Երէկ յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Լիբանանէն իսրայէլեան բնակեցման վայրերու ուղղութեամբ 100 հրթիռ արձակուած է 10 վայրկեանի մէջ:
Նոյն աղբիւրները հաղորդեցին, որ արձակուած հրթիռները «Քաթիուշա» եւ «Կրատ» տիպի հրթիռներ են, իսկ հրթիռարձակումը գործուած է պաղեստինեան Համաս շարժումին կողմէ:
Լիբանանէն գործուած ռմբակոծումին պատճառով վիրաւորուեցան իսրայէլացի երեք քաղաքայիններ` արեւմտեան Գալիլիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ արձանագրուեցան նիւթական մեծ վնասներ:
Իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն, հիւսիսային Իսրայէլի մէջ արձանագրուած ապահովական մագլցումները 2006-ի պատերազմէն ի վեր վատագոյնը նկատուեցան:
Այդ ուժերուն համաձայն, Իսրայէլի օդային պաշտպանութեան երկաթեայ գմբէթը գործած է կասեցնելու համար բնակեցման վայրերուն ուղղութեամբ հարաւային Լիբանանէն հասնող հրթիռները:
Իսրայէլեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ հարաւային Լիբանանէն հրթիռակոծումը գործուած է Շլոմիի եւ արեւմտեան Գալիլիոյ ուղղութեամբ:
Հիւսիսային Իսրայէլի բնակեցման վայրերուն, ինչպէս նաեւ Նահարիյա քաղաքին բոլոր ապաստանարանները բաց յայտարարուեցան:
Հիւսիսային Իսրայէլի օդակայանները անմիջապէս փակուեցան: Իսրայէլեան օդակայաններու եւ անցքերու իշխանութեանց որոշումով Հայֆայէն մինչեւ Լիբանանի հետ սահմանամերձ շրջանը երկարող օդային տարածքը փակուեցաւ:
Իսրայէլեան ուժեր անմիջապէս չհակադարձեցին ռմբակոծումին, սակայն
իսրայէլեան օդուժը իր հետախուզական օդանաւերով եւ անօդաչու թռչող սարքերով ցած մակարդակի վրայ թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ:
«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժեր հաւանական կը նկատեն, որ պաղեստինեան խմբաւորումներ Լիբանանէն արձակած ըլլան հրթիռները, իսկ հարաւային Սուրի շրջանին` Քլայլէի մէջ զգուշաւոր լռութիւն մը տիրեց, դէպի Իսրայէլ արձակուած հրթիռներէն ետք:
Աւելի ուշ սակայն, իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ Իսրայէլի օդային պաշտպանութեան երկաթեայ գմբէթը կրցած է լիբանանեան հողերէն արձակուած 34 հրթիռներէն 25-ը կասեցնել` աւելցնելով, որ 5 հրթիռներ ինկած են իսրայէլեան հողերուն վրայ, իսկ 4 այլ հրթիռներու ինկած վայրը տակաւին ճշդուելու ընթացքին մէջ կը գտնուի:
Ատրահի հաստատեց, որ Լիբանանէն Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակում կատարողը Համասն է` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ լիբանանեան հողերէն կատարուած են այդ վտանգաւոր արարքները:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նախագահեց բարձր մակարդակի ապահովական արտակարգ նիստի մը` հետապնդելու համար զարգացումները եւ Լիբանանի կողմէ կատարուած ռմբակոծումին մասին յստակ որոշումներ կայացնելու:
Աւելի ուշ «Հատաս» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի սեղմ կառավարութեան գումարած արտակարգ նիստէն ետք Իսրայէլ ուժգին պիտի հակադարձէ իր դէմ գործուած ռմբակոծումին:
«Սի. Էն. Էն.» կայանը իր կարգին հաղորդեց, թէ իսրայէլացի պատասխանատու մը հաստատած է, որ Իսրայէլ հարաւային Լիբանանէն գործուած ռմբակոծումին հակադարձելու ժամն ու վայրը պիտի ճշդէ:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտ հաստատեց, որ ոչ ոք պէտք է փորձէ զիրենք, որովհետեւ իրենք պէտք եղած ապահովական միջոցառումներուն պիտի դիմեն` պաշտպանելու համար իրենց երկիրը:
Լափիտ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելու Իսրայէլի վրայ յարձակում գործող պատասխանատուներուն հասցէին:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի «Թիւ 12» կայանին համաձայն, Լիբանանի դէմ պատերազմ պիտի չսանձազերծուի, սակայն գործուած ռմբակոծումը պիտի հակադարձուի:
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը իր պաշտօնէութենէն խնդրեց ապաստանարաններ ուղղուիլ:
Ապա ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը յայտնեց, թէ հետաքննութիւն բացած է իմանալու համար հրթիռարձակումի պատասխանատուներուն ինքնութիւնը:
ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը հաստատեցին, որ ներկայիս տիրող կացութիւնը շատ վտանգաւոր է, եւ կոչ ուղղեցին բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու:
Միւս կողմէ, լիբանանեան ապահովական աղբիւրներու համաձայն, հարաւային Լիբանանէն արձակուած են 20-30 հրթիռներ:
«Ռոյթըրզ» իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ շեշտեց, որ հրթիռարձակումին պատասխանատուն Լիբանանի պաղեստինեան խմբաւորումներն են եւ ոչ թէ Հըզպալլան:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանան պատրաստ է գործակցելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ, ինչպէս նաեւ յարմար միջոցառումներուն դիմելու` վերահաստատելու համար խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց մագլցողական քայլերու ձեռնարկելու Իսրայէլի մտադրութենէն` հաստատելով, որ այդ այդ մտադրութիւնները կը սպառնան շրջանային եւ միջազգային կայունութեան:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ հանդարտութեան ու կայունութեան պաշտպանութեան եւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային ընտանիքին` կասեցնելու մագլցումները:
Լիբանանեան բանակը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Զըպքինի եւ Քլայլէի կից շրջաններուն մէջ գտած է հրթիռային մարտկոցներ, ինչպէս նաեւ լարուած հրթիռներ եւ աշխատանք տարած զանոնք անջատելու:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական մագլցումներուն` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Իսրայէլի դէմ Կազայէն եւ Լիբանանէն գործուած ռմբակոծումները:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Իսրայէլի դէմ գործուած ռմբակոծումը` հաստատելով Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը:
Սպիտակ տունը հաստատեց, որ Իսրայէլը ռմբակոծելու համար Լիբանանը իբրեւ խարիսխ օգտագործողը լիբանանցի ժողովուրդը վտանգի կ՛ենթարկէ:
ՄԱԿ իր կարգին դատապարտեց Լիբանանէն Իսրայէլը ռմբակոծելու արարքը եւ կոչ ուղղեց ինքնազսպումի:
Յորդանանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի հաստատեց, որ իրենք մտահոգ են լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանամերձ շրջանին մէջ արձանագրուած մագլցումներուն հարցով:
Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատունը իր քաղաքացիներուն խորհուրդ տուաւ զգուշանալու` հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական մագլցումին լոյսին տակ:
ՄԻՆՉ դատապարտումի ալիքը կ՛ընդարձակուէր, երեկոյեան ժամը 7:15-ին արձանագրուեցաւ այլ ռմբակոծում մը, որ թիրախ դարձուց Մթըլլէ իսրայէլեան բնակեցման վայրը:
Մերժահիունի հովիտէն հրասանդի երեք հրթիռներ արձակուեցան դէպի Մթըլլէ:


