Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Խախտեց Եռակողմ Յայտարարութիւնը Եւ Որոշակի Դիրքային Յառաջխաղացում Կատարեց

Մարտ 28, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի զինուած ուժերը, անգամ մը եւս ոտնահարելով 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները, 25 մարտին Շուշի-Լիսագոր հատուածին մէջ խախտած են նոյն փաստաթուղթով ամրագրուած շփման գիծը եւ որոշակի դիրքային յառաջխաղացում ապահոված են Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մէջ:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի տեղեկատուական շտապը:

«Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու հերթական կոպիտ խախտման մասին անմիջապէս տեղեկացուցած են Ռուսիոյ դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան` հաշուի առնելով տուեալ փաստաթուղթով անոնց ստանձնած առաքելութիւնն ու գործառոյթները: Իշխանութիւնները խաղաղապահ զօրակազմէն կ՛ակնկալեն գործնական քայլերու ձեռնարկել տուեալ խախտումի հետեւանքներու վերացման ու նոր խախտումներու կանխարգիլման նպատակով:

Ազրպէյճանական կողմի կեղծ պնդումը Ստեփանակերտ-Ղայբալիշէն-Լիսագոր լեռնային ճամբան իբրեւ թէ զինամթերքի փոխադրման նպատակով գործածելու մասին պարզապէս պատրուակ է իրենց հերթական նախայարձակ ու ապակառուցողական գործողութիւններուն իրականացման համար: Այդ նոյն պնդումով անոնք 5 մարտին յարձակեցան ու սպաննեցին իրենց ծառայողական պարտականութիւնները կատարող երեք ոստիկան եւ վիրաւորեցին եւս մէկը:

Արցախի իշխանութիւնները քանիցս յայտարարած են, որ 12 դեկտեմբերէն մեկնարկած շրջափակման պայմաններուն մէջ տուեալ լեռնային ճամբան կ՛օգտագործուի Ստեփանակերտի եւ Շուշիի շրջանի չորս համայնքներու միջեւ քաղաքացիական ու հրատապ հաղորդակցութեան կազմակերպման համար, ինչ որ կ՛իրականացուի բարձր մեքենաներով` հաշուի առնելով տեղանքի խիստ բարդ ու վտանգաւոր մակերեսը:

Իսկ Պաշտպանութեան բանակի գոյութիւնն ու բնականոն գործունէութիւնը որեւէ վտանգ չի ներկայացներ ոեւէ մէկուն հանդէպ, քանի որ նախատեսուած է բացառապէս ինքնապաշտպանութեան համար` նկատի ունենալով Արցախի ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան ու անվտանգութեան դէմ ուղղուած իրական ու անմիջական վտանգներն ու սպառնալիքները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուս Խաղաղապահները Բանակցութիւններ Կը Վարեն

Ստեփանակերտ-ՂայբալիշԷն-Լիսագոր ճամբու յարակից բարձունքներէն մէկուն վրայ ազրպէյճանական զինուած ուժերու դիրքային յառաջխաղացումէն ետք Ռուսիոյ դաշնութեան խաղաղապահները դիրքաւորուած են տուեալ բարձունքին վրայ եւ կը վերահսկեն զայն: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին նշուած է Արցախի տեղեկատուական շտապի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ հաղորդագրութեան, միեւնոյն ժամանակ խաղաղապահները բանակցութիւններ կը վարեն ազրպէյճանական կողմին հետ` ապահովելու համար անոնց վերադարձը ելման դիրք:

Ատոր զուգահեռ` պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ձեռնարկած են եւ կը ձեռնարկեն համապատասխան քայլեր` կանխելու ազրպէյճանական հաւանական հետագայ սադրանքները եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, ապահովելու տուեալ լեռնային ճամբուն անվտանգ օգտագործումը:

Արցախի իշխանութիւնները մնայուն կապի մէջ են Ռուսիոյ դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ` իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ բոլոր հաւանական միջոցներուն ձեռնարկելու նպատակով:

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան
Յայտարարութիւնը

«Կ՛ակնկալենք, որ Ռուսիոյ դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմը գործնական քայլերու ձեռնարկի` վերացնելու Ազրպէյճանի կողմէ եռակողմ յայտարարութեան դրոյթների հերթական խախտման հետեւանքները», «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«25 մարտին Ազրպէյճանի զինուած ուժերը, հերթական անգամ կոպտօրէն խախտելով 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները, հատած են Արցախի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն հետ շփման գիծը եւ որոշակի դիրքային յառաջխաղացում ապահոված Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մէջ` Ստեփանակերտ-Լիսագոր ճամբուն ուղղութեամբ:

Նման գործողութիւններով Ազրպէյճան կը ձգտի ալ աւելի խստացնել Արցախի շրջափակումը` խզելով միակ կապը մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ հանրապետութեան Շուշիի շրջանի շարք մը գիւղերուն միջեւ: Միաժամանակ, ազրպէյճանական կողմը կը փորձէ իրականութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունեցող եւ շինծու յայտարարութիւններով արդարացնել իր իսկ անօրինական գործողութիւններն ու սադրանքները:

Արցախի շուրջ օղակը սեղմելու Ազրպէյճանի գործողութիւնները շնական պատասխան են Արցախը Հայաստանի հետ կապող Լաչինի միջանցքի անյապաղ ապաշրջափակման վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումին, եւ մարտահրաւէր` միջազգային իրաւակարգին:

Կ՛ակնկալենք, որ Ռուսիոյ դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմը գործնական քայլերու կը ձեռնարկէ` վերացնելու Ազրպէյճանի կողմէ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու հերթական խախտման հետեւանքները, ինչպէս նաեւ կանխարգիլելու նոր հաւանական խախտումները:

Նման պայմաններու մէջ հրամայական է միջազգային հանրութեան կողմէ միասնական կարծր դիրքորոշումի որդեգրումը` ստիպելու Ազրպէյճանին վերադառնալ իրաւական դաշտ եւ կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները:

Միջազգային հանրութիւնը եւ, մասնաւորապէս, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է որոշակի հաւաքական քայլերու ձեռնարկէ` ուղղուած Լաչինի միջանցքի անյապաղ բացման ու Ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան զսպման», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Յառաջխաղացումի Նոր Փորձ

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանում մը 27 մարտի ժամը 9:00-ի սահմաններու մէջ փորձած է յառաջխաղացում կատարել Ստեփանակերտ-Լիսագոր  լեռնային ճամբու յարակից բարձունքներէն մէկուն ուղղութեամբ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկանայ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն, նշուած հատուածին մէջ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող պաշտպանութեան բանակի զինուորներուն կանխարգելիչ գործողութիւններուն շնորհիւ ազրպէյճանական ստորաբաժանման յառաջխաղացման փորձը կասեցուած է:

Միջադէպին մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Արցախի Ներկայացուցիչներուն Դարձեալ Առաջարկած Է Պաքուի Մէջ Հանդիպիլ

Յաջորդը

Խմբագրական. Ժամային Տարբերութեան Սլաքները Լիբանանը Ետ Տարին Մինչեւ 1975

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?