Ռուսիան երկուշաբթի օր կտրուկ կերպով զգուշացուցած է Հայաստանը Միջազգային քրէական դատարանի ուխտը վաւերացնելէ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ռուսական դիւանագիտական աղբիւր մը ԹԱՍՍ եւ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւններուն յայտնած է, թէ Մոսկուան Երեւանը տեղեակ պահած է, որ այդպիսի քայլ մը «չափազանց ժխտական» հետեւանքներ պիտի ունենայ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վրայ:
«Մոսկուան վերջերս Միջազգային քրէական դատարանի ռուսական ղեկավարութեան դէմ ապօրինի եւ իրաւական գետնի վրայ անվաւեր «հրամանագիրներու» լոյսին տակ բացարձակապէս անընդունելի կը գտնէ Երեւանի` Միջազգային Քրէական դատարանի Հռոմի ուխտին միանալու ծրագիրները», ըսած է անանուն աղբիւրը: