագիրի Բազմաթիւ Հարցերու Շուրջ Ոչ Իտէալական, Բայց Փոխընդունելի Ձեւակերպումներ Կարելի Եղած Է Գտնել»

Մարտ 25, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանն ու Ազրպէյճանը խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի շուրջ մէզմէկու փոխանցուող տարբերակներով ոչ իտէալական, բայց փոխընդունելի որոշ ձեւակերպումներ կրցած են գտնել, սակայն առաջին կարեւորութեան հարցերը տակաւին քննարկումներու փուլի մէջ են:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստին կառավարութեան ծրագիրի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին զեկուցումի ներկայացումին` անդրադառնալով «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ագնեսա Խամոյեանի հարցումին, թէ կա՞յ հարց մը, որուն շուրջ կարելի եղած է համաձայնութեան յանգիլ եւ, թէ որո՞ւն միջնորդութեամբ  տեղի կ՛ունենան խաղաղութեան պայմանագիրի առաջարկներու փոխանակումները:

Մինչեւ հիմա ստացուած է 4 ազրպէյճանական փաստաթուղթ եւ առայժմ 3 հայկական փաստաթուղթ: Վերջինը հայկական կողմը ստացած է եւ տակաւին չէ ձեւակերպած իր արձագանգը:

«Բազմաթիւ հարցերու շուրջ ոչ իտէալական, բայց փոխընդունելի ձեւակերպումներ կարելի եղած է գտնել: Ընդ որում, ես նոյնիսկ չեմ չափեր, թէ անոնցմէ քանին ազրպէյճանական առաջարկով, քանին` հայկական: Այսինքն` քննարկումներ, միտքերու փոխանակումներ եղած են, որոշակի փոխզիջումային բնագիրներ ձեւակերպուած են: Ցաւօք սրտի, ասիկա կը վերաբերի ոչ թէ առանցքային, առաջին կարեւորութեան հարցերու: Բոլոր առաջին կարեւորութեան հարցերը տակաւին քննարկումներու փուլի մէջ են: Եւ անոնց հիմնական մասին մէջ, չեմ վարանիր ըսել, կողմերուն դիրքորոշումները տակաւին բաւական հեռու են իրարմէ», ըսաւ Միրզոյեան:

Սակայն Ան վերահաստատեց, թէ բազմաթիւ այլ հարցերու մէջ, այլ նախադասութիւններու, միտքերու պարագային կարելի եղած է հասնիլ փոխզիջման:

Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ տեղեկացուց, որ այս բանակցային գործընթացին մէջ միջնորդութիւն չկայ, բանակցութիւնները ընդունուած է նկատել երկկողմանի: «Այլ բան, որ որեւէ այդպիսի քննարկում, հանդիպում եղած է որեւէ քաղաքի մէջ` որեւէ երրորդ երկրի կազմակերպումով, բացումով, ամփոփումով», ըսաւ Միրզոյեան:

Նախորդը

Ներկայացուցիչներու Տան 69 Անդամներ Կոչ Ուղղած Են Դադրեցնելու Ազրպէյճանին Զինուորական Օգնութիւնը

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 105-ի Լուծում

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 12, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները
Գաղութային

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մայիս 12, 2025
Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?